Տիգրան Կէօքճեան ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՒ Հայկական ՊասքեթպոլԻՆ
Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականը վերջերս սկսաւ մէկ ամսուան ուսումնամարզական հաւաքի մը՝ պատրաստուելու համար Եւրոպայի փոքր երկիրներու ախոյենութեան:
Այդ հաւաքին միացաւ նաեւ Հայաստանի հաւաքականի նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Կէօքճեան, որ լիբանանեան Սաժէս ակումբին օգնական մարզիչն է:
Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքին հետ ան ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ հետեւեալ կարեւոր կէտերուն.
«Խումբին նոր միացած եմ եւ այժմէն ոչինչ կրնամ ըսել մարզիկներուն ունեցած յատկութիւններուն մասին: Կարճ ժամանակի կը կարօտինք՝ բոլորը լաւապէս հասկնալու համար:
«Փորձերէն բացի, նախատեսած ենք նաեւ բարեկամական մրցումներ: Պիտի մրցինք՝ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականին, Իրանի ազգային խումբերուն, ինչպէս նաեւ ռուսական ակումբներէն մէկուն դէմ:
«Նպատակ ունիմ զարգացնել եւ նոր մակարդակի հասցնել հայկական պասքեթպոլը: Ատոր սկիզբը պիտի ըլլայ հաւաքականին ստեղծումը, որուն համար հայութիւնը քիչ մը երկար պէտք է սպասէ: Մեծ յոյսով եմ, որ հայկական պասքեթպոլը կրնայ նոր թափով զարգանալ եւ վերածնունդ ապրիլ:
«Մեծ յոյսով եմ, որ փայլուն արդիւնքներ ձեռք կը ձգենք Եւրոպայի փոքր երկիրներու ախոյենութեան»: