ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՏՈՀԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր պաշտօնական այցելութեամբ կը մեկնի Տոհա։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կը հիւրընկալուի Քաթարի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ։

Բանակցութիւններու օրակարգին վրայ կը գտնուին Հայաստանի եւ Քաթարի միջեւ զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան ապագայ զարգացման եւ յարաբերութիւններու ամրապնդման վերաբերեալ հարցեր։

Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2022