ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան), Փիէռ Անտ­րիօ (Ֆրան­սա) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Կասպր­չիկ ե­րէկ հան­դէս ե­կան հա­մա­տեղ կա­րե­ւոր յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ ապ­րուած վեր­ջին ռազ­մա­կան լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած առ­կայ մթնո­լոր­տին մէջ ա­նոնք յայտ­նեց, թէ ե­կած է Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հան­դիպ­ման ժա­մա­նա­կը։ Ներ­կա­յիս նա­խա­գահ­նե­րու մա­կար­դա­կով նոր ժա­մադ­րու­թեան մը հա­մար ջան­քեր կը գոր­ծադ­րուին միջ­նորդ­նե­րուն կող­մէ։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան եր­կա­րա­ժամ­կէտ կար­գա­ւոր­ման ո­րո­նում­նե­րուն շրջագ­ծով հա­ւա­նա­կան կը նկա­տուի, որ Սերժ Սարգ­սեան եւ Իլ­համ Ա­լիեւ յա­ջորդ շա­բաթ տե­սակ­ցին Վիեն­նա­յի մէջ։ Մինչ այդ, կը հա­ղոր­դուի, որ Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րուն ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը՝ Ճոն Քե­րի (ԱՄՆ), Սէր­կէյ Լաւ­րով (Ռու­սաս­տան) եւ Ժան-Մարք Էյ­րօ (Ֆրան­սա) եւս մտա­դիր են մաս­նակ­ցիլ նա­խա­գահ­նե­րուն մի­ջեւ նա­խա­տե­սուած այս հան­դիպ­ման։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը ե­րէ­կուան յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ վե­րա­հաս­տա­տե­ցին ի­րենց յանձ­նա­ռու­թիւ­նը՝ հա­կա­մար­տու­թեան տե­ւա­կան կար­գա­ւո­րու­մը ա­պա­հո­վե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ «Վեր­ջին բռնու­թիւն­նե­րը եւ շփման գծի վրայ լա­րուա­ծու­թիւ­նը նուա­զեց­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան լոյ­սին ներ­քեւ կը հա­ւա­տանք, որ ե­կած է Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րուն հան­դիպ­ման ժա­մա­նա­կը։ Մեր ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը պատ­րաստ են նպաս­տե­լու այդ հան­դիպ­ման կազ­մա­կերպ­ման յա­ջորդ շա­բաթ Վիեն­նա­յի մէջ։ Ա­նոնց հիմ­նա­կան խնդի­րը պի­տի ըլ­լայ ամ­րապն­դել հրա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը եւ հաս­նիլ վստա­հու­թեան մի­ջոց­նե­րու շուրջ հա­մա­ձայ­նու­թեան, ինչ որ բա­րեն­պաստ պայ­ման­ներ պի­տի ստեղ­ծէ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու վերսկս­ման հա­մար՝ յա­նուն հա­մա­պար­փակ կար­գա­ւոր­ման, հիմ­նուած քննար­կուող հիմ­նա­րար տար­րե­րու եւ սկզբունք­նե­րու վրայ», նշուած է միջ­նորդ­նե­րու յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը շեշ­տած են, թէ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը յա­ջո­ղու­թիւն պի­տի չու­նե­նան, ե­թէ բռնու­թիւ­նը շա­րու­նա­կուի։ Չի կրնար խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տուիլ, ա­ռանց բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի։ Ա­նոնք հաս­տա­տե­ցին, որ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը չի կրնար ու­նե­նալ զի­նեալ  կար­գա­ւո­րում։

Ե­րե­ւա­նի եւ Ստե­փա­նա­կեր­տի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը ե­րէկ ան­մի­ջա­պէս ար­ձա­գան­գե­ցին միջ­նորդ­նե­րու այս յայ­տա­րա­րու­թեան։ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Շա­ւարշ Քո­չա­րեան «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան յայ­տա­րա­րեց, որ հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րել հնա­րա­ւոր է միայն Ար­ցա­խի լիար­ժէք մաս­նակ­ցու­թեան պա­րա­գա­յին։ Հա­յաս­տա­նի մէջ իշ­խա­նու­թեան գլուխ գտնուող Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան բան­բե­րը՝ Խորհր­դա­րա­նի փոխ-նա­խագահ Ե­դուարդ Շար­մա­զա­նովն ալ յայտ­նեց, թէ միջ­նորդ­նե­րուն ե­րէ­կուան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը հա­մա­հունչ է Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն։

Իր կար­գին, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի բան­բե­րը՝ Դա­ւիթ Պա­պա­յեան նշեց, թէ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին Ար­ցա­խի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը այ­լընտ­րանք չու­նի։ «Լիար­ժէք ձե­ւա­չա­փի վե­րա­կանգն­ման հա­մար ա­հա­գին ժա­մա­նակ պէտք է, բայց սա այ­լընտ­րանք չու­նի, մա­նա­ւանդ վեր­ջին քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մէն վերջ», ը­սաւ ան եւ ա­ւել­ցուց, թէ ամ­բողջ աշ­խարհ գի­տէր, որ Ատր­պէյ­ճան պա­տե­րազ­մե­ցաւ Ար­ցա­խի դէմ, սա­կայն չ՚ու­զեր բա­նակ­ցիլ ա­նոր հետ։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւնն ալ ե­րէկ տե­ղե­կա­ցուց, թէ Պա­քուի կող­մէ հրա­դա­դա­րի հա­մա­ձայ­նագ­րի չե­ղարկ­ման փոր­ձե­րը կը հա­մա­րուին ակն­յայտ շա­րու­նա­կու­թիւ­նը՝ պա­տե­րազ­մի սան­ձա­զերծ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։ 

Ուրբաթ, Մայիս 13, 2016