ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Մարք Էյրոյի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին առանցքային նիւթն էր Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը։ Նալպանտեան ֆրանսացի պաշտօնակցին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի յարձակողական գործողութիւններուն հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։ Ան կարեւորեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն հետ հետեւողական ջանքերը՝ անցեալ ամսուան սկիզբին տեղի ունեցածին կրկնութիւնը բացառելու եւ հիմնախնդիրը միայն խաղաղ ճանապարհով հանգուցալուծելու ուղղութեամբ։
Զրուցակիցները համակարծիք գտնուեցան, որ ուժի կիրառումը անընդունելի է եւ բանակցային ճանապարհով կարգաւորումը այլընտրանք չունի։ Նախարարները ընդգծեցին ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիէն ներս 1994-1995 թուականներու հրադադարի հաստատման եւ անոր ամրապնդման մասին եռակողմանի անժամկէտ համաձայնագրերու կարեւորութիւնը եւ անոնց լիակատար իրականացման անհրաժեշտութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ երկուստեք ընդգծուեցաւ հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան դրութեան ստեղծման եւ հակամարտութեան գօտիէն ներս ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցչի խումբի կարեւորութիւններու ընդլայնման հրատապութիւնը։
Նալպանտեան վերահաստատեց, որ երբ ստեղծուին համապատասխան պայմաններ՝ Հայաստան պիտի շարունակէ համատեղ աշխատանքը Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն հետ՝ հարցի բանակցութիւններու միջոցով լուծման ուղղութեամբ։
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Ժան-Մարք Էյրօ անդրադարձան նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ գոհունակութեամբ արձանագրեցին, թէ անոնք կը գտնուին ամենաբարձր մակարդակի վրայ։