ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՃԱԾ Է ԾՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ԹԻՒԸ

Երե­ւա­նի ծննդա­տու­նե­րուն մէջ տա­րո­ւան ա­ռա­ջին կի­սա­մեա­կին ար­ձա­նագ­րո­ւած ծնունդ­նե­րուն թի­ւը կը գե­րա­զան­ցէ նա­խորդ տա­րո­ւան նոյն ցու­ցա­նի­շը: «Ար­մէնփ­րէս» համաձայն, 2015-ի առաջին կի­սա­մեա­կին մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ ծնունդ­նե­րուն թի­ւը նա­խորդ տա­րո­ւան նոյն ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծի ցու­ցա­նի­շը գե­րա­զան­ցած է 180-­ով: 2015 թուա­կա­նի ա­ռա­ջին կի­սա­մեա­կին մայ­րա­քա­ղա­քի ծննդա­տու­նե­րուն մէջ լոյս աշ­խարհ ե­կած է 10464 ե­րա­խայ: Յու­նիս 26-­Յու­լիս 2 թուականներուն միջեւ Երեւանի մէջ ծնած է 452 ե­րա­խայ՝ 242 տղայ, 210 աղ­ջիկ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2015