ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԻՖԹԱՐԻ ՍԵՂԱՆ՝ ԹԱՔՍԻՄԻ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ

Երէկ երեկոյեան, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի մասնակցութեամբ իֆթարի սեղան մը սարքուեցաւ Թաքսիմի հրապարակին վրայ։ Բարձրաստիճան պետական այրեր եւ հոծ բազմութիւն մը մասնակցեցան այս հաւաքոյթին։ Ընթրիքի հրաւիրեալներու շարքին էին ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդները, որոնք եղան նախագահ Էրտողանի սեղանակից։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ հրաւիրուած էր իֆթարին։ Նորին սրբազնութեան ընկերացաւ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առթիւ Րամազանի մեկնարկին կապակցութեամբ բարեմաղթանքներ յղեց Թուրքիոյ Կրօնից տեսուչ Ալի Էրպաշին։

Պէյօղլուի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած իֆթարի ընթացքին նախագահ Էրտողան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։

Բաց աստի, Մայրերու օրուան առթիւ եւս յղուեցան շնորհաւորութիւններ։

Երկուշաբթի, Մայիս 13, 2019