Երկուշաբթի 2, Դեկտեմբեր 2024
ՀՈՍՔ
Յաճախ կ՚ըսուի, որ ջուրը կեանք է. ընդ որում, երկուքն ալ կը հոսին։ Այդ հոսքը շատ խորհրդաւոր է, որովհետեւ այնպիսի տպաւորութիւն մը կը ստեղծուի, որ կարծես ոչինչ կը փոխուի։ Ջուրն ալ, կեանքն ալ կը թուին նոյն ձեւով մնացած ըլլալ։
Գուցէ եւ ճի՛շդ ըլլայ։ Անոնք կը հոսին՝ փոխելով միայն մարդը, որմէ շատ բան կը տանին եւ որուն շատ բան կը պարտադրեն։ Ի դէպ, մարդուն բանաձեւումն է, որ կեանքը կը փոխուի։ Մարդը կեանքին կը վերագրէ՝ անոր կողմէ իրեն պարտադրուած փոփոխութիւնը։
Ջուրին ու կեանքին հոսքը կենարար է մարդուն համար։ Ան չի կրնար կասեցնել այդ հոսքը, պարտաւոր է համակերպելու եւ հաճոյք ստանալու։ Միամտութի՞ւն…
Այդ հոսքի կիզակէտին է՝ ժամանակի սահմանումը։
Հինգշաբթի, Յունիս 13, 2024