ԱՅՍ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Այս տարուան գարնան, Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ դարաւոր օրաթերթի յարգարժան խմբագիրէն՝ տիար Արա Գօչունեանէն առաջարկ մը ստացայ՝ նոյն օրաթերթի բազմերախտ գրիչներէն, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան արժանաւոր հոգեւոր սպասաւորներէն մէկուն՝ Արժանապատիւ Տէր Մաշտոց Քահանայ Գալփաքճեանի նոյն թերթին մէջ ցարդ հրապարակուած գրութիւններէն հատոր մը կազմելու համար՝ որպէս շնորհապարտութիւն հեղինակ տէր հօր երկար տարիներու վաստակին:

Տէր Մաշտոցը անձնապէս ճանչնալու առիթ չեմ ունեցած: Սակայն, զինք իր գրութիւններուն ընդմէջէն ճանչնալու պատեհութիւնը ունեցած եմ: Մօտիկ անցեալին երբեմն-երբեմն երբ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը թերթատած եմ, ուշադրութենէս չեն վրիպած տէր հօր գրութիւնները, իսկ վերջին տարիներուն, երբ այս տողերը արձանագրողին ալ շնորհը ընծայուեցաւ անդամը դառնալու ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մեծ ընտանիքին, Տէր Մաշտոցին հետ ամէնօրեայ հանդիպումները գրեթէ անխուսափելի դարձան…, եւ երբ գարնան տիար Գօչունեանէն ստացայ առաջարկը տէր հօր գրութիւններէն հատոր մը կազմելու, ոգեւորութեամբ ընդունեցի եւ լծուեցայ հատորի կազմութեան գործին: Եւ, այսօր, հատորը արդէն պատրաստ է եւ կը դրուի ընթերցողներու տրամադրութեան տակ։ Անոնցմէ շատերուն համար հատորիս արժանապատիւ հեղինակը արդէն հարազատ եւ սիրելի անձնաւորութիւն է դարձած:

Տէր Մաշտոցը, արդարեւ, անցնող աւելի քան հինգ տասնամեակներուն անբաժան մասը դարձած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին՝ ամէնօրեայ ներկայութիւն ապահովելով թերթի էջերուն վրայ, իր բազմազան նիւթեր արծարծող գրութիւններով: Այս իրողութիւնը նկատի ունենալով հատորը «Կեանքը որ կ՚ապրինք» վերնագրեցինք՝ արժանապատիւ հօր յօդուածներէն մէկուն խորագիրը վերցնելով, որովհետեւ ընթերցողը սոյն հատորին մէջ պիտի հանդիպի իր կեանքի գրեթէ բոլոր երեսակները յուզող գրութիւններու, զորս հեղինակը այնքան դիւրամատչելի, դիւրըմբռնելի, պարզ եւ սահուն ոճով արձանագրած է, այնպիսի հարցեր արծարծած եւ լուծումներ տուած է, որ իւրաքանչիւր ընթերցող այս հատորը կարդալով՝ պիտի կարենայ զինք յուզող բազմաթիւ հարցումներու պատասխանները գտնել: Աւելին, հոգեւոր եւ բարոյական բնոյթով իր գրութիւններուն մէջ տէր հայրը նկատել տալով, որ երկրային կեանքը, զոր կ՚ապրինք՝ ժամանակաւոր է, միաժամանակ, յաճախ կը շեշտէ այդ կեանքին երկնային կեանքի նախակարապետը ըլլալու հանգամանքը: Այս ուղղութեամբ, «Կեանքը որ կ՚ապրինք» գրութեան մէջ կը կարդանք. «Յաճախ կ՚անդրադառնանք, թէ կեանքը՝ մարդուն շնորհուած ժամանակաւոր ժամանակամիջոց մըն է այս աշխարհին վրայ։ Անշուշտ այս իմաստով կեանքը յատուկ նշանակութիւն մը ունի, բայց իր ամենալայն առումով կեանքը շատ աւելին է, ինչպէս կ՚ըսէ Մայր Թերեզան, կեանքը շատ բան է՝ կեանքը «կեա՛նք» է, այսինքն ապրելու առիթ մը, գոյութիւն ունենալու միջոց մը, անժամանակ բարոյական կեանքին մէկ մասը, մէկ շրջանը, ուր մարդ կ՚ապրի երկրի վրայ, նպատակ ունենալով երկնային բարոյական իսկական եւ ամբողջ կեանքը…»:

Իսկ «Կեանքը որպէս արժէք» յօդուածին մէջ արժանապատիւ հայրը կը գրէ. «Եթէ մարդ կայ, կեանք ալ կայ, եւ եթէ կեանք կայ, մարդ ալ կայ… ըսենք, եւ անցնինք…։ Բայց այդ կեանքը որ կայ, ինչպէ՞ս «պէ՛տք է ապրիլ», կարեւորը այդ է։ Կեանքը պէտք է ապրիլ «արժէք»ի սկզբունքին կապուած ըլլալով, մարդկային գոյութեան բոլոր երեսակներովը։ Եւ երբ կեանքը կ՚ապրուի արժէքի սկզբունքով, այն ատեն կեանքը ստեղծագործութիւն մըն է՝ կառուցում մը եւ արտադրութի՛ւն մը…»: Արդարեւ այս հատորը քահանայ հօր սոյն մտածումին վկայութիւնն է:

Հատորը կազմելու աշխատանքներու ընթացքին զայն բաժնած ենք տասն մասերու՝ հետեւեալ խորագիրներով.

- Սուրբգրային

- Կրօնաբարոյական

- Եկեղեցագիտական

- Մեծ պահքի կիրակիներ - Աւագ շաբաթ

- Տօներ

- ԺԱՄԱՆԱԿ

- Մշակութային

- Երէցկին Աննիկ Գալփաքճեան եւ վերամուտի խոհեր

- Համայնքային

- Դէմքեր

Վերոյիշեալ բաժիններուն ներքեւ պարունակուած գրութիւնները քահանայ հօր վերջին տասնհինգ տարիներու գրութիւններէն ծաղկաքաղ մըն է պարզապէս: ԺԱՄԱՆԱԿ-ի թիւերուն մէջ անոր գրիչին պատկանող գրութիւնները մի քանի հատորներ կը կազմեն եւ ուրախալի պիտի ըլլայ, եթէ գտնուին ոմանք, որոնք այդ գործին համար պէտք եղած աջակցութիւնը տրամադրեն, որպէսզի այդ գրութիւնները ի մի հաւաքուին մի քանի հատորներու մէջ:

Հատորը պատրաստելու ժամանակ միօրինակութիւն ապահովելու համար կատարած ենք որոշակի ուղղագրական եւ քերականական փոփոխութիւններ: Հատորի աւարտին տեղադրած ենք սուրբգրային, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր:

Բարի ուղեւորութիւն «Կեանքը որ կ՚ապրինք» հատորի էջերուն մէջ յարգելի ընթերցող: Կարդալու ժամանակ ալ ձեր աղօթքներուն մէջ յիշեցէք բազմերախտ հեղինակը՝ արեւշատութիւն եւ քաջառողջութիւն խնդրելով Բարերարէն անոր եւ բոլորին համար:

Կազմող՝
ՎԱՐԱՆԴ (ՅԱԿՈԲ) ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

13 նոյեմբեր 2021, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2022