ԵՐԵՒԱՆ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱՑ ԿԵԴՐՈՆ

Ե­րե­ւան հռչա­կուե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի ու­սա­նո­ղա­կան մայ­րա­քա­ղաք։ «Ար­մէն­փրէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեան այս շրջագ­ծով վեր­ջերս հիւ­րըն­կա­լեց Եւ­րո­պա­կան ու­սա­նո­ղա­կան միու­թեան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը, ո­րուն կ՚ու­ղեկ­ցէին Հա­­յաս­տա­նի Ու­սա­նո­ղա­կան ազ­գա­յին ըն­կե­րակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րը։ Հիւ­­րե­րը այս ու­ղե­ւո­րու­թեան ձեռ­նար­կած էին Ե­րե­ւա­նի Եւ­րո­պա­կան ու­սա­նո­ղա­կան մայ­րա­քա­ղաք հռչակ­ման բե­րու­մով։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Տա­րօն Մար­գա­րեան այս առ­թիւ ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ զրու­ցեց եւ­րո­պա­ցի ու­սա­նող­նե­րուն հետ եւ խրա­խու­սա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ ու­նե­ցաւ գործ­նա­կան ծրագ­րեր կեան­քի կո­չե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2015