1915-Ի ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆՆԵՐ

Վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն­նե­րու ու­թե­րորդ փա­ռա­տօ­նը՝ «Տէօ­քիւ­մեն­թարիստ» կը սկսի այ­սօր։ Փա­ռա­տօ­նի յա­տուկ բա­ժին­նե­րէն մէ­կը խո­րագ­րուած է «100-ա­մեայ լռու­թիւն» եւ նուի­րուած Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան։ Այս շրջագծով այ­սօր, ժա­մը 13.00-ին «Սալթ Պէ­յօղ­լու»ի մէջ կը ցու­ցադ­րուի Սիւ­զան Խար­տա­լեան եւ Փէ­յա Հոն­քիւս­տի «Կ՚ատեմ շնե­րը» եւ ժա­մը 15.00-ին ալ՝ Եու­սուֆ Քե­նան Պէյ­սիւ­լէ­նի կող­մէ նկա­րա­հա­նուած «Կեա­վուր մա­հալ­լէ­սի» վա­ւե­րագ­րա­կա­նը՝ Մկրտիչ Մար­կո­սեանի եւ Տիար­պա­քը­րի հա­յու­թեան վե­րա­բե­րեալ։ Յու­նիս 16-ին, ժա­մը 19.00-ին, դար­ձեալ նոյն վայ­րին մէջ պի­տի ցու­ցադ­րուի Պիւ­լենտ Ա­րըն­լըի մէկ վա­ւե­րագ­րա­կա­նը՝ «Ծի­ծեռ­նա­կի բոյ­նը» խո­րագ­րով, որ կը պատ­մէ «Քամփ ար­մէն»ի մա­սին։ Փա­ռա­տօ­նի ու­շագ­րաւ վա­ւե­րագ­րա­կան­նե­րէն մին պի­տի հան­դի­սա­նայ ան­կաս­կած Քար­լա Կա­րա­պե­տեա­նի կող­մէ նկա­րա­հա­նուած «Ա­ղա­ղա­կող­ներ» ժա­պա­ւէ­նը, ո­րու ե­րաժշ­տու­թիւ­նը յօ­րի­նուած է Սիս­տըմ օֆ է Տաու­նի կող­մէ։ Ժա­պա­ւէ­նը նախ պի­տի ցու­ցադ­րուի Յու­նի­սի 17-ին, ժա­մը 20.00-ին, «Սէս» թատ­րո­նին մէջ եւ ա­պա յա­ջորդ օ­րը, ժա­մը 18.00-ին Ֆրան­սա­կան մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ։ Յու­նիս 17-ին, ժա­մը 13.00-ին, «Սալթ Պէ­յօղ­լու»ի մէջ կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ դի­տել Էյ­լէմ Շէ­նի նկա­րա­հա­նած «Նա­րին­ջի նին­ջը» ժա­պա­ւէ­նը՝ որ կը պատ­մէ Մուսա լե­րան մա­սին։ Հարկ է նշել, թէ այս շրջագ­ծով հան­դի­սա­կան­նե­րը ա­ռիթ պի­տի ու­նե­նան զրու­ցե­լու բե­մադ­րիչ Քար­լա Կա­րա­պե­տեա­նի հետ, որ ան­ձամբ պի­տի մաս­նակ­ցի յայ­տագ­րին։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015