ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՆԵՐԴՐՈՒՄ

Տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու ոլորտէն ներս գործունէութիւն ծաւալող «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութիւնը, որ Հայաստանի յառաջատարներէն մին է, ներկայիս ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէ երկրի մարզերէն ներս մասնագէտներ պատրաստելու խնդրին վրայ։ «Սինոփսիս Արմենիա»ի եւ Հայաստանի Պետական փոլիթեքնիկ համալսարանի Երեւանի եւ Կիւմրիի մասնաճիւղերուն միջեւ վերջերս կնքուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր մը։ «Սինոփսիս Արմենիա»ի նախագահ Երուանդ Զօրեան յայտնեց, որ ընկերութիւնը մեծապէս կը կարեւորէ Հայաստանի մէջ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու բնագաւառի զարգացումը, որովհետեւ այդ զարգացումէն կախում ունի նաեւ իր իսկ յառաջընթացը։ Ըստ Երուանդ Զօրեանի, Հայաստանին յատուկ է ուսումնական ծրագրերու պատրաստումը, երիտասարդները զանազան ոլորտներու մէջ ներգրաւելը, ուստի ընկերութիւնը նմանատիպ նախագծերով հանդէս կու գայ՝ համագործակցելով չորս համալսարաններու մէջ Երեւանէ ներս։ Ամենաբեղմնաւոր համագործակցութիւնը Փոլիթեքնիկ համալսարանի Երեւանի մասնաճիւղին հետ է։ Զօրեանի համոզմամբ, այժմ եկած է ժամանակը, որպէսզի «Սինոփսիս Արմենիա» ուսումնական ծրագրերը տարածէ նաեւ մարզերու մէջ եւ նոր ուժեր պատրաստէ այս բնագաւառի զարգացման համար։

Երուանդ Զօրեան «Սինոփսիս Արմենիա»ի կողմէ մշակուած այս նախագծի հիման վրայ յուշագիր մըն ալ ստորագրեց Փոլիթեքնիկ համալսարանի վերատեսուչ Ոստանիկ Մարուխեանի եւ նոյն համալսարանի Կիւմրիի մասնաճիւղի տնօրէն Աշոտ Պապոյեանի հետ։

«Սինոփսիս»ը Հայաստան մուտք գործած է 2004 թուականին՝ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու ոլորտի երկրի գերակայ ուղղութիւն հռչակումէն վերջ։ 2007 թուականի մայիսին այս ընկերութիւնը Երեւանի մէջ կառուցած է գերժամանակակից գիտաարտադրական կեդրոն մը։ «Սինոփսիս Արմենիա»ն 2009 թուականէն ի վեր այդ ընկերութեան Միացեալ Նահանգներու տարածքէն դուրս գործող ամենամեծ ստորաբաժանումներէն մին է, որ կը զբաղի գիտահետազօտական, ճարտարագիտական աշխատանքով ելեկտրոնիկ նախագծման ինքնագործ դառնալով, արտադրութեան համար նախագծման, կիսահաղորդչային մտաւոր սեփականութեան մշակման ուղղութեամբ։ 2004-2008 թուականներուն այս ընկերութիւնը Հայաստանէ ներս կատարած է 1.3 միլիառ ամերիկեան տոլար արտադրական, կրթական, փորձագիտական ներդրումներ։

Շաբաթ, Ապրիլ 13, 2019