ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ՅԱՄԱՌ ՔԱՅԼԵՐ

Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին յայտարարեց, որ Ատրպէյճանէ ներս գտնուող հայ գերիներու հարցի լուծումը իր երկրի առաջնահերթութիւններէն է։ Ռուս դեսպանը երէկ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին յայտնեց, որ Մոսկուա այս ուղղութեամբ յամառ աշխատանք կ՚իրականացնէ։ Իր խօսքով՝ այս մասին կը խօսի ռուսական ղեկավարութիւնը եւ հարցը առաջնահերթութիւն մըն է թէ՛ Մոսկուայի վարչախումբին եւ թէ խաղաղապահ զօրախումբին տեսակէտէ։ Յամառ աշխատանքի շնորհիւ որոշ յառաջխաղացումներ եղած են։ Քոփիրքին նշեց, որ այդ աշխատանքները կը շարունակուին։

Մինչ այդ, Ռուսաստանի նախկին արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասին յայտարարեց, որ կարեւոր կը նկատուի՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի շարունակումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ։ Կրիկորի Քարասին ներկայիս կը ղեկավարէ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խորհուրդի միջազգային հարցերով յանձնաժողովը։ «Քոմերսանտ»ին տուած ծաւալուն հարցազրոյցին մէջ ան կրկնեց Մոսկուայի կողմէ պարբերաբար կատարուած պաշտօնական յայտարարութիւնները, ըստ որոնց հիմնախնդրի կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս։

«Կը կարծեմ, թէ անոնք՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կրնան օգտակար դեր մը խաղալ։ Այս եռեակը ունի փորձառութիւն եւ պատկառելի արտաքին աջակցութիւն։ Կարելի է վերսկսիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու կանոնաւոր հանդիպումներու գործնականութիւնը։ Սա միջազգային մեծ արձագանգ կը ստանայ», յայտնած է Կրիկորի Քարասին, մինչ «Քոմերսանտ» կը յիշեցնէ, որ պատերազմէն յետոյ տակաւին որեւէ հանդիպում տեղի չէ ունեցած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ։ Բոլորովին վերջերս անոնք Մոսկուայի մէջ մասնակցեցան ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հերթական հաւաքին։ Առանձին հանդիպումներ ալ ունեցան Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, սակայն եռակողմանի բանակցութիւններ տեղի չունեցան։

Ինչպէս հրադադարի հաստատումէն վերջ կ՚ընեն Ռուսաստանի բոլոր պաշտօնատարները՝ այնպէս ալ Կրիկորի Քարասին այս հարցազրոյցին մէջ մատնանշեց նախագահ Վլատիմիր Փութինի դերակատարութիւնը ռազմական գործողութիւններու դադրեցման ուղղութեամբ։ Քարասինի խօսքով՝ առաջին հերթին պէտք է ընդգծել, որ Փութինի պատասխանատու եւ եռանդուն դիրքորոշումը ապահոված է արիւնահեղութեան դադրեցումը եւ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան հաստատուիլը։ Նախկին դիւանագէտը զգալի ձեռքբերում համարած է, որ այսօր տարածքաշրջանէ ներս հրադադարը կը վերահսկեն ռուս խաղաղապահները։ Իր համոզմամբ, ներկայիս հարցերու հիմնական մասը կապուած է մարդասիրական խնդիրներու լուծման՝ ռազմագերիներու փոխանակման աւարտի, զոհուածներու մարմիններու, փախստականներու վերադարձի եւ անոնց բնակութեան համար պատշաճ պայմաններու ստեղծման հետ։ Քարասին ընդգծեց, որ սուր բնոյթ ունի Լեռնային Ղարաբաղի տարածքի եւ անոր մերձակայ շրջաններու ականազերծման հարցը։

Մոսկուայի պաշտօնական մօտեցումն է, որ այսօր թիւ մէկ խնդիրը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կողմերու միջեւ վստահութեան հաստատումն է։ «Քոմերսանտ»ին տուած հարցազրոյցին մէջ Կրիկորի Քարասինն ալ նշած է, որ այս ուղղութեամբ արդէն յստակ քայլեր առնուած են։ Ըստ իրեն, Փութինի նախաձեռնութեամբ կը շարունակուի քաղաքական հարցերու քննարկումը, կ՚ընթանան հանգուցալուծումներու որոնումները։ Նոյնպէս Քարասինի խօսքով՝ աշխուժօրէն կ՚աշխատի եռակողմանի յանձնաժողովը՝ փոխ-վարչապետներու մակարդակով, քննարկելով տնտեսական, փոխադրութեան եւ լոժիստիք խնդիրները։ Կրիկորի Քարասին համոզուած է, թէ շատ բան կախուած է այն հանգամանքէն, որ կողմերու միջեւ որքան շուտ հնարաւոր կ՚ըլլայ վստահութիւն հաստատել։

ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այս առաւօտ տեսակցեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի հետ։ Նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Լաւրով եւ Զարիֆ կարեւորեցին հարցի տեւական կարգաւորումը։ Այսպէս, Մոսկուա եւ Թեհրան կը կարեւորեն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի քաղաքական-դիւանագիտական տեւական կարգաւորումը։ Այս համատեսքին մէջ Լաւրով եւ Զարիֆ քննարկեցին տարածքաշրջանի երկիրներու հաւանական դերակատարութիւնը։

Սերկէյ Լաւրով Ճեւատ Զարիֆին ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի առկայ իրավիճակը, այնտեղ Ռուսաստանի կողմէ ի գործ դրուած միջնորդական ջանքերը, որոնց շնորհիւ կը պահպանուի հրադադարը։ «Մենք ընդգծեցինք հակամարտութեան հետեւանքներու յաղթահարման եւ ընդհանուր առմամբ քաղաքական-դիւանագիտական տեւական կարգաւորման հասնելու կարեւորութիւնը՝ արդար հիմքի վրայ եւ ի շահ հայ եւ ատրպէյճանցի ժողովուրդներու։ Քննարկեցինք նաեւ, թէ այդ գործընթացին մէջ ինչ դերակատարութիւն կրնան ունենալ տարածքաշրջանի երկիրները», յայտնեց Լաւրով։

Թեհրանի մէջ ռուս նախարարը ընդունուեցաւ նաեւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի կողմէ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2021