ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ ՀԱԶԱՐԻ ՇԵՄԷՆ ՎԵՐ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հերթական անգամ հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 41 հազար 13 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1195 նոր վարակեալ։ Երէկուան դրութեամբ համաճարակի զոհ գնաց 15 հիւանդ եւ նոյն ժամանակահատուածին առողջացածներու թիւը եղաւ 1242։

Նոր վարակեալներու թիւի վե-րըստին հազարի շեմէն վեր բարձրացած ըլլալը պատճառ կը դառնայ ընդհանուր մտահոգութեան։ Վերջին օրերուն մասնագէտներ արդէն ահազանգ կը հնչեցնէին այս հաւանականութեան կապակցութեամբ։ Մէկ կողմէ երկրէն ներս յառաջ կը տարուի առօրեայի աստիճանական բնականոնացման գործընթացը, իսկ միւս կողմէ նոր վարակեալներու թիւին թափ հաւաքելը խոր մտահոգութիւն կը յառաջացնէ եւ անխուսափելիօրէն օրակարգի վրայ կը բերէ նոր սահմանափակումներու գործադրութեան վարկածը։

Զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ այս համայնապատկերին կ՚անդրադառնան անհանգստութեամբ՝ միշտ տեղ տալով մասնագէտներու խորհրդածութիւններուն։ Իւրաքանչիւր օրուայ հաշուարկով շուրջ շաբաթ մը առաջ Թուրքիոյ մէջ հաստատուած դէպքերը 700-ներու սահմանին վրայ էին, իսկ ներկայիս արդէն դարձեալ գերազանցած են հազարի շեմը՝ նոյնիսկ երէկուան տուեալներով մօտենալով ուր որ է 1200-ի շեմին։ Այս իրավիճակին մէջ բոլոր հարթութիւններու վրայ զգուշացումներ կը հնչեն, որպէսզի քաղաքացիները անպայման հետեւին կանոններուն՝ ֆիզիքական հեռաւորութիւն պահեն, մաքրութեան նկատմամբ ըլլան նախանձախնդիր եւ դիմակ կրեն։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2020