ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ ՄԻՇՏ ՅՍՏԱԿ
Երեւանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Ռայնէլ Մորէլ Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ «ՆԱԹՕ-Հայաստան յարաբերութիւնները՝ նոր մարտահրաւէրներու լոյսի ներքոյ» խորագրով խորհրդաժողովին։ Ան իր ելոյթին մէջ յայտարարեց, թէ վստահ է, որ օր մը Գերմանիա պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Դեսպանը յիշեցուց Գերմանիոյ Նախագահ Եոհաքիմ Կաոքի այդ ուղղութեամբ կատարած յայտարարութիւնը Պերլինի մէջ տեղի ունեցած միջեկեղեցական աղօթքի ժամանակ։ «Ապրիլի 23-ին մեր նախագահը յստակօրէն ըսաւ, թէ կատարուածը ցեղասպանութիւն էր։ Նման արտայայտութիւններ ունեցան նաեւ Ապրիլի 24-ին խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած նիստին խորհրդարանի նախագահը եւս։ Քրիստոնեայ դեմոկրատական, Քրիստոնեայ ընկերվարական, Ձախակողմեաններ եւ Կանաչները եւս խորհրդարան ներկայացուցին ցեղասպանութեան ընդունման բանաձեւեր», նշեց դեսպանը։