ԱՄՆ-Ի ԵՒ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՔՈՐԷԱՅԻ ԿՈՂՄԷ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Հիւսիսային Քորէայի նախագահ Քիմ Եոնկ Ունի միջեւ երէկ Սինկափուրի մէջ ստորագրուած յայտարարութեան արձագանգները կը շարունակեն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Երկու նախագահներուն ստորագրութեամբ հրապարակուած համատեղ փաստաթուղթին մէջ շեշտուած է, որ ԱՄՆ եւ Հիւսիսային Քորէա պատրաստ են նոր յարաբերութիւններ կառուցելու եւ խաղաղութեան։ Երէկ Սինկափուրի մէջ ստորագրուած փաստաթուղթով Հիւսիսային Քորէա պատասխանատուութիւններ ստանձնած է միջուկային զէնքերը լքելու ուղղութեամբ։ Զուգահեռաբար՝ ԱՄՆ-ին ալ պարտաւորութիւններ կը վիճակի Հիւսիսային Քորէային անվտանգութեան երաշխիքներ տրամադրելու ուղղութեամբ։

Միւս կողմէ, Չինաստանն ալ արձագանգեց Թրամփի եւ Ունի միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն։ Փեքինի ղեկավարութիւնը ողջունեց այս իրադարձութիւնը։ «Երկու պետութիւններու ղեկավարները այսօր կրնան նստիլ ու հաւասարներու երկխօսութիւն վարել։ Սա ինքնին կը համարուի նոր պատմութիւն մը։ Չինաստան կ՚ողջունէ ու կը պաշտպանէ այս բանը։ Սա այն նպատակն է, որուն անհամբերութեամբ կը սպասէր Չինաստան ու ջանադրաբար կ՚աշխատէր անոր իրականացման համար», ըսաւ Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վան Ին։

Բաց աստի, Մոսկուայի ղեկավարութիւնն ալ ողջունեց Թրամփի եւ Ունի բանակցութիւնները։ Ռուսաստան պիտի շարունակէ աշխուժօրէն պաշտպանել Քորէայի թերակղզիին շուրջ ստեղծուած քաղաքական-դիւանագիտական գործընթացը։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կատարուած համաձայնութեան մէջ մատնանշուած է, որ ԱՄՆ-Հիւսիսային Քորէա յարաբերութիւններու բնականոնացումը անքակտելի մասն է՝ Քորէայի թերակղիի խնդիրներու համալիր լուծման, ներառեալ միջուկային հարցերը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 13, 2018