ԵՒՐՈՊԱՅԷՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ

Եւ­րո­պա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան ֆո­րու­մի խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն Ե­րե­ւա­նի մէջ ի­րա­կա­նա­ցու­ցին ի­րենց հեր­թա­կան հա­ւա­քը։ Այս շրջագ­ծով ա­նոնք հիւ­րըն­կա­լուե­ցան նաեւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ Հարկ է նշել, որ այս կա­ռոյ­ցը Եւ­րո­պա­յէ ներս ե­րի­տա­սար­դա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մեծ հար­թակ մըն է։ Ան կը հա­մախմ­բէ ա­ւե­լի քան հա­րիւր ազ­գա­յին ե­րի­տա­սար­դա­կան խոր­հուրդ­ներ եւ մի­ջազ­գա­յին ե­րի­տա­սար­դա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ։

Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան նշեց, թէ մշտա­պէս հա­ճոյ­քով կը հան­դի­պի ե­րի­տա­սար­դա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ ընդ­հան­րա­պէս ե­րի­տա­սար­դու­թեան հետ։ Ար­դա­րեւ, սա նոր սե­րուն­դի տես­լա­կա­նին ծա­նօ­թա­նա­լու ա­մե­նա­կարճ եւ ա­մե­նաար­դիւ­նա­ւէտ մի­ջոցն է։

Ըստ Սերժ Սարգ­սեա­նի, Եւ­րո­պա­յի հա­սա­րա­կա­կան կեան­քի բո­լոր ո­լորտ­նե­րէն ներս ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը խթա­նե­լու եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թեան բարձ­րաց­ման օ­ժան­դա­կե­լու ուղ­ղեան ա­ռա­քե­լու­թիւն մը ու­նի այս ֆո­րու­մը եւ այդ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ամ­բող­ջո­վին հա­մա­հունչ է Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2016