ԵՐԿԿՈՂՄԱՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՌԻԹ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ մէկ­տե­ղուե­ցան Պա­քուի մէջ։ Եւ­րո­պա­կան խա­ղե­րու բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­լու նպա­տա­կով Պա­քու մեկ­նած էր Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան, ո­րու Ա­լիե­ւի հետ ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, ու­ժա­նիւ­թի եւ այլ ո­լորտ­նե­րու մէջ։ Նա­խա­գահ­նե­րը հա­մոզ­մունքն յայտ­նե­ցին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը հե­տա­գա­յին ալ շա­րու­նա­կե­լու վե­րա­բե­րեալ։ Էր­տո­ղան ու Ա­լիեւ քննար­կե­ցին երկ­կող­մա­նի հե­տաքրք­րու­թիւն ու­նե­ցող այլ հար­ցեր եւս։

Պա­քուի մէջ Էր­տո­ղան յոտն­կայս հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ նաեւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ։ Կ՚ակն­կա­լուի, որ ա­նոնք ու­նե­նան նաեւ երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում մը։

Եւրոպայի առաջին մարզական խաղերուն մաս-նակցելու նպատակով Պաքու մեկնած Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան հանդիպում մը պիտի ունենայ նաեւ Թիւրքմենիստանի Հանրապետութեան նախագահ Կուրպանկիւլի Պերտիմուհամմէտովի հետ։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան «Հայտար Ալիեւ» կեդրոնին մէջ մասնակցեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ իր կողակցին կողմէ հիւր ղեկավարներուն ի պատիւ սարքուած ցերեկուան ճաշին։

Էրտողանի եւ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած երկ-կողմանի հանդիպումն ալ կայացաւ ճաշէն ետք։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015