ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԻՒՆԸ ԹԱՓ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ

Ըն­թա­ցիկ տա­րո­ւան Յու­նո­ւար-Յու­նիս ա­միս­նե­րուն Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղ այ­ցե­լած է 5286 զբօ­սաշր­ջիկ, նա­խորդ տա­րո­ւան նոյն ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծի 4353-ի փո­խա­րէն: Այս մա­սին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի­ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մամ­լոյ  քար­տու­ղար Ա­նի Սարգ­սեան ըսած է. «Այս տա­րի Ար­ցա­խի նկատ­մամբ ար­տա­սահ­ման­ցի լրագ­րող­նե­րու հե­տաքրք­րու­թիւ­նը ան­նա­խա­դէպ է. ա­ռա­ջին վեց ա­միս­նե­րու տո­ւեալ­նե­րով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի­ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան ու հա­սա­րա­կու­թեան հետ կա­պե­րու վար­չու­թեան մէջ լրագ­րո­ղա­կան հա­ւա­տար­մա­գիր  ստա­ցած է հարիւր ար­տա­սահ­ման­ցի լրագ­րող, մինչ­դեռ նա­խորդ տա­րի նոյն ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին՝ քսաներեք»:

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2015