Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ…

Մինչ զանազան երկիրներու մէջ ընտրութիւնները կրնան համեմատաբար լուծել տուեալ երկրէն ներս լարուածութիւնը եւ կերտել քաղաքական նոր փուլ մը, բայց եւ այնպէս, Հայաստանի պարագան բոլորովին այլ է։

Հայաստանի վերջին ընտրութիւնները, փաստօրէն, չկարողացան անդորր մը բերել երկրին։ Հայաստանի ընդհանուր իրադրութիւնը, իրադարձութիւնները ու յատկապէս իշխանութեան հանդէպ օր ըստ օրէ աճող անվստահութեան մթնոլորտը ստեղծեցին բաւականին մեծ ներքին լարուածութիւններ, որոնց վերջին արարը եղաւ Տ. Բագրատ արք. Գալստանեանի առաջնորդած «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի փրկութեան» շարժումը։

Այս շարժման շուրջ վերլուծութիւնները, ի հարկէ, բազմաթիւ են, իսկ Հայաստանի ներքաղաքական առօրեան կը շարունակէ մնալ լարուած։ Ժողովուրդին համար ամենակարեւոր ու ամենաէական հարցը այն է, որ արդեօք ներքին լարուածութիւններու, բողոքի ալիքներու, ցոյցերու եւ խռովութիւններու ճամբով կարելի պիտի ըլլա՞յ երկիրը դուրս բերել անորոշութիւններէն։ Այս հարցումին պատասխան մը գտնել դժուար է, որովհետեւ Հայաստանի մէջ մեծ ու փոքր դէպքերն ու պատահարները եկան համոզելու, որ երկրին մէջ կրնան պատահիլ այնպիսի զարգացումներ, որոնք մէկ խօսքով կը համարուին խելքէ վեր։ Օրինակ՝ հակառակ Հայաստանի կրած մեծ պարտութեան ու հակառակ Փաշինեանի վարչախումբին գործած սխալներուն, նոյն վարչախումբին կողմէ արտահերթ ընտրութիւններ իրականացնելու ժամանակ՝ ժողովուրդը մերժեց իշխանափոխութիւն իրականացնելու մեծ առիթը ու անգամ մը եւս վարչապետի աթոռին ընտրեց Նիկոլ Փաշինեանը։

Այս դրուագը միայն բաւարար ու բաւական է, անշուշտ, հասկնալու համար, որ յատկապէս Հայաստանի մէջ քաղաքական տրամաբանութեան հիմնական կանոնները չեն գործեր։ Մինչ այդ, այս նիւթին առընթեր կան բաւականին վճռական եւ կողմնակի ազդեցութեան դրոյթներ, որոնք արժանի են լուրջ եւ խորասոյզ քննարկումի։ Արդիւնքին՝ հասկնալի կրնայ դառնալ, թէ ինչո՞ւ Հայաստանի քաղաքացին մերժեց Ռոպերթ Քոչարեանը ընտրել, փաստօրէն Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահը համարելով անընդունելի գործիչ մը։

Ի հարկէ, եթէ խօսքին փաստերով, որոնք մեծ մասամբ կը հեշտացնեն առիթները աւելի խորունկ վերլուծական հայեացքով մը՝ մանաւանդ, որ կարգ մը արտաքին գործօններ, որոնք ազդու եւ ազդեցիկ էին մօտիկ անցեալին, կերպով մը փոխուած են, ստեղծելով բոլորովին նոր պայմաններ։

Ամէն պարագայի աւելի քան յստակ է արդէն, որ Հայաստանի մէջ փողոցի ճանապարհով իշխանափոխութիւն իրականացնելու երեւոյթը գրեթէ առիթ չունի, բացի, եթէ պատահին տարերային ու եղանակ փոխող զարգացումներ, որոնք ըստ ամենայնի այսօրուան դրութեամբ երեւելի չեն հորիզոնին վրայ։ Ուրեմն, իշխանափոխութիւն կայացնելու միակ ուղին, որ այսօր երեւելի է քաղաքական հորիզոնին վրայ, համապետական ընտրութիւններն են, որոնց արտահերթ կերպով իրականացումը մշտապէս քննարկման նիւթ է թէ՛ ընդդիմադիր, թէ՛ իշխանական ճակատներուն վրայ։

Բաց աստի, հրապարակախօս Վահէ Յովհաննիսեան այս նիւթին անդրադարձած է «Արտահերթ ընտրութիւններ» խորագրեալ յօդուածով մը։ Արեւմատահյերէնի վերածելով՝ սոյն յօդուածէն մէջբերումներ կը ներկայացնենք ստորեւ։

Ըստ Յովհաննիսեանի՝ այս օրերուն բոլորը իրարու կը հարցնեն. ի՞նչ պիտի ըլլայ, ո՞ւր կը տանի շարժումը։ Շատեր կը հարցնեն՝ իրենց անձնական ընելիքը կամ դիրքորոշումը ծրագրելու համար. ինչ որ բնական է։ Փորձեմ պատասխանել։

Վերջին զարգացումները մեզ կանգնեցուցած են ընտրութեան առջեւ, որմէ ոչ ոք պիտի կարողանայ խուսափիլ, որքան ալ, բնաւորութեան համաձայն, փորձէ անձայն ու անտեսանելի մնալ։ Իսկական ընտրութիւնը սկսած է, այդ ընտրութեան համար ո՛չ ԿԸՀ (Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով) պէտք է եւ ոչ ընտրատեղամասեր։

Քուէաթերթիկին մէջ քանի մը պարզ-յստակ հարց կայ.

1. Պետութիւնը պիտի պահե՞նք, թէ ոչ,

2. Պիտի մնանք մա՞րդ, թէ վերածուինք անողնաշար անասունի,

3. Այս պատմական ընտրութեան պահուն ո՞ւր եմ ես՝ ամէն մէկս անձնապէս։

Այս ձեւակերպումները քաղաքական չեն։ Ասոնք արժեհամակարգային են, այս պատճառով անխուսափելի է այս պատմական ընտրութիւնը։

Այս իշխանութեան հակաթոյնը ներքին հաշտութիւնն է:

Այս շարժումը Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու մասին չէ, այլ՝ Հայաստանի ներքին կեանքի։ Այս շարժումը ո՛չ հակաթրքական է, ո՛չ հակաատրպէյճանական, ո՛չ հակաարեւմտեան, ոչ ալ հակառուսական. Հայաստանի ներքին կառուցուածքի, Հայաստանի՝ որպէս կենսունակ պետութիւն վերականգնման շարժում է։ Երբ կ՚ըսեն, որ այս «ճշմարտութեան շարժում է», պէտք է հասկնալ, որ այդ սրտառուչ բառակապակցութիւն չէ, պէտք է հասկնալ հարցի կազմուածքը։ Կիրանցի կամ քարտէսներու մասին չէ։ Մարդիկ յոգնած են անդադար սուտէ, կեղծիքէ, պատերազմի սպառնալիքի տակ կատարուող պետական ստահակութենէ։ Հետեւաբար այս շարժումը չի կրնար տեղայնացուիլ մէկ գիւղի կամ մարզի մէջ։ Բոլոր ընկերային շերտերն ու բոլորը անհատապէս յառաջիկային պիտի ներգրաւուին այս կամ այն չափով, որովհետեւ ներքին սուտը եւ կեղտը ամէնուր է, պետութեան ամէն միլիմեթրի մէջ։

Ի՞նչ թեքնիքական լուծումներ կը ստանայ շարժումը եւ ե՞րբ. ասիկա հարցին քաղաքական կողմն է, որու շուրջ պէտք է սկսիլ աշխոյժ քննարկումները եւ ճիշդ լուծումներու փնտռտուքը։

Ճշմարտութեան եւ ներքին առողջացման շարժումը պիտի թակէ նաեւ «մեծարգոյ»ի սպասարկման համակարգերու դուռը, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք սխալմամբ իրենք իրենց ապահով կը զգան, եւ միշտ որպէս դիտորդ կը նային գործընթացներուն։

Ընդամէնը յիշեցէք, թէ Տէր Զօրի ճանապարհին, որքան հարուստ, կրթուած, իբր ապահով, իբր կապեր ունեցող, իբր դուրսը գոյք ունեցող, իբր «քաղաքականութեամբ չզբաղող» զոհուած է։ Հաւատացէք, բան չէ փոխուած. կա՛մ անհատապէս պիտի կորսուինք, կամ՝ ուս-ուսի տուած պիտի ապրինք։ Այնպէս որ ընտրութիւնը մերն է։ Եկեղեցին ու հանրային նոր շերտը պէտք է տանին ներհանրային հաշտութեան, որու տրամաբանական հանգրուանը պէտք է ըլլայ նոր կառավարութեան ձեւաւորում՝ իր յստակ առաքելութեամբ։ Այդ առաքելութիւնն է՝ ապամագլցում երկրի ներսը եւ երկրի սահմաններուն։ Յետոյ կ՚ըլլան բնականոն եւ հանդարտ քաղաքական գործընթացներ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 13, 2024