ԳԱՀԻՐԷ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ

Եգիպտոսի Արտաքին գործոց նախարար Սեմիհ Շիւքրի յայտարարեց, որ իր երկիրը կողմնակից է Թուրքիոյ հետ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու։ Ըստ իրեն, սա պէտք է ըլլայ ի նպաստ երկու կողմերու երկխօսութեամբ եւ միջազգային իրաւունքի կանոններուն համապատասխան ձեւով։

Սեմիհ Շիւքրի տեղական հեռուստակայանի մը տուած հարցազրոյցին ժամանակ մանրամասնութիւններ ներկայացուց Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի բովանդակութեան շուրջ։ Իր խօսքով՝ Թուրքիա գնահատանքի կ՚արժանանայ վերջին շրջանի իր յայտարարութիւններով եւ շարժոյթներով։ Եգիպտական կողմը կարեւորութիւն կ՚ընծայէ անցնիլ քաղաքական նախաձեռնութեան այն փուլին, որով երկկողմանի յարաբերութիւններու շրջանակը պիտի բնորոշուի։ Շիւքրի մատնանշեց, որ Չավուշօղլուի հետ Ռամազանի սկիզբի առթիւ զրուցած են հեռաձայնի վրայ՝ փոխանակելով շնորհաւորութիւններ։ Հարկ է նշել, որ երկու նախարարները զրուցած էին անցեալ ուրբաթ։

Սեմիհ Շիւքրի դիտել տուաւ, որ Թուրքիա Եգիպտոսի կարեւորութեան վերաբերեալ յայտարարութիւններով հանդէս եկած է եւ  հեռախօսազրոյցն ալ տեղի ունեցած է այդ ազդանշաններուն զուգահեռ։ «Եգիպտոս պատրաստակամ է՝ երկու կողմերու տեսակէտէ նպաստաւոր երկխօսութեան եւ առանց շահերը վնասելու, միջազգային իրաւական կանոններու համապատասխան յարաբերութիւններ հաստատելու», ըսաւ Շիւքրի։

Եգիպտացի նախարարը հարցազրոյցին մէջ նաեւ ընդգծեց, որ Գահիրէի ղեկավարութիւնը կը կարեւորէ քաղաքական քննարկումներու ձեռնարկելը, երբ ստեղծուի յարմար գետինը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2021