ԳՈՐԾԸ ՎԵՐՋԱՑԱԾ Է

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա Ս-400 հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգերը առած է ու այդ գործը վերջացուցած։

«Չեմ ըսեր, որ Ս-400-ներ պիտի գնենք, գնած ենք, այս գործը վերջացուցած ենք։ Յառաջիկայ ամիս պիտի յանձնուին։ Ես միթէ անհրաժեշտ նախազգուշական միջոցները ձեռք պիտի չառնե՞մ իմ երկիրս պաշտպանելու համար։ Յարմար գինով եւ համատեղ արտադրութեան անցնելու խոստումով ստորագրած ենք մեր պայմանագիրը», ըսաւ Էրտողան եւ յիշեցուց, որ ամերիկեան Ֆ-35 ռազմաօդանաւերու ծրագրին համար ալ Թուրքիա վճարած է 1 միլառ 250 միլիոն տոլար։ «Բոլոր հարթութիւններու վրայ հաշիւ պիտի պահանջենք՝ առանց արդար ու բանիմաց յենարանով այս ծրագրէն մեր արտաքսուելուն բերումով», ընդգծեց նախագահը։

ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնին մէջ Էրտողան երէկ դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխաններուն հետ։ Այս հանդիպումէն առաջ ան ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ Ռուսաստանէն արտադրուելիք Ս-400 հրթիռներու հարցին։ «Վերջին շրջանին մեր երկրի դիմագրաւած դժուարութիւնները պատահական չեն, ընդհակառակն կապուած են իրարու հետ։ Կան նեղ շրջանակի մէջ խօսուած հարցեր, կան նաեւ այսպիսի միջավայրերու մէջ խօսուածներ։ Թէ ինչե՞ր կանգնած են ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ետին. պէտք չկայ ըսել այս մասին։ Ո՞վ է, որ ամենամեծ զօրակցութիւնը կը ցուցաբերէ անոնց։ Մեր ռազմավարական գործընկերը։ Տասնեակ հազարաւոր բեռնատարներով զէնք ու զինամթերք չուղարկեցի՞ն։ Ամէն ինչ ուղարկեցին։ Եւ անոնք հիմա ունին միակ նպատակ մը։ ԱՔ կուսակցութիւնը իշխանութեան գլուխէն ուղարկել։ Սակայն պիտի չկարողանան ուղարկել, որովհետեւ այդ ուժը չունին», ըսաւ Էրտողան հաւաքոյթի ընթացքին։

Անդրադառնալով Սուրիոյ խնդրին՝ Էրտողան ընդգծեց, որ Ս-400-ներու եւ Ֆ-35-ներու ճգնաժամերը պէտք չէ իրարմէ անջատ տեսնել։ Արդարեւ, նախագահը մատնանշեց, որ քարիւղ որոնելու համար Թուրքիա չորս հատ նաւ ապահոված է։ Նախապէս այսպիսի հանգամանք մը չկար։ Հիմա Թուրքիան ալ որոնումներու եւ ուսումնասիրութիւններու ձեռնարկած է։ Աշխատանքները յառաջ կը տարուին ռազմածովային զօրքերու հսկողութեամբ։ Էրտողան յոյս յայտնեց, որ ի վերջոյ կէտի մը վրայ նաւթ պիտի գտնուի։ Այդ պահուն Հիւսիսային Կիպրոսի թուրքերու իրաւունքները պիտի պաշտպանուին՝ միջազգային ծովային իրաւունքի հիման վրայ։ «Մեզի ոեւէ մէկը չի կրնար ըսել, որ այս բանը ինչու այսպէս ըրած ենք։ Մենք ալ իրեն կը հարցնենք. դուն ի՞նչ գործ ունիս այստեղ։ Մենք երաշխաւոր երկիր ենք։ Ինչ որ են մեր իրաւունքները, զանոնք պիտի պաշտպանենք մինչեւ վերջ։ Այնտեղի մեր թուրք եղբայրներու իրաւունքները ոչ մէկուն կողմէ պիտի ոտնահարուին», ըսաւ Էրտողան։

Իր ելոյթին մէջ նախագահը յիշեցուց, որ Ս-400 հրթիռային համակարգերը պաշտպանութեան նպատակին ուղղուած են։ «Նման համակարգ մը ուզա՞ծ ենք Ամերիկայէն. ուզած ենք։ Տուա՞ծ ես. չես տուած։ Ըսած ես, որ Քոնկրէսը թոյլ չէ տուած։ Եթէ թոյլ չէ տուած, մենք ալ մեր գլխու ճարը կը նայինք», ընդգծեց նախագահը եւ աւելցուց, որ Ֆ-35-ներու պարագային Թուրքիա միայն յաճախորդ մը չէ, այլ նաեւ արտադրութեան գործընկեր մըն է։ Էրտողան մատնանշեց, որ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ այս հարցին շուրջ շփումները կը շարունակուին։ Ան յիշեցուց, որ ամսավերջին ալ Ճաբոնի մէջ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ միասին պիտի ըլլան։ Իր խօսքով՝ թրքական կողմը կը փափաքի այս գործը վերադարձնել մեկնարկային կէտ։ «Միջերկրականի արեւելքին թոյլ պիտի չտանք որեւէ քայլի, որով մեր շահերը հաշուի չեն առնուիր», ընդգծեց նախագահը։

Հինգշաբթի, Յունիս 13, 2019