ՔԻՄ ՔԱՐՏԱՇԵԱՆԻ ԴԷՄ ԸՍԱԾ ԽՕՍՔԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՄՈՒՐԱՏ ԷՕՎԻՒՉ ԿՐՆԱՅ ԴԱՏՈՒԻԼ

Ամերիկահայ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանի կողմէ անցեալ 24 ապրիլին կատարուած յայտարարութիւնները հետաքրքրական արձագանգ ստեղծեցին Թուրքիոյ մէջ։ Այսպէս, ինչպէս հաղորդած էինք, ընկերային ցանցերու «աստղ» Մուրատ Էօվիւչ հանդէս եկած էր յայտարարութիւններով, որոնք Քիմ Քարտաշեանին հակազդելու կամ պատասխանելու հանգամանքէ անդին՝ ատելութեան արտայայտութիւններ էին ամբողջ հայ ժողովուրդի դէմ։ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր կը հաղորդէ, որ սոյն խնդրին բերումով դատ բացուած է Մուրատ Էօվիւչի դէմ եւ կը պահանջուի անոր մէկուկէս տարի ազատազրկումը։ Դատական հայցը ներկայացուած է՝ ժողովուրդը քինախնդրութեան եւ թշնամութեան ուղղութեամբ դրդելու մեղադրանքով։ Դատական դիմումը ներկայացուած է Իսթանպուլի 14-րդ Պատժական ատեանին։ Մեղադրագրի ընդունման կամ մերժուելուն վերաբերեալ որոշումը յառաջիկայ օրերուն պիտի հրապարակուի։

Յիշեալ թերթը չէ հաղորդած, որ այս դատական դիմումը որո՞ւ կողմէ կատարուած է։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2020