ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հա­յաս­տան եւ Եւ­րո­միու­թիւ­նը ներ­կա­յիս բա­նակ­ցու­թիւն­ներ կը վա­րեն՝ ի­րենց յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար նոր ի­րա­ւա­կան հիմք մը ձե­ւա­ւո­րե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն հեր­թա­կան՝ եր­րորդ փու­լը։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը գլխա­ւո­րե­ցին Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Կա­րէն Նա­զա­րեան եւ Եւ­րո­միու­թեան Ար­տա­քին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ծա­ռա­յու­թեան Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան բաժ­նի տնօ­րէն Տիրք Շու­պէլ։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, քննար­կուե­ցան քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան, բա­րե­փո­խում­նե­րու, ար­դա­րա­դա­տու­թեան եւ ա­զա­տու­թիւն­նե­րու ո­լորտ­նե­րէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան գլուխ­նե­րուն բո­վան­դա­կու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Լիա­գու­մար նիս­տի ըն­թաց­քին ամ­փո­փուե­ցան ո­լոր­տա­յին ու ա­ռեւ­տու­րի եւ ներդ­րում­նե­րու հար­ցե­րուն նուի­րուած մին­չեւ օրս տե­ղի ու­նե­ցած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րը։ Նա­խան­շուե­ցան նաեւ ա­պա­գայ քննար­կում­նե­րուն շրջա­նակն ու ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցը։ 

Ուրբաթ, Մայիս 13, 2016