Միջին Արեւելքի Մէջ Ջուրերու Պաշարները Նուազած
ՆԱՍԱ-ի կատարած մէկ ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուաւ, որ Միջերկրականի արեւելեան ափի Լիբանանը, Սուրիան, Յորդանանը, Թուրքիան, Կիպրոսն ու Պաղեստինը ներառող շրջանին մէջ, 1998 թուականէն ի վեր սկիզբ առած անձրեւներու քանակի նուազումը ինն տասնամեակներէ ի վեր ամենէն վատն է:
Ուսումնասիրութիւնը այս երաշտին պատճառը կը նկատէ մարդոց գործունէութիւնը, որ առաջնորդեց համաշխարհային ջերմացման եւ գլխաւորաբար ազդեց երկրագունդի այս հատուածին՝ Միջին Արեւելքին վրայ:
Այդ իրողութիւնը մտահոգութիւն յառաջացուցած է յառաջիկայ հարիւր տարուան ընթացքին ջուրերու ընդյատակեայ եւ մակերեսային պաշարներու կացութեան նկատմամբ: ՆԱՍԱ-ն ստեղծած է ծրագիր մը, որ կրնայ նախատեսել յառաջիկայ տարիներուն արձանագրուելիք փոփոխութիւններու տարողութիւնը: