ԵՐԱՆԳՆԵՐՈՒ ՅՍՏԱԿԱՑՈՒՄ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այսօր շփումներ կ՚ունենան Երեւանի մէջ։ Հայաստանէ ներս տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն վերջ առաջին անգամ միջնորդները կ՚այցելեն Երեւան, ուր կը հիւրընկալուին նոր ղեկավարութեան կողմէ։ Համանախագահներու այցելութեան ընդառաջ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան։ Ըստ իրեն, անհրաժեշտ է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն Ստեփանակերտի մասնակցութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փոխ-նախարարը համակարծիք գտնուեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջերս յայտարարած մօտեցման, ըստ որու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ Հայաստան չի կրնար բանակցիլ Արցախի փոխարէն։ Հայաստանի խորհրդարանէն ներս զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ Շաւարշ Քոչարեան ընդգծեց, որ բանակցային սեղանին վրայ դրուած հարցերու ճնշող մեծամասնութիւնը կը վերաբերի նոյնինքն Արցախին։ «Առնուազն երկու հարցի մէջ Հայաստան չի կըր-նար բանակցիլ Արցախի փոխարէն։ Առաջինը կը վերաբերի Արցախի կարգավիճակին, երկրորդը՝ Արցախի տարածքային ամբողջականութեան խնդրին։ Սա առնուազն, սակայն կան այլ հարցեր եւս», նշեց փոխ-նախարարը։

Ուրեմն այդ պարագային ո՞ր հարցերու շուրջ Հայաստան կրնայ բանակցիլ։ Ի պատասխան՝ Շաւարշ Քոչարեան նշեց, որ պէտք չէ մոռնալ յանուն ռազմական գործողութիւններու կանխարգիլման բանակցութիւններու անհրաժեշտութիւնը։ «Բանակցութիւններ եթէ չկան, ռազմական գործողութիւններու վերսկսման հաւանականութիւնը կը մեծնայ։ Ասոր համար միշտ յիշենք այն հարթութիւնը, որ կը վերաբերի ռազմական գործողութիւններու վերսկսման կանխարգիլման։ Ի հարկէ, Հայաստան պէտք է բանակցի, բայց Հայաստան չի կրնար բանակցիլ այն հարցերուն շուրջ, որոնք Արցախի իշխանութիւններու տիրոյթին մէջ են», շարունակեց փոխ-նախարարը։

Իր յայտարարութիւններուն տեւողութեան Շաւարշ Քոչարեան ընդգծեց, որ իրականութեան մէջ Ատրպէյճան եթէ կը փափաքի յառաջընթաց ունենալ բանակցային գործընթացէ ներս, ապա ուղղակի պէտք է բանակցի Ստեփանակերտի հետ, այդպիսի ենթակայի մը գոյութիւնը անտեսելու փոխարէն։ Ըստ իրեն, այս ուղղութեամբ վառ օրինակ մըն է 1994 թուականի ռազմական գործողութիւններու դադրեցման եռակողմանի համաձայնագիրը։ Պաքու ուղղակի սկսաւ բանակցիլ Ստեփանակերտի հետ, համաձայնագիրը ըստ էութեան պատրաստ էր, Պաքուէն առաջարկեցին Երեւանին միանալ, Երեւանը միացաւ, բայց կրնար եւ չմիանալ։

Քոչարեանի գնահատմամբ՝ այսօր բանակցութիւններուն մէջ չկայ յառաջընթացի հնարաւորութիւն Պաքուի քաղաքականութեան պատճառով։ «Այն պահուն, երբ Պաքու կ՚ընդունի Արցախը որպէս լիարժէք բանակցային կողմ՝ մենք կրնանք ակնկալել, որ բանակցութիւններուն մէջ կրնայ յառաջընթաց ըլլալ», եզրափակեց Քոչարեան։

Միւս կողմէ, միջնորդներու Երեւան այցելութեան ընդառաջ մեկնաբանութիւններով հանդէս եկաւ ռուս քաղաքագէտ Վատիմ Տուպնով։ «Եթէ կողմերը պատրաստ չեն կարգաւորման, այդ հանդիպումները պիտի ըլլան պարզապէս հանդիպումներ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ միջնորդներու ներկայ այցելութեան օրակարգին վրայ կրնան քանի մը նիւթեր գտնուիլ։ Տուպնովի համոզմամբ, բնականաբար, առաջին շեշտադրումը այն է, որ համանախագահները Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն հետ պիտի ունենան իրենց անդրանիկ շփումը։ Երկրորդն է՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացը աշխոյժ փուլ մտցնելու հարցը։ «Կը կարծեմ, թէ համանախագահները պիտի հետաքրքրուին, որ ինչ փոխուած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ հայկական կողմի մօտեցումներուն մէջ», ըսաւ Տուպնով։

Նիկոլ Փաշինեանի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի յայտարարութիւնները բնականաբար ուսումնասիրուած են համանախագահներուն կողմէ։ Բայց եւ այնպէս, ուղղակի տեղեկութիւն ստանալու, դէմ առ դէմ հանդիպումներու արդիւնաւորութիւնը անկարելի է կասկածի տակ դնել։

Ռուս մեկնաբանի կարծիքով, յատկապէս քննարկման նիւթ կը դառնան Նիկոլ Փաշինեանի դիտարկումները՝ նախորդ պայմանաւորուածութիւններու կատարման վերաբերեալ։ Փաշինեան ցարդ չէ մեկնաբանած, թէ իր կարծիքով որոնք են նախորդ պայմանաւորուածութիւնները։ Տուպնով շեշտած է, որ խօսքը կը վերաբերի Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ գոյացած համաձայնութիւններուն, սակայն այդ հարցերուն շուրջ յստակացումներու կարիք կայ։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԱՇՈՏԵԱՆ

Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան երեսփոխաններէն Արմէն Աշոտեանն ալ համանախագահներու Երեւան այցելութենէն առաջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան կոչ ուղղեց երկրի նոր իշխանութիւններուն՝ որպէսզի հետեւողական ըլլան Սէն Փեթերսպուրկի, Ժընեւի եւ Վիեննայի պայմանաւորուածութիւնները ի կատար ածելու ուղղութեամբ։ «Արցախեան հարցին մէջ սգօնութեան պահպանումը եւ սթափ գործելու պահը երբեք չ՚անցնիր։ Այս տեսակէտէն կը կարծենք, թէ ակնյայտ է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ներկայ այցը հրաշալի հնարաւորութիւն մըն է անգամ մը եւս բարձրաձայնելու համար Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդի քաղաքական կամքն ու մօտեցումները», ըսաւ ան։

Իր յայտարարութիւններու մէջ Արմէն Աշոտեան ըսաւ նաեւ հետեւեալը. «Մինսքեան խմբակի համանախագահները իրենց այցելութեան ընթացքին պէտք է գիտակցին, թէ Հայաստանի մէջ որեւէ ներքին քաղաքական տեղաշարժ, Արցախի որեւէ գործընթացը չեն կրնար խաթարել հայ ժողովուրդի միասնական կամքը՝ Արցախը անկախ ու ազատ տեսնելու համար»։

Չորեքշաբթի, Յունիս 13, 2018