ՉՈՒՔՈՒՐՃԱՅԻ ՄԷՋ 8 ՆԱՀԱՏԱԿ
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը կը շարունակէ իր բռնարարքները։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ այս առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն Հաքքեարիի Չուքուրճա գաւառակին մէջ ահաբեկիչներուն եւ իրաւապահ մարմիններուն միջեւ ծագեցան բախումներ, որոնց հետեւանքով ութ զինուոր նահատակուեցաւ։
Բանակին կողմէ կատարուած յաջորդ գործողութիւններուն ընթացքին թէ՛ Չուքուրճայի եւ թէ՛ Շըրնաքի մէջ 21 ահաբեկիչ սպաննուեցաւ։
Միւս կողմէ, երէկ Իսթանպուլի մէջ ալ պատահեցաւ ահաբեկչական պայթում մը։ Սանճաքթեփէի մէջ զինուորական ինքնաշարժ մը թիրախը դարձաւ ահաբեկիչներու յարձակման։ Ութ հոգի վիրաւորուեցաւ դէպքին հետեւանքով։