ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ՝ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ

Հեծելարշաւի միջազգային դաշնակցութիւնը մտադիր է յառաջիկայ օգոստոսի 1-ին սկսիլ մրցաշրջանին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը գրէ Հեծելարշաւի միջազգային դաշնակցութեան մամոյ ծառայութիւնը: Ըստ յայտարարութեան, արդէն իսկ հաստատած է տղամարդոց եւ կանանց համար նախատեսուած մրցաշրջանի միւս հատուածի օրացուցային ծրագիրը: Աշխարհահռչակ «Թուր տը Ֆրանս»ը կը կայանայ օգոստոս 29-սեպտեմբեր 30 թուականներու միջեւ, «Զիրօ տէ Իթալիա»ն հոկտեմբերի 3-25 թուականներու միջեւ, իսկ «Վուելտա Իսփանիա»ն՝ հոկտեմբեր 20-նոյեմբեր 8 թուականներու միջեւ:

Հեծելարշաւի միջազգային դաշնակցութիւնը պատանեկան գրեթէ բոլոր մրցաշարքերը յետաձգած է մէկ տարիով՝ անոնք կը կայանան 2021 թուականին:

Ինչպէս ծանօթ է, հեծելարշաւի միջազգային բոլոր մրցաշարքերը դադարեցուած էին մարտին՝ քորոնաժահրի համավարակի պատճառով:

Շաբաթ, Յունիս 13, 2020