ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

Թուր­քիա ներ­կայ շա­բա­թը կը դի­մա­ւո­րէ հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան մը ձե­ւա­ւոր­ման օ­րա­կար­գով։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նին կող­մէ այդ պաշ­տօ­նին կո­չուած ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար ու վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու այս նպա­տա­կով շփում­նե­րու կը ձեռ­նար­կէ խոր-հըր­դա­րա­նէն ներս ներ­կա­յա­ց-ւած քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու ղե­կա­վա­րու­թեանց հետ։ Յու­նիս 7-ի ընտ­րու­թեան ար­դիւնք­նե­րուն լոյ­սին տակ երկ­րէն ներս ստեղծուած ու­ժե­րու նոր յա­րա­բե­րակ­ցու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ ո­րո­նում­ներ կը կա­տա­րուին՝ նոր իշ­խա­նու­թեան մը ձե­ւա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի շփում­նե­րու ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցին վրայ ա­ռա­ջին տե­ղը տրուած է ՃՀՓ­-ին։ Վա­ղը եւ միւս օրն ալ ան հեր­թով կը տե­սակ­ցի  ՄՀՓ­-ի եւ ՀՏՓ­-ի հետ։ Այս շփում­նե­րուն ըն­դա­ռաջ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան շրջա­նակ­նե­րը փո­խան­ցե­ցին շի­նիչ պատ­գամ­ներ։ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ը­սաւ, թէ ա­ռանց ո­րե­ւէ նա­խա­պայ­մա­նի եւ ա­ռանց ո­րե­ւէ նա­խա­պա­շա­րու­մի կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու ուղ­ղեալ բո­լոր շփում­նե­րը։ Տա­վու­տօղ­լուի հա­մոզ­մամբ, այ­սօր Թուր­քիոյ մէջ պէտք չէ խո­րաց­նել տար­բե­րու­թիւն­նե­րը, պէտք է նուա­զեց­նել լա­րուա­ծու­թիւն­նե­րը, պէտք է նուա­զա­գոյ­նի հասց­նել տար­բե­րու­թիւն­նե­րը։ «Կ՚ապ­րինք այն­պի­սի օ­րեր, երբ տար­բե­րու­թիւն­նե­րը պէտք է նկա­տենք գե­ղե­ցիկ հարս­տու­թիւն մը։ Բո­լո­րիս կը վի­ճա­կի ծանր պա­տաս­խա­նատուու­թիւն», ը­սաւ Տա­վու­տօղ­լու։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ան շեշ­տեց, որ ի­րենք պատ­րաստ են քննար­կե­լու այն բո­լոր նիւ­թե­րը, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին կա­ռա­վա­րու­թեան։ Տա­վու­տօղ­լուի խօս­քե­րով, քննար­կում­նե­րու ծի­րէն դուրս պէտք է թո­ղուլ միայն այն նիւ­թե­րը, ո­րոնք կապ չու­նին կա­ռա­վա­րու­թեան հետ։ Որ­պէս գլխա­ւոր օ­րի­նակ ան թուար­կեց Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հու­թեան հաս­տա­տու­թիւ­նը։ «Նման վէ­ճե­րէ ան­դին, սե­ղա­նի գլուխ պի­տի նստինք բա­րեա­ցա­կա­մու­թեամբ, տայ Աս­տուած դրա­կան ար­դիւնք մը ու­նե­նանք», ը­սաւ Տա­վու­տօղ­լու։

Ան­գա­րա­յէ հա­սած լու­րե­րուն հա­մա­ձայն, միջ­կու­սակ­ցա­կան հան­դի­պում­նե­րուն ըն­դա­ռաջ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ար­դէն ա­ւար­տած է իր բո­լոր պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը։ Ա­ռա­ջին հեր­թին ան կը նա­խա­տե­սէ ման­րա­մասն տե­ղեակ դառ­նալ հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը կազ­մե­լու վե­րա­բե­րեալ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան, նաեւ փո­խան­ցել ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան մօ­տե­ցում­նե­րը։ Յա­ռա­ջի­կայ տօ­նա­կան շրջա­նէն ա­ռաջ միջ­կու­սակ­ցա­կան շփում­նե­րուն ա­ռա­ջին հանգ­րուա­նը ար­դէն հա­սած կ՚ըլ­լայ իր ա­ւար­տին, իսկ տօ­նա­կան օ­րե­րէն վերջ աշ­խա­տանք­նե­րը կը կեդ­րո­նա­ցուին յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի շօ­շա­փե­լի եւ յստակ ա­ռանցք­նե­րու շուրջ։

ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան յա­ռա­ջա­տար դէմ­քե­րէն Պե­շիր Ա­թա­լայն ալ ե­րէկ յայտ­նեց, թէ ի­րենք հիմ­նա­կան աշ­խա­տան­քը պի­տի տա­նին ՃՀՓ­-ի կամ ՄՀՓ­-ի հետ գոր­ծըն­կե­րու­թիւն մը հաս­տա­տե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2015