ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնարկի (ԻՒՆԻՍԷՖ) եւ «ՄԿԱ Ուոթըր» ընկերութեան միջեւ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր մը, որու նպատակն է նպաստել երախաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, մանուկներու ընկերային վիճակի բարելաւման ծրագրերու մշակման եւ իրագործման, երախաներուն ուղղեալ միջազգային, հոգեւոր-բարոյական դաստիարակութեան, գիտական ու հրատարակչական ծրագրերու իրականացման, երիտասարդներու մասնագիտական կողմնորոշման եւ մասնագիտական կրթութեան որակի բարձրացման։
Այս յուշագրով ամրագրուած համագործակցութիւնը առաւել գործնական եւ նպատակային դարձնելու ակնկալութեամբ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնը ԻՒՆԻՍԷՖ-ի հետ համագործակցաբար կազմակերպեց կլոր սեղանի ձեւաչափով քննարկում մը՝ ներկայացնելու համար այդ բնագաւառէն ներս կուտակուած փորձառութիւնը եւ քննարկելու համար համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։ «Հայաստանի մէջ երախաներու այլընտրանքային խնամքի, ընտանիքի աջակցութեան եւ ներառական կրթական ծառայութիւններու ընդհանուր գնահատում» խորագրեալ այս քննարկումը տեղի ունեցաւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի Երեւանի գրասենեակին մէջ։
Ժողովին մասնակցեցան երեսփոխաններ, Հայաստանի պատկան նախարարութիւններէն, տեղական ինքնակառավարման մարմիններէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ այս բնագաւառէն ներս գործունէութիւն ծաւալող միջազգային ու հասարակական կազմակերպութիւններու շուրջ երեսուն ներկայացուցիչներ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի եւ ԻՒՆԻՍԷՖ-ի համագործակցութիւնը այս աշխատաժողովին ընթացքին բիւրեղացաւ հիմնական երեք ուղղութիւններով.
ա- Ընտանիքներուն աջակցութիւն՝ աշխատանք խոցելի խումբերու երախաներու ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ խնամատար ընտանիքներուն հետ։
բ- Ֆիզիքական եւ հոգեւոր առողջութիւն՝ աշխատանք՝ միտուած ֆիզիքական եւ մտաւոր խնդիրներով երախաներու հոգեւոր առողջութեան վերականգման ու պահպանման։
գ- Բռնութեան դէմ պայքարը՝ ընտանիքներէ եւ կրթական հաստատութիւններէ ներս բռնութեան հաւանական երեւոյթներու կանխարգիլման, բացայայտման եւ բացառման ուղղեալ աշխատանքներ։