Շաբաթ 8, Փետրուար 2025
ՏԻԳՐԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Հայաստանի ճատրակի դաշնակցութիւնը յառաջիկայ 17 յունիսին Երեւանի ժամով 13.00-ին, «lichess.org» կայքին վրայ կը կազմակերպէ Տիգրան Պետրոսեանի ծննդեան նուիրուած առցանց մրցաշարք մը:
Այդ մրցաշարքին կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել 18 տարեկանէն վար բոլոր ճատրակ խաղացողները, անոնք վարկանշային կէտեր ունենան կամ ոչ:
Տիտղոսակիրը պիտի պարգեւատրուի «Տիգրան Պետրոսեան» ոսկէ մետայլով, իսկ երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւողները, յաջորդաբար՝ արծաթէ եւ պրոնզէ մետայլներով:
Տարբեր տեսակի մրցանակներ պիտի ստանան նաեւ 4-րդ եւ 5-րդ դիրքերը գրաւած խաղացողները:
Շաբաթ, Յունիս 13, 2020