ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ ԱՀԱՒՈՐ ԴԷՊՔ
Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգի Օրլանտօ քաղաքին մէջ, Յունիս 11-12-ի գիշերը, միասեռականներու յաճախած գիշերաբոյնի մը մէջ գործուած է ահաւոր ջարդ մը:
Անծանօթ մը ներխուժած է «Պուլզ» անունը կրող այդ ակումբը եւ սկսած է կրակել չորսդին: Արարքին ահաւոր տարողութիւնը յաջորդող ժամերուն միայն հետզհետէ պարզուած է: Վերջին հաշուեկշռին համաձայն՝ կար առնուազն յիսուն մեռեալ եւ տասնեակներով վիրաւորներ: Ոստիկանութեան միջամտութեան ընթացքին սպաննուած է նաեւ նախայարձակը: Ան կը կոչուի Օմար Մաթին: Ծագումով աֆղան ամերիկացի մըն է: Ըստ FBI-ին, Մաթին իսլամապաշտ արմատական շարժումներու համակրող մըն էր: Օրլանտոյի քաղաքապետ Պատի Թէյըր «արտակարգ իրավիճակ» յայտարարած է քաղաքին մէջ: Ապահովութեան մարմինները հետաքննութիւն բացած են դէպքին վերաբերեալ, նաեւ յայտարարած են, որ ցարդ յայտնի չէ, թէ Օմար Մաթինէն բացի այլ զինեալներ եւս մասնակցա՞ծ են ոճրային այս արարքին: