ԵԳԷԱԿԱՆԻ ՄԷՋ 6.2 ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ

Եգէական ծովու հիւսիսին երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ երկրաշարժ մը։ Ռիխթերեան չափանիշով 6.2 սաստկութեամբ այս երկրաշարժը զգալի դարձաւ ամբողջ Եգէականի եւ Մարմարայի շրջանին։ Բազմաթիւ քաղաքներու մէջ ցնցում յառաջացուցած երկրաշարժը պատահեցաւ ժամը 15.28-ին։ Միտիլլի կղզիի եւ Քարապուրունի միջեւ ծովու 7 քիլօմեթր խորութեան վրայ կը գտնուէր այս երկրաշարժին էփիկեդրոնը։ Թէ՛ Եգէականի եւ թէ Մարմարայի շրջանին մէջ հայրենակիցներուն մեծ վախ ու սարսափ պատճառեց ցնցումը, բայց եւ այնպէս բարեբախտաբար որեւէ զոհ չեղաւ։ Յառաջացան նիւթական վնասներ։

Երկրաշարժը զգալի դարձաւ նաեւ Յունաստանի մէջ, ուր դժբախտաբար եղան նաեւ զոհեր։

Մինչ կը շարունակուին նաեւ յետցնցումները, մասնագէտները կ՚ընդգծեն, որ նման երկրաշարժները չեն համարուիր անակնկալ։

Երեքշաբթի, Յունիս 13, 2017