ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԻ ՍԿԻԶԲ

Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիները վաղը քուէատուփի մօտ պիտի փութան՝ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն առթիւ։ 60 միլիոն 697 հազար 843 ընտրող պիտի քուէարկէ՝ երկրի նոր նախագահը եւ խորհրդարանը ընտրելու համար։ Քաղաքացիները քուէարկութեան ժամանակ պէտք է ներկայացնեն իրենց անձնագիրը։

Հանրապետութեան նախագահի հիմնական թեկնածուներն են Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Քեմալ Քըլըչտարօղլու։ Նախագահ Էրտողան վերընտրուելու պարագային հինգ տարի եւս պիտի ստանձնէ երկրին ղեկը՝ մինչ իր գլխաւորած ԱՔ կուսակցութիւնն ալ խորհրդարանէն ներս մեծամասնութիւն կազմելու կը յաւակնի լրջօրէն։ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի ընտրութեան պարագային պիտի ըլլայ հերթի փոփոխութիւն՝ մինչ իր գլխաւորած ՃՀՓ-ն ալ խորհրդարանէն ներս պատկառելի ներկայութիւն ունենալ կը ձգտի։

Ըստ սահմանուած կարգ ու կանոնին, այսօր արդէն նախընտրական լռութեան օրն է։ Ամէն տեսակ քարոզչական աշխատանք պէտք է դադրեցուի ընտրութենէն առաջ, որպէսզի վաղը երկրի քաղաքացիները կողմնորոշուած ըլլալով ըսեն վերջնական խօսքը։

Շաբաթ, Մայիս 13, 2023