ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ, ՍՓԻՒՌՔԻ ԻՄ ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՍ ՀԻԱՍԹԱՓՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ... ԴԱՏՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Այն ինչ որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճէն ներս, կարծեմ յայտնի է մեր բոլորին:
Բռնութիւնը կանխելու, բռնութեան դէմ օրէնքներ գրելու եւ օրինական ու երկիր կառուցելու համար ի մի եկած պատգամաւորները ինչ-ինչ պատճառներով մտան բռնութեան «փակ օղակ»ին մէջ, որ մինչեւ այս պահը տակաւին լուծում չէ ստացած:
Դէպքը մեծ արձագանգ գտաւ նաեւ սփիւռքի մէջ, ուր հայկական օրակարգին քիչ թէ շատ հետեւող հայրենակիցներ եղածը դատապարտեցին ու խնդիրը դիտեցին «հայկական պրիսմակ»ով:
Չեմ ուզեր ըսել, որ այդ մօտեցումը ինքնին խոցելի է, բայց փաստ է, որ այսքան տարիներու անկախ երկիր ունենալը, այդ երկրին մէջ պատահած դէպքերը, յաճախ բռնութիւն պարունակող դրուագները եւ նոյնիսկ պետութեան հիմքերը ցնցող իրադարձութիւնները՝ ոչինչ փոխած են այդ «հայկական պրիսմակ» ըսուած մօտեցումին ու ձեւակերպումին մէջ:
Իմ հայրենակիցներուս համար կարեւոր ալ չէր, թէ ո՛վ էր առաջին հարուածը տուողը, ո՛վ էր մեղաւորը եւ ով էր, որ պարտաւոր էր խորհրդարանականի իր մանտաթը (պատգամաւորի իրաւունքը) վար դնել ու հրաժարիլ... Կարեւորը այն էր, թէ Ազգային ժողովի «մեծ հմայք»ը, կոչումը կամ ներկայացուցած վաւերականութիւնը հարցականի տակ կը դրուէին այն իմաստով, որ երբեք ընդունելի չէր, թէ երկու հայ պատգամաւորներ զիրար նախատեն ու իրարու վրայ ձեռք բարձրացնեն:
Այս մօտեցումը իրենց մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ ունեցող մեր բարեկամներուն ու ծանօթներուն համար միակ հնչող ահազանգը հետեւեալն էր՝ «Ասոնք չեն ամչնար» կամ «ասոնք երկիր պիտի կառավարե՞ն» ու նման յաճախ իրենց մէջ կոտրուած սրտի ճիչ պարունակող խօսքեր, որոնց հեղինակներուն համար մինչեւ այս մտորումներու լոյսին գալը՝ Հայաստանը էր երէկ ու տակաւին է այսօր դրախտէն կտորիկ մը:
Հոս միտքս կու գայ փորթուգալցի մեծ գրող Խոսէ Սարամակոյի մէկ գաղափարը, որ արտաբերուած էր յայտնի գրողին կողմէ հարցազրոյցի մը ընթացքին։ Սարամակոն կ՚ըսէր. «Չեմ յարգեր քրիստոնէական կրօնքը, սակայն ստիպուած եմ յարգել հաւատացեալներուն կամքը...»։ Հոս ալ նոյն պարագան է, կրնաս չյարգել Հայաստանի հանդէպ առկայ թերի եւ անճիշդ մօտեցումները, սակայն պարտաւոր ես յարգել եւ նոյնիսկ խոնարհիլ այն մարդոց առջեւ, որոնց համար Հայաստանը «սրբութիւն սրբոց» է:
Ի դէպ, եթէ մէկդի դնենք այս վէճին իրական պատճառները, հետեւանքները կամ հնարաւոր զարգացումները, ապա նոյնպէս պիտի նկատենք, որ սոյն դէպքին համար մեր հայրենակիցներու մօտեցումները երբեք կախեալ չեն Ալէն Սիմոնեանի, Էտմոն Մարուքեանի, Սասուն Միքայէլեանի հանդէպ առկայ մօտեցումներէն կա՛մ անոնց քաղաքական կենսագրութենէն ու այսօրուայ վարքէն, այլեւ՝ այդ քննադատութիւնները կը միտին վերհանել հին-նոր փայլուն մօտեցում մը, որուն ամենակարեւոր թելը մեզ պիտի տանի «հայուն չի վայելեր» խօսքին ու ընկալումին: Այլ խօսք, թէ Հայաստանը հեռուէն դիտելու, հեռուէն դիտարկելու, հեռուէն Հայաստանով մտահոգուելու կամ սրտցաւելու եղանակները՝ բոլորն ալ խոցելի են, տեղ չեն տանիր եւ ձեւով մը կը ծառայեն, որ բոլոր անոնք, որոնք Հայաստանէն դուրս կ՚ապրին եւ հայութեան շունչով ու հոգիով «կը տառապին», բաւարար նիւթ ունենան իրենք «իրենց իւղով տապկուելու»:
Հայաստանը, սիրելիներ, սովորական երկիր է, հոն ապրողներն ալ, քաղաքական գործիչներն ալ (յատկապէս քաղաքական գործիչները) յար եւ նման են ձեր բնակած երկիրներու մէջ երկրի ղեկը իրենց ձեռքերուն մէջ բռնած, կամ բռնելու պատրաստուող գործիչներուն, որոնք պատրաստ են ամէն ինչ զոհել յանուն իրենց աթոռին:
Տխուրն այն է, որ հայաստանցի գործիչները այսօր կ՚անտեսեն նոյնիսկ քորոնա համաճարակին հետեւանքով յառաջացած դրութիւնը, մէկդի կը դնեն առկայ դժուարութիւնները լուծելու իրենց առաքելութիւնը եւ կը նետուին ներքին վէճերու եւ այդ վէճերէն ու հրավառութիւններէն քաղաքական օգուտներ քաղելու մոլագարութեան եւ մոլութեան:
Մեծ խնդիր է նաեւ, որ այս օրերուն տեղի ունեցած եղելութիւնները, տեղ մը, արեւոտ ու ապահով օրուան մը ընթացքին հաշուետուութեան սեղանին պիտի դրուի՞ն: Ու ամենակարեւորը, այդ հաշիւ պահանջող եւ մանաւանդ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի քուէ ունեցող մասսաները քաղաքակիրթ եւ ճիշդ դատողութիւն ունեցողի դիրքերէ հանդէս պիտի գա՞ն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան