ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԵՑԱՒ ՓԱՐԱՓԼԱՆԱՅԻՆ ԹՌԻՉՔՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ ՄԸ

Հա­յաս­տա­նի մէջ վեր­ջերս ա­ռա­ջին ան­գամ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ փա­րափ­լա­նա­յին թռիչք­նե­րու մի­ջազ­գա­յին մրցա­շարք մը։ Տե­ղա­ցի մաս­նա­կից­նե­րուն ա­ռըն­թեր ար­տա­սահ­մա­նէն բազ­մա­թիւ մար­զիկ­ներ ալ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին այս մրցա­շար­քին։ Երկ­րի գե­ղա­տե­սիլ բնու­թեան ծո­ցին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մրցա­շար­քը։

Գե­ղար­քու­նի­քի մար­զէն ներս տե­ղի ու­նե­ցան թռիչք­նե­րը, ո­րոնց ըն­թաց­քին ստեղ­ծուե­ցան գու­նա­ւոր դրուագ­ներ։ Մաս­նա­կից­նե­րը Սե­ւա­նայ լի­ճի եւ Հա­յաս­տա­նի լեռ­նե­րու գիր­կընդխառ­նուած մթնո­լոր­տին մէջ ի­րա­կա­նա­ցու­ցին ի­րենց թռիչք­նե­րը եւ ար­դիւն­քին ստեղ­ծուած տե­սա­րան­նե­րը իս­կա­պէս խոր տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծե­ցին բո­լո­րին վրայ։

​​

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2015