ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԱՃԱԾ

Անցեալ տարի Մատենադարան այցելած է 113 հազար հոգի։ Այսպէս, Հայաստանի Մեսրոպ Մաշտոց Մատենադարանի հին ձեռագրերու գիտահետազօտական կաճառը 2018 թուականին ունեցած է 113 հազար այցելու, իսկ Արցախի մասնաճիւղը՝ 16 հազար:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ ամփոփելով 2018 թուականին իրականացուած աշխատանքները, այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ Մեսրոպ Մաշտոց Մատենադարանի հին ձեռագրերու գիտահետազօտական կաճառի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան:

«Անցեալ տարուայ համեմատ Երեւանի մէջ շուրջ 4000-ով աճած է Մատենադարանի այցելուներու թիւը։ Արցախի համար ալ այս թիւը բաւականին մեծ ցուցանիշ է», նշեց Տէր-Ղեւոնդեան:

Անդրադառնալով Մատենադարանի իրականացուցած հրատարակութիւններու որակական եւ քանակական արդիւնքներուն՝ ան նկատեց, որ անոնք գոհացուցիչ են:

«Եթէ նայինք գիրքերու, մենագրութիւններու, յօդուածներու, զեկուցումներու, մատենաշարներու, գիտական պարբերականի ընթացքը, ապա այս բոլոր արդիւնքները գոհացուցիչ են: Հրատարակուած է «Մատենագիրք հայոց»ը՝ նուիրուած Ներսէս Շնորհալիի չափածոյ գործերուն: Յառաջիկային լոյս կը տեսնէ արձակ գործերուն նուիրուած հատոր մը: Երեսուն տարի անց լոյս տեսած է նաեւ «Հայերէն ձեռագրերու յիշատակարաններ» գիրքը», ըսաւ ան եւ յաւելեց, որ Մատենադարանի ֆոնտը համալրուած է՝ նուիրաբերուած է 51 ձեռագիր, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով արխիւներ:

Շաբաթ, Ապրիլ 13, 2019