ԱՆԿԵԼԱ ՄԵՐՔԷԼ ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ԴՐԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ ԿԸ ԽՕՍԻ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ
Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտարարեց, որ Եւրոմիութիւնը երկարաժամկէտ հեռանկարով պէտք է ձգտի ստեղծել ընդհանուր տնտեսական գօտի մը՝ Լիզպոնէն մինչեւ Վլատիվոսթոք։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մերքէլ այս մասին խօսեցաւ «Գերմանական ընտանեկան ընկերութիւններու օրը» խորագրեալ խորհրդաժողովին ընթացքին։ Շանսէօլիէն համոզուած է, որ իրենք աստիճանաբար պէտք է ընթանան դէպի այդ նպատակը։ Մերքէլ աւելցուց նաեւ, թէ Ռուսաստանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները ինքնանպատակ չեն, այլ կախում ունին Մինսքի համաձայնութիւններու կատարումէն, ինչ որ բանալին է սահմանափակիչ միջոցներու ջնջուելուն։
Մինչ այդ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով եւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունենալով քննարկեցին միջազգային շարք մը հրատապ խնդիրներ։ Այս շրջագծով անոնք անդրադարձան Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Ուքրայնոյ ճգնաժամերու յաղթահարման հնարաւորութիւններուն։ Նախարարները խօսեցան նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործունէութեան շուրջ՝ մանաւանդ, որ Գերմանիա ներկայիս այդ կազմակերպութեան շրջանային նախագահն է։