ԱՄՍԱՎԵՐՋԻՆ ԴԱՐՁԵԱԼ…
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շրջագծով ներկայիս օրակարգի վրայ է Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նոր տեսակցութեան մը հաւանականութիւնը։ Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ նախապատրաստական աշխատանքներ կը կատարուին, որպէսզի Սէն Փեթերսպուրկի մէջ մէկտեղուին Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան շրջանակներէն հասած տեղեկութիւններով՝ գագաթաժողովը նախատեսուած է Յունիս ամսուան վերջերուն։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով լրագրողներուն հետ զրուցելու ընթացքին ընդգծեց, թէ համապատասխան աշխատանքները ընթացքի մէջ են։ Ռուսական դիւանագիտական աղբիւրները կը մատնանշեն նաեւ, որ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումը եռակողմանի գագաթաժողովի մը ձեւաչափով կեանքի պիտի կոչուի։ Ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին որպէս տանտէր։ Հարկ է յիշեցնել, որ Ռուսաստանի նախկին նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւի պաշտօնավարութեան շրջանին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած էր տասնմէկ հանդիպում։
Անցեալ Ապրիլի սկիզբին Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած էին լայնածաւալ յարձակումներ։ Քառօրեայ պատերազմը գրեթէ զերոյի հաւասարեցուցած էր այս հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման առաջադրութեամբ շուրջ քսան տարիէ ի վեր կատարուած աշխատանքին արդիւնքը։ Նման իրավիճակի մը մէջ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներուն կամ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ Վիեննայի մէջ գագաթաժողով մը կազմակերպուած էր Սարգսեանի եւ Ալիեւի միջեւ։ Այդ գագաթաժողովէն վերջ հաղորդուած էր, թէ նախագահները մտադրութիւն յայտնած են ներկայ ամսուան մէջ վերստին տեսակցելու։ Ընթացքին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները Պրիւքսէլի եւ Փարիզի մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցան Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։ Այդ տեսակցութիւններէն վերջ ալ վերահաստատուած էր նախագահներուն տեսակցելու մտադրութիւնը։ Այժմ, ուրեմն, նախագահներու հանդիպման մանրամասնութիւնները կը ձեւաւորուին աստիճանաբար։ Արդէն յստակ է, որ ռուսական կողմը կը նախաձեռնէ Սարգսեան-Ալիեւ յաջորդ հանդիպման կազմակերպման։ Ատրպէյճանի դիւանագիտական շրջանակները վերջին օրերուն շատ մեծ ակնկալութիւններ արտայայտեցին նախագահներու յաջորդ հանդիպման հեռանկարին շուրջ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները այս առումով աւելի զուսպ են ներկայիս։ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտնեց, թէ նախագահներու հանդիպման թուականը տակաւին յայտնի չէ։ Միջնորդական ջանքերուն տեսանկիւնէն ներկայիս կան դրական սպասումներ։ Արդարեւ, ԵԱՀԿ-ի ներկայ շրջանային նախագահն է Գերմանիան. երկիր մը, որ ի վիճակի է ներգործելու միջազգային գործընթացներու երթին վրայ ու միեւնոյն ժամանակ որպէս աշխարհի յառաջատար դերակատարներէն մին՝ սերտ համագործակցութեան մէջ է Մինսքեան խմբակի եռանախագահ երկիրներուն հետ։
Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ իր երկրի նախագահութեան շրջագծով՝ տարեսկիզբէն ի վեր Պերլինի մէջ արդէն հիւրընկալեց թէ՛ Սերժ Սարգսեանը եւ թէ Իլհամ Ալիեւը։ Նոյնիսկ, Սերժ Սարգսեանի Պերլին այցը տեղի ունեցած էր գրեթէ Ապրիլի քառօրեայ պատերազմին հետ նոյնաժամանակ։ Իսկ վերջերս Պերլինի մէջ էր Իլհամ Ալիեւ, երբ նախարարներու նոր տեսակցութեան մը հեռանկարը ուրուագծուած է ակնյայտօրէն։ Գերմանիոյ շանսէօլիէն Ալիեւի հետ համատեղ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ Ռուսաստան հանգուցային դեր մը պիտի խաղայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ։ «Ի հարկէ, Ռուսաստան վճռորոշ դեր պիտի խաղայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։ Այստեղ մենք պիտի օգտագործենք մեր շփումները, որպէսզի աջակցինք Ռուսաստանի կառավարութեան, ինչպէս նաեւ Մինսքեան խմբակի համանախագահներ ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի կառավարութիւններուն՝ լուծելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը», ըսաւ Մերքէլ։
Իր կարգին, Իլհամ Ալիեւն ալ Պերլինի մէջ յայտնեց, որ իր երկիրը Ռուսաստանը կ՚ընկալէ որպէս ռազմավարական գործընկեր եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման շուրջ անոր դերակատարութիւնը կը համարէ շինիչ։ Ան ընդգծեց, որ Պաքուի եւ Մոսկուայի յարաբերութիւնները բարեկամական են։ Ատրպէյճան Ռուսաստանը կ՚ընկալէ որպէս ռազմավարական գործընկեր եւ ռուսական կողմին գործելակերպը լիովին կը համապատասխանէ այդ հանգամանքին։ Ալիեւի խօսքերով, որպէս Մինսքեան խմբակի համանախագահ՝ Մոսկուայի դերակատարութիւնը շատ շինիչ է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։
Տարածքաշրջանի ազդու դերակատարներէն Իրանն ալ ուշադրութեամբ կը հետեւի այս հիմնախնդրին վերաբերեալ իրադարձութիւններուն։ Նախագահներու հանդիպման սպասման մթնոլորտին մէջ Եդուարդ Նալպանտեան վերջերս այցելեց Թեհրան, ուր բարձր մակարդակի վրայ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին շօշափուեցաւ նաեւ ղարաբաղեան հարցը։ Նալպանտեան Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ զրուցելու ընթացքին բացատրեց Վիեննայի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովին ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն իրականացման ուղղեալ ջանքերը։ Այս ամբողջին մէջ Ռուհանի ընդգծեց, որ Իրան մշտապէս սատարած է տարածքաշրջանէն ներս անվտանգութեան, կայունութեան եւ խաղաղութեան ապահովման՝ առկայ խնդիրներու խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։ Ան վերահաստատեց, թէ իր երկիրը կը խրախուսէ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն հիման վրայ ղարաբաղեան հարցի բացառապէս խաղաղ կարգաւորումը։ Իր կարգին, Նալպանտեանն ալ բարձր գնահատեց Թեհրանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումը հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ։
Նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ վերջին օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին անդրադարձաւ Երեւանի մէջ Չեխիոյ Նախագահ Միլոշ Զեմանը հիւրընկալելու ժամանակ։ Երկու ղեկավարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Սերժ Սարգսեան արտայայտեց իր մտահոգութիւնը՝ Իլհամ Ալիեւի անհաւասարակշիռ վարքագծին վերաբերեալ։ Ան շեշտեց, որ Վիեննայի մէջ կարծես թէ չկային այդ ազդանշանները։ Ըստ Սարգսեանի, «Աշխարհի ատրպէյճանցիներու չորրորդ համաժողով» անուանեալ ձեռնարկին ժամանակ Ալիեւի ունեցած ելոյթը՝ Հայաստանի մասին ցինիկ որակումներով, երկրի նախագահին հանդէպ անձնական վիրաւորանքներով, պատմութիւնը զանազան միտքերով վերածելով զաւեշտի՝ անհամաչափութեան յստակ ընկալում մը ձեւաւորած է։ Ի միջի այլոց, Սարգսեան նշեց, թէ այդ համաժողովին ընթացքին անձնական վիրաւորանքներ հասցէագրած նախագահին հետ Իլհամ Ալիեւ կը պատրաստուի օրեր անց քննարկել հարցեր։ «Ես յոյս ունիմ, որ սա ժամանակաւոր խնդիր մըն է, տղայութիւն է եւ արագ պիտի անցնի, որովհետեւ մենք լրջօրէն աշխատելու պարտաւորութիւն ունինք յառաջիկային համար։ Ես յոյս ունիմ, որ սա Վիեննայի պայմանաւորուածութիւնները վիժեցնելու ուղղեալ գիտակից վարքագիծ մը չէ», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։
Վիեննայի պայմանաւորուածութիւններուն շուրջ մանրամասնութիւններ փոխանցելով՝ Սերժ Սարգսեան կանգ առաւ 1994-1995 թուականներու հրադադարի համաձայնագրերու իրականացման, շփման գծի վրայ մշտադիտարկման եւ դէպքերու հետաքրքրութեան դրութեան մը ներդրման, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչը խումբի կարողութիւններու բարձրացման վրայ՝ որպէս հակամարտութեան գօտիէն ներս տեղական կայունութեան հաստատման կարեւոր գրաւականը։ Իր խօսքերով, այդ քայլերու անշեղ իրագործումը կը բնորոշէ այն նուազագոյն շեմը, որ հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ ճանապարհ հարթելու դէպի շինիչ եւ ամենակարեւորը՝ արդիւնքի մղուած բանակցութիւններուն։
Երեւանէն եւ Պաքուէն ամենաբարձր մակարդակի վրայ հնչած այս տեսակէտներով պայմանաւորուած միջավայրին մէջ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով։ Ըստ իրեն, ներկայիս համանախագահները կը սպասեն դէպքերու հետաքննութեան դրութեան վերաբերեալ կողմերու եզրակացութիւններուն։ Ըստ իրեն, հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ մասնագիտական մակարդակի վրայ բացուելու հնարաւորութիւնը կախում ունի կողմերու պատրաստակամութենէն՝ յաղթահարելու հակամարտութեան կարգաւորման հիմնական հարցերու շուրջ առկայ տարակարծութիւնները եւ հասնելու շրջանակային համաձայնագրի։ Փոփովի խօսքով՝ Սարգսեան եւ Ալիեւ Վիեննայի մէջ սկզբունքօրէն համաձայնեցան բանակցային գործընթացի վերականգման անհրաժեշտութեան հարցին շուրջ։ «Կը յուսամ, որ կառուցողականութիւնը պիտի յաղթահարէ։ Ինչ կը վերաբերի զինեալ դէպքերու հետաքննութեան, ապա բարձր մակարդակով ձեռք բերուած է համապատասխան դրութիւններու հաստատման ուղղութեամբ աշխատանքները աւարտելու պայմանաւորուածութիւն։ Այժմ ԵԱՀԿ-ի մասնագէտները զբաղած են այդ հարցով», ըսաւ Փոփով։
Բաց աստի, ռուս դիւանագէտը շեշտեց, որ հակամարտութեան կարգաւորման որոշ մէկ փուլին մէջ. օրինակ՝ շրջանակային համաձայնութեան հասնելէ վերջ, հաշուի պիտի առնուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան հնարաւորութիւնը բանակցային գործընթացին։ Իսկապէս ներկայիս ղարաբաղցիները ձեւականօրէն բանակցութիւններուն չեն մասնակցիր, սակայն այս նիւթին նկատմամբ մեծ ուշադրութիւն կը ցուցաբերեն համանախագահները թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ Լեռնային Ղարաբաղի հանդիպումներուն ընթացքին։
Անդրադառնալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն թիւը բարձրացնելու նիւթին՝ Փոփով շեշտեց, որ ժամանակ առ ժամանակ այս խնդիրը շրջանառութեան մէջ կը մտնէ, սակայն բանակցութիւններու ընթացքին յառաջ չէ քշուած նման նախաձեռնութիւն մը։
Միւս կողմէ, Եւրոմիութեան աղբիւրներն ալ կ՚արտայայտեն այն սպասումը, թէ Սարգսեան-Ալիեւ յաջորդ հանդիպումը կրնայ յստակացնել հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը։ ԵՄ-ի շրջանակները խնդիրը կը համարեն օրակարգային ու կ՚աջակցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն։