ԳԱՌՆԻԻ ՄԷՋ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Գառնիի մէջ կայանալիք ելեկտրոնային երաժշտութեան փառատօնը պիտի նպաստէ միլիոնաւոր մարդոց տեղեկանալու այս յուշարձանի գոյութեան մասին։

Կառավարութիւնը թոյլ պիտի տայ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան «Պատմական մշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ին, 6 միլիոն դրամի շրջանակներու մէջ, «Triangulum Community» ընկերութեան հետ միատեղ «Գառնի» պատմական մշակութային արգելոց-թանգարանի տարածքին կազմակերպել ելեկտրոնային երաժշտութեան փառատօն: Այս մասին հաղորդած է Մշակոյթի նախարարի տեղակալ Տիգրան Գալստեան: Ան նշած է, որ այդ կազմակերպութիւնը ելեկտրոնային երաժշտութեան փառատօներ կը կազմակերպէ այնպիսի վայրերու մէջ, ինչպիսիք են՝ Նիւ Եորքի Ազատութեան արձանին, Փարիզի Էյֆելի աշտարակին մօտ եւ այլուր: Այդ փառատօները առցանց կը հեռարձակուին ընկերային կայքէջերով եւ կ՚ունենան 10-30 միլիոն դիտում:

Տիգրան Գալստեանի խօսքով, Գառնիի մէջ այդ փառատօնին իրականացումը թոյլ պիտի տայ միլիոնաւոր մարդոց տեղեկացնելու այս յուշարձանի գոյութեան մասին ու ապահովել զբօսաշրջիկներու հոսք: «Այս ծրագիրին հիմնական նպատակը գովազդ ապահովելն է, որ մենք ունինք Գառնիի պէս տաճար մը», ըսաւ փոխ-նախարարը՝ աւելցնելով, որ այդ կազմակերպութիւնը տարեկան քսան նոյնանման փառատօն կը կազմակերպէ, իսկ մեր տարածքաշրջանին մէջ առաջինը պիտի ըլլայ:

Տիգրան Գալստեան յայտնեց նաեւ, որ այդ կազմակերպութիւնը միակն է, եւ պետական գնումը կը կատարուի մէկ անձի միջոցով, ոչ թէ՝ մրցոյթով:

«Անոնք, որոնք ծանօթ են ելեկտրոնային երաժշտութեան բնագաւառին, յայտնած են, որ այս ոլորտին մէջ կայացած աշխարհի առաջատար փառատօներէն մէկն է, որ պիտի իրականանայ, եւ շատ մեծ ուշադրութիւն պիտի կեդրոնացուի Հայաստանի վրայ: Ակնյայտ է, որ Հայաստանի մէջ ելեկտրոնային երաժշտութիւն սիրողներու մեծ բանակ կայ: Նաեւ կը սպասուի, որ այս փառատօնին իբրեւ արդիւնք՝ զբօսաշրջիկներու մեծ խումբեր պիտի գան, որպէսզի փառատօնին մասնակցին», հաղորդած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Հինգշաբթի, Յունիս 13, 2019