ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԽՆԴՐԵԼՈՒ ՊԱՀԸ

Հայաստան դասուած է աշխարհի տասն ամենէն ապահով երկիրներու շարքին։ Բայց եւ այնպէս, 2022 տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ պատահած է յանցագործութեան 37 հազար 612 դէպք՝ նախորդ տարուան համեմատաբար 24.4 տոկոս աճ արձանագրելով։ Մտահոգիչ է եւ քաղաքական բեւեռացած մթնոլորտը չ՚օգներ, որ վիճակը բարելաւուի։

Ապրիլ ամսուան սկիզբը Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխաններու շրջանակին մէջ արձանագրուեցան անհանդուրժողութեան եւ բռնութեան կարգ մը երեւոյթներ, որոնք թեթեւ յանցագործութեան դէպքեր ըլլալով հանդերձ՝ ցուցիչն են աւելի խոր, արմատական անհանդուրժողութեան եւ իշխանութեան դիրքի չարաշահումի։ Քաղաքական ընդդիմութեան մէջ նկատելի է իշխանափոխութեան ընդյատակեայ, դեռ աւելի ծանր՝ մինչեւ մահուան սպառնալիքի երեւոյթը, որ յատկապէս 2020-ի պատերազմէն ետք շեշտուած կերպով կը շարունակուի։

Ծաղկազարդի կիրակի օրը միջադէպ մը յատուկ արձագանգ գտաւ Հայաստանի առաջին նախագահին՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ցնցիչ յայտարարութեան պատճառով, երբ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան դաշնակցական երիտասարդի մը երեսին թքեց՝ հակազդելով վերջինիս իր հասցէին ուղղած «դաւաճան» արտայայտութեան։ «Ալէն Սիմոնեանի արարքը մեր պետականութեան վարկին հասցուած ամենամեծ վնասն է», կը յայտարարէր Տէր-Պետրոսեան եւ կը թելադրէր Ազգային ժողովի նախագահին հրաժարականը։

Արձագանգելով Տէր-Պետրոսեանի հրաժարականի պահանջին՝ Ալէն Սիմոնեան արդարացուց ինքզինք. «Ես չեմ կրնար անարձագանգ թողել լկտիութիւնն ու խուլիկանութիւնը»։ Սակայն, Հայաստանի առաջին նախագահին հակազդեցութիւնը անարձագանգ չմնաց. հակառակ իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան կարգ մը ներկայացուցիչներու՝ իրենց գործընկերոջ պաշտպանութեան փութալուն, կառավարութիւնը. յանձինս՝ կրթութեան նախարարուհիին, արձագանգեց. «Կը կարծեմ՝ նման միջադէպերը պատիւ չեն բերեր, պաշտօնը կ՚ենթադրէ նաեւ հանրային վարքագիծ»։ Վարչապետ Փաշինեանի տղան եւս սուր կերպով ժխտեց Ալէն Սիմոնեանի տարածած լուրը, թէ ինք եւս յարձակումի ենթարկուած է։ Այս դէպքերէն ետք, Սիմոնեան հրապարակաւ ներողութիւն խնդրեց։

Թերեւս առաջին անգամն է, որ Հայաստանի իշխանութեան առաջնակարգ ներկայացուցիչ մը նման քայլի մը կը դիմէ, ինչ որ մեծ յառաջդիմութիւն է՝ իշխանութեան գլուխ գտնուող մարդոց ամենաթողութեան դիմաց։ Իսկապէս մեծ յառաջընթաց կայ՝ մանաւանդ եթէ բաղդատենք Քոչարեանի նախագահութեան օրօք, 2001-ին, Պօղոս Պօղոսեանի մահուան դէպքին հետ, երբ նոյնպէս երիտասարդ դաշնակցական մը Երեւանի «Առագաստ» սրճարանի զուգարանին մէջ Ռոպերթ Քոչարեանի թիկնապահներուն կողմէ ծեծի տակ սպաննուեցաւ՝ պարզապէս որովհետեւ յանդգներ էր նախագահին «փրիվետ Ռոպ» (բարեւ Ռոպ) ըսել։ Դատարանը մեղաւոր ճանչնալով հանդերձ թիկնապահ Աղամալ Յարութիւնեանը, զինք միայն երկու տարի բանտարկութեան դատապարտեց՝ այն ալ մէկ տարուան փորձաշրջանով, ինչ որ գրեթէ անպարտ արձակելու ձեւ մըն էր։

Այսուհանդերձ, քաղաքացիական կարգ մը կազմակերպութիւններ. ինչպէս՝ «Իրազեկ քաղաքացիներ»ը, կը պահանջեն Ազգային ժողովի էթիկայի (բարոյագիտութեան) յանձնաժողովի գումարումը՝ քննելու համար միջադէպը։

Նոյնքան ծանրակշիռ է Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխան Մհեր Սահակեանի յարձակումը՝ Պետական իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Վլատիմիր Վարդանեանի վրայ։ Սակայն այս առթիւ տակաւին ներողութիւն չէ հնչած։

Երրորդ միջադէպը, որ թերեւս ամենէն ծանրակշիռն է, Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպանի թափուր մնացած պաշտօնին նոր թեկնածուի մը ընտրութեան առթիւ ծագած լեզուակռիւն է։ Ընդդիմութեան թեկնածու Էտկար Ղազարեան գործող իշխանութիւնը «յանցաւոր ռեժիմ» որակած է՝ մինչ նոյն պահուն Ազգային ժողովի շէնքին դիմացը իր խումբ մը պաշտպաններ բարձրաձայն յայտարարած են, թէ «նիկոլականներուն մարմինները պէտք է Երեւանի ծառերէն գլխիվայր կախել»։

Մինչ այդ, Արցախ չորս ամիսէ ի վեր շրջափակման մէջ է ու ոչնչացման վտանգի դէմ յանդիման, իսկ Հայաստան դեռ չէ վերագտած իր ինքնապաշտպանական ու անվտանգային համակարգը։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2023