ԶՕՀՐԱՊ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ. «ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՄԵՆՔ Կ՚ԱՌԸՆՉՈՒԻՆՔ ԱՆՎՏԱՆԳԱՅԻՆ ԼՈՒՐՋ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ»

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան վերջին օրերուն երկրի խորհրդարանէն ներս լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն։ Զօհրապ Մնացականեան Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս անցեալ տարուան պիւտճէի կատարողականին վերաբերեալ երեսփոխաններու հետ քննարկումի մը մասնակցեցաւ։ Այդ նիստէն վերջ ան զրուցեց նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Լրագրող մը իրեն հարց ուղղեց Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու մասին։ Հարցին մէջ յիշեցուեցաւ Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի վերջերս կատարած յայտարարութիւններէն մէկուն տրուած պատասխանը։ Այս ամբողջին մէջ Մնացականեան Անգարա-Երեւան առանցքի ներկայ կացութեան վերաբերեալ ըսաւ հետեւեալը.

«Հարցը կը վերաբերի տարածքաշրջանային քաղաքականութեան եւ Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւններուն։ Դժբախտաբար, մենք ունինք իրավիճակ մը, որու հետեւանքով մենք կ՚առընչուինք անվտանգային լուրջ մարտահրաւէրի։ Իմ գերակայ կեդրոնացումը այս բանին վրայ է։ Թէ ի՞նչ միջոցներով ի՞նչ ըսել, ինչպէ՞ս ձեւակերպել եւ ինչպէ՞ս քաղաքականութիւն իրականացնել՝ կախում ունի արդէն յստակ իրավիճակէն։ Բայց ամենահիմնական խնդիրը ներկայիս ընդհանուր միջավայրն է, ուր մենք ունինք լուրջ անվտանգային մարտահրաւէր, որ կը ծագի այդ յարաբերութիւններու բացակայութենէն»։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2020