ՁՕՆ՝ ՄԵԾ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻՆ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան փա­ռա­ւոր հա­մեր­գով մը հան­դէս ե­կաւ Հար­պի­յէի Սէն թ՚Էսփ­րի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Կո­մի­տա­սի մա­հուան 80-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած էր այս ձեռ­նար­կը։ Մեծ վար­դա­պե­տի ան­մահ յի­շա­տա­կին ձօ­նուած այս ե­լոյ­թի ունկն­դիր­նե­րը բա­ռին բուն ի­մաս­տով կա­խար­դուե­ցան թէ՛ հեր­թա­կան ան­գամ հա­ղորդ դառ­նա­լով ա­նոր ժա­ռան­գու­թեան եւ թէ Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի բարձր ո­րա­կով։ Մաէսթ­րօ Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բը ե­կաւ ա­պա­ցու­ցա­նել, թէ մեր քա­ղա­քին մէջ հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ա­մե­նա­յա­ւակ­նոտ ջա­հա­կիր­նե­րէն մին է եւ մեր դա­սա­կան­նե­րուն վաս­տա­կը կ՚ար­դա­րաց­նէ լիու­լի։ Այս ան­գամ ալ ե­ղաւ այդ­պէս։ Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բը ճոխ եր­գա­ցանկ մը ներ­կա­յա­ցուց ունկն­դիր­նե­րուն։ Օ­րուան խոր­հուր­դին հա­մա­հունչ՝ Կո­մի­տա­սի գոր­ծե­րը կազ­մե­ցին յայ­տագ­րին ա­ռանց­քը։ Բաց աս­տի, ծրա­գի­րը ընդգրկեց նաեւ Եկ­մա­լեա­նի, Տիգ­րա­նեա­նի, Չու­խա­ճեա­նի, Բա­բա­ջա­նեա­նի, Յով­հան­նէ­սեա­նի եւ Պար­թե­ւեա­նի նման ա­նուն­նե­րու գոր­ծե­րը, ո­րոնց վրայ ե­կան ա­ւել­նալ Վեր­տին, Պի­զէն, Հեն­տե­լը եւ Փուչ­չի­նին։

Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բը գե­րա­զանց յա­ջո­ղու­թեամբ գոր­ծադ­րեց իր յայ­տա­գի­րը։ Դաշ­նա­մու­րով ըն­կե­րա­ցաւ Լիւ­սի Գահ­վէ­ճիօղ­լու։ Ե­րե­կոյ­թի ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թեան շրջագ­ծով ի­րենց մաս­նա­ւոր բա­ժի­նը ու­նե­ցան մե­նա­կա­տար­նե­րը՝ Յով­սէփ Գու­յում­ճեան, Ա­նէթ Մեհ­թե­րեան, Գրի­գոր Թէր­զեան, Ա­լիս Շա­հի­նօղ­լու եւ Լիւ­սի Գահ­վէ­ճիօղ­լու։ Հարկ է նշել, որ Լիւ­սի Գահ­վէ­ճիօղ­լուի մե­ներգ­նե­րուն ժա­մա­նակ դաշ­նա­մու­րը կը ստանձ­նէր իր դուստ­րը՝ Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի ե­րի­տա­սարդ ու­ժե­րէն Սե­սիլ Գահ­վէ­ճիօղ­լու։

Այս հա­մեր­գին հե­տե­ւե­ցան հոծ թի­ւով ունկն­դիր­ներ, ո­րոնք ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու իս­կա­կան տա­րա­փով մը ող­ջու­նե­ցին Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բին կող­մէ տարուած հեր­թա­կան յաղ­թա­նա­կը։ Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեա­նի եւ սա­նե­րուն կող­մէ սար­քուած իւ­րա­քան­չիւր հա­մերգ կը վե­րա­ծուի ե­զա­կի ա­ռի­թի մը ու կը դառ­նայ ան­մո­ռա­նա­լի՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կ՚ար­դա­րաց­նէ իր վրայ դրուած յոյ­սե­րը եւ իր ե­լոյթ­նե­րը կը վե­րա­ծուին ե­րաժշ­տա­կան խնջոյք­նե­րու։

Ե­րէ­կուան ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցան Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, Դպրաց դա­սուն նա­խա­գահ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Տ. Զա­տիկ Վրդ. Պա­պի­կեան եւ Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան, ինչ­պէս նաեւ Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Հա­մեր­գի ա­ւար­տին շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան եւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, ո­րոնք բարձր գնա­հա­տե­ցին Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բին ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւ­նը ու մաղ­թե­ցին յա­րա­տե­ւու­թիւն։ 

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2016