ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆԻ ՆՈՐ ԶԷՆՔԸ, ՈՐ ԿԸ ԿՈՉՈՒԻ ՊՐԻՔՍ

Ա­րեւ­մուտ­քի կա­տա­րած բո­լոր սեղ­մում­նե­րուն դի­մաց Ռու­սաս­տան կը շա­րու­նա­կէ մնալ անդր­դուե­լի: Ան­ցեալ Դեկ­տեմ­բե­րին եր­կի­րը հա­րուա­ծած տնտե­սա­կան «շին­ծու» տագ­նա­պէն ետք Ռու­սաս­տա­նի նա­խա­գա­հը՝ Վլա­տի­միր Փու­թին տնտե­սա­կան տար­բեր ո­լորտ­նե­րու մէջ կա­րե­ւոր եւ ե­րե­ւե­լի բա­րե­նո­րոգ­ման ծրա­գր­­ե­րու զարկ տա­լով կրցաւ «ներծ­ծել» այդ տագ­նա­պի հե­տե­ւանք­նե­րը: Ռու­սաս­տա­նի թիւ մէկ ա­ռաջ­նոր­դը լաւ ըմբռ­նած է, որ ա­մե­րի­կեան քա­ղա­քա­կան գրո­հին հիմ­քը գլխա­ւո­րա­բար տնտե­սա­կան սեղ­մում­ներ կա­տա­րելն է: Այդ գրոհ­նե­րուն ա­մե­նէն ե­րե­ւե­լին Ուք­րա­յնոյ տագ­նապն է, ո­րուն հան­գոյ­ցին ա­մե­նէն սեղ­մուած օ­ղա­կին մէջ կար Ուք­րայ­նան Ռու­սաս­տա­նէն տա­րան­ջա­տե­լու ե­րե­ւե­լի ճի­գը: Այս պատ­կե­րին դի­մաց Փու­թի­նի հա­մար այ­սօր հիմ­նա­կան նոր խա­ղա­քար­տը կը կրէ ՊՐԻՔՍ ա­նու­նով ճանչ­ցուած տնտե­սա­կան կա­ռոյ­ցը:

ՊՐԻՔՍ-ը հիմ­նուած է 2009 թուա­կա­նին։ Ան նախ ա­նուա­նուած է ՊՐԻՔ (Պրա­զի­լիա, Ռու­սաս­տան, Ի­րան եւ Չի­նաս­տան) եւ ա­ւե­լի վերջ 2010 թուա­կա­նին Հա­րա­ւա­յին Ափ­րի­կէի կա­ռոյ­ցին միա­նա­լով կա­ռոյ­ցը վե­րա­նուա­նուած է ՊՐԻՔՍ: Այ­սօր նոյն ՊՐԻՔՍ-ին բա­ցի Ռու­սա­ստա­նէն մաս կը կազ­մեն՝ Չի­նաս­տան, Հնդկաս­տան, Աֆ­ղա­նիս­տան, Մոն­կո­լիա, Ի­րան, Պրա­զի­լիա եւ Հա­րա­ւա­յին Ափ­րի­կէ: Օ­րեր ա­ռաջ Ռու­սաս­տա­նի Փեշ­կի­րա ինք­նա­­վար մար­զի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ու­ֆա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ՊՐԻՔՍ-ի ժո­ղո­վի բա­ցու­մին Վլա­տի­միր Փու­թին ու­շագ­րաւ յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը հան­դէս գա­լով իր տնտե­սա­կան զէն­քե­րը սե­ղա­նին վրայ դնե­լով կը վստա­հեց­նէր, թէ Չի­նաս­տան Ռու­սաս­տա­նի հա­մար ան­փո­խա­րի­նե­լի եւ ռազ­մա­վա­րա­կան դաշ­նա­կից մըն է: Այլ կա­րե­ւոր շեշ­տադ­րում մը եւս կար Փու­թի­նի խօս­քին մէջ, ո­րու հա­մա­ձայն՝ ՊՐԻՔՍ-ը այ­սօր աշ­խար­հի բնակ­չու­թեան գրե­թէ կէ­սը հա­մախմ­բող կա­ռոյց մըն է: Ռազ­մա­վա­րա­կան հիմ­քով ստեղ­ծուած այս մար­մի­նը կա­րե­ւոր հե­ռան­կար ու­նի: Կա­ռոյ­ցը տնտե­սա­կան ծրա­գր­­ե­րու ար­դէն ծրար մը պատ­րաս­տած է եւ այդ ծրա­գր­ե­րը կ­­՚եր­կա­րին մին­չեւ 2025 թուա­կա­նը:

Ի՞նչ է Վլա­տի­միր Փու­թի­նի թե­լադ­րան­քը այս­տեղ: Զի­նուո­րա­կան գրե­թէ բո­լոր գե­տին­նե­րու վրայ ան­խախտ մնա­ցած Ռու­սաս­տան իր ձեռ­քին մէջ կը պա­հէ չի­նա­կան եւ հնդկա­կան քոն­սեփթ­նե­րը: Մինչ օրս նշեալ եր­կու կո­րի­զա­յին հզօր­նե­րը լուռ կեր­պով կը հե­տե­ւին Սու­րիոյ, Ի­րա­քի եւ Ուք­րայ­նոյ տագ­նապ­նե­րուն, ռու­սա­կան կող­մը կը հա­ւաս­տիաց­նէ, որ ի­րենք ընկ­ճուած կողմ ու մա­նա­ւանդ ան­տե­սուած տէ­րու­թիւն­ներ չեն: Փու­թի­նի յա­ջո­ղու­թեան մե­ծա­գոյն գրա­ւա­կա­նը Սու­րիոյ մէջ դի­մա­կա­յե­լը ե­ղաւ ու հա­կա­ռակ հա­մաշ­խար­հա­յին մակարդակի, Սու­րիոյ Նա­խա­գահ Պե­շար Է­սա­տին դէմ ե­ղած բուռն քննա­դա­տու­թիւն­նե­րուն խա­ղը մնաց հիւ­սի­սի հզօ­րին ձեռ­քը: Բա­ցի այս խնդրէն, Ռու­սաս­տան հա­կա­ռակ Սու­րիոյ խնդրին շուրջ Թուր­քիոյ հետ իր ու­նե­ցած տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րուն, մեր­ձե­ցում ցու­ցա­բե­րեց Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի իշ­խա­նու­թեանց եւ Փու­թին Ան­գա­րա հաս­նե­լով տնտե­սա­կան ու յատ­կա­պէս կա­զա­յին կա­րե­ւոր հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ կնքեց: Այս բո­լո­րէն զատ պէտք է շեշ­տադ­րել, Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ ռուս­ե­րուն հետ լե­զու գտնե­լու ճի­գը, որ ա­մէն ա­ռի­թով բա­խե­ցաւ քա­ղա­քա­կիրթ մեր­ժում­նե­րու: Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ Ռու­սաս­տան մի­լիառ­ներ ար­ժող տնտե­սա­կան հա­մաձ­յանգ­րեր կնքեց Ռիա­տի հետ եւ մեծ պա­տիւ­նե­րով ըն­դու­նեց թա­գա­ւո­րու­թեան փոխ-գա­հա­ժա­ռանգ Մու­համ­մէտ Պըն Նա­յէֆ իշ­խա­նը, Մոս­կուա­յի թե­լադ­րան­քը սիւն­նի­նե­րուն մնաց նոյ­նը: Փու­թին ա­ռանց երկմ­տե­լու կ­­՚ը­սէր. «Գա­ցէք եւ ձեր հար­ցե­րը կար­գա­ւո­րե­ցէք Թեհ­րա­նի հետ»: Ռու­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ամ­րու­թեան ա­մե­նէն կա­րե­ւոր ցու­ցա­նի­շը իր դաշ­նա­կից­նե­րը չզո­հե­լու մար­տա­վա­րու­թիւնն է, եւ այս մօ­տեց­ման լա­ւա­գոյն ա­պա­ցոյ­ցը Է­սա­տի իշ­խա­նու­թեան վրայ մնա­լու ա­ռըն­թեր Ռու­սաս­տա­նի անմ­նա­ցորդ ճիգն ու վճռա­կա­մու­թիւնն է: Ա­րեւմ­տեան դէ­տեր քա­նիցս հար­ցադ­րում­ներ ը­րած են, թէ ար­դեօք Փու­թին յար­մար պա­հու մը պի­տի «ձեր­բա­զա­տի՞» Է­սա­տէն ու ա­նոնց հար­ցադ­րում­նե­րը մնա­ցած են օ­դին մէջ: Ռու­սաս­տան լաւ գի­տէ, որ Է­սա­տի իշ­խա­նու­թիւ­նը «սրբու­թիւն սրբոց» մը չէ, սա­կայն գի­տէ նաեւ, որ Է­սա­տի հրա­պա­րա­կէն հե­ռա­նա­լով պի­տի սկսի «տաք ջու­րե­րէն» իր հե­ռաց­ման նախ­նա­կան գոր­ծըն­թա­ցը: Փու­թին չէ մոռ­ցած Լի­պիոյ եւ Ի­րա­քի մէջ ի­րա­կան­ացուած բե­մագ­րու­թիւն­նե­րը, ուր տե­ղւոյն «բռնա­կալ­ներ»ը կրծե­լու պատ­րուա­կով Ա­րեւ­մուտ­քը քաոս ստեղ­ծե­լէ ետք, ա­րիւ­նոտ ձեռ­քե­րով այ­սօր եւս կը ծծէ տե­ղւոյն հիմ­նա­կան հարս­տու­թիւ­նը՝ նաւ­թը:

 Ռու­սաս­տան կա­րե­ւոր դեր ու­նե­ցաւ նաեւ Ի­րան-Ա­րեւ­մուտք հա­մա­ձայ­նու­թեան հա­մար տա­րուող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ամ­բողջ ըն­թաց­քին մէջ: Ի­րան­ցի­նե­րը տա­կա­ւին եր­կար շնոր­հա­կա­լու­թիւն պի­տի յայտ­նեն այդ ա­ռու­մով իսկ հա­մա­ձայ­նու­թեան գո­յա­ցու­մէն ետք, ա­նոնք պի­տի ան­դա­մակ­ցին «Շանկ­հա­յի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան», որ դար­ձեալ ստեղ­ծուած է ռու­սա­կան ճի­գե­րով եւ ո­րուն Չի­նաս­տա­նէն զատ մաս կը կազ­մեն Ղա­զա­խիս­տան, Տա­ճի­կիս­տան, Խրղը­զիս­տան եւ Էօզ­պե­քիս­տան: ՊՐԻՔՍ եւ Շանկ­հա­յի տնտե­սա­կան հա­մա­ժո­ղով­նե­րը ա­ճող կա­ռոյց­ներ են: Ա­նոնք տնտե­սա­կան օ­րա­կարգ թե­լադ­րող նե­րուժ ու­նին: Նախ ու­նին մե­ծա­թիւ, չը­սե­լու հա­մար հզօր բնակ­չու­թիւն, հե­տե­ւա­բար նոյն­պէս ու­նին սպա­ռող եւ ար­տադ­րող լայն հա­սա­րա­կու­թիւն­ներ:

Այս տուեալ­նե­րուն դի­մաց Եւ­րո­պա­կան միու­թե­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցող խլրտում­նե­րը ու յատ­կա­պէս Յու­նաս­տա­նի մէջ ար­ձա­նագ­րուած դէպ­քե­րն ու «Ո՛չ» խո­րա­գի­րը բարձ­րա­ցու­ցած քուէ­հա­մա­րը ցոյց տուին, որ Եւ­րո­պա­յի տնտե­սա­կան միաս­նու­թիւ­նը ա­ռա­ջուան ե­րանգ­նե­րը չու­նի: Տա­կա­ւին ո՛վ կրնար պատ­կե­րաց­նել, որ եւ­րո­պա­կան ըն­տա­նի­քին ա­մե­նէն թոյլ օ­ղակ­նե­րէն մին հա­մա­րուող Յու­նաս­տա­նի ե­րի­տա­սարդ վար­չա­պե­տը՝ Ա­լեք­սիս Չի­փրաս եւ­րո­պա­կան ըն­տա­նի­քին խոր­հուրդ­ներ պի­տի տար՝ հե­ռու մնա­լու ի սպառ բա­ժա­նում­նե­րու եւ ջլա­տու­մի վտանգ­նե­րէն: Յու­նաս­տա­նի ձա­խա­կող­մեան ղե­կա­վա­րը նաեւ գի­տէ, որ ՊՐԻՔՍ-ին ան­դա­մակ­ցե­լու խնդի­րը կա­րե­ւոր նա­խա­քայլ մը պի­տի ըլ­լայ նոր բե­ւե­ռա­ցում­նե­րու ու­ղղուող աշ­խար­հին հա­մար: Ու այս ընդ­հա­նուր օ­րա­կար­գէն հիմ­նա­կան օգտուո­ղը պի­տի ըլ­լայ Ռու­սաս­տա­նը, որ իր շար­քե­րուն մէջ պի­տի նե­րառ­նէ ո՛չ միայն Յու­նաս­տա­նը, այլ՝ բա­զում եր­կիր­ներ, ո­րոնք տնտե­սա­կան սուր տագ­նապ­նե­րու եզ­րին են. օ­րի­նակ՝ Սպա­նիան, Փոր­թու­գա­լը եւ այլ եր­կիր­ներ: Այս նոր հա­ւա­նա­կան բե­մագ­րու­թիւն­նե­րուն փո­խա­րէն Ամերիկայի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, ո­րուն ներ­կայ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կը թուի յոգ­նած ըլ­լալ ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճակ­նե­րէն, ո­րո­շած է մին­չեւ 2017 թուա­կա­նը, այ­սինքն Պա­րաք Օ­պա­մա­յի նստաշր­ջա­նին ա­ւար­տը ժա­մա­նակ շա­հիլ եւ խու­սա­նում­ներ կա­տա­րել բո­լոր ճա­կատ­նե­րու վրայ:

Թէ ինչ հան­գա­մանք­ներ կրնայ ու­նե­նալ պրիք­սեան հա­մախմ­բու­մի այս կա­րե­ւոր ժո­ղո­վը. այդ մէ­կը պարզ կը դառ­նայ տնտե­սա­կան նոր ազ­դակ­նե­րու ե­րե­ւու­մով: Միով բա­նիւ ե­րե­ւե­լի է, որ այս եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ առ­կայ դա­շին­քը միայն տնտե­սա­կան չէ, այլ ըն­դու­նինք կամ ոչ, ու­նի գա­ղա­փա­րա­կան հիմք: Փու­թին հա­կա­ռակ իր ե­րե­սին նե­տուած մե­ղադ­րանք­նե­րուն, եր­բեք նպա­տակ չու­նի նոր Խորհր­դա­յին Միու­թեան մը ման­րա­կեր­տը հիմ­նե­լու: Ան լաւ գի­տէ, որ այդ հանգ­րուա­նը կը պատ­կա­նի պատ­մու­թեան: Գի­տէ նաեւ, որ այ­սօ­ր-ւան աշ­խար­հին մէջ տնտե­սա­կան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու, նոր տես­լա­կա­նով գան­ձատ­րա­կան տար­բեր շեր­տե­րուն հետ լե­զու գտնե­լու մօ­տե­ցում­նե­րը դար­ձած են ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն: Այ­սօ­րուան աշ­խար­հը կը խօ­սի ոչ թէ «իզ­մ»ե­րու, այլ շա­հե­րու լե­զուով: Ճիշդ է նաեւ, որ տնտե­սա­կան խնդիր­նե­րու եւ խա­ւե­րու մի­ջեւ շեշ­տա­կի տար­բե­րու­թիւն­նե­րով ապ­րող Ռու­սաս­տան ու­նի բա­զում հար­ցեր: Բայց եւ այն­պէս, մի­ջազ­գա­յին տար­բեր թղթած­րար­նե­րու մէջ յա­ջո­ղու­թիւն եւ տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւն գրան­ցած Վլա­տի­միր Փու­թին ռուս­ե­րուն հա­մար այ­լընտ­րանք չու­նի:

Ռու­սա­կան մօ­տե­ցու­մէն գոհ են յատ­կա­պէս ՊՐԻՔՍ-ի ան­դամ­նե­րը: Բաց աս­տի, այդ եր­կիր­նե­րուն ու­նե­ցած մարդ­կա­յին հզօր նե­րու­ժը եւ տնտե­սա­կան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը Ռու­սաս­տա­նի հա­մար զի­նուո­րա­կան հզօ­րու­թե­նէն ան­դին տնտե­սա­կան կա­րե­ւոր զէն­քեր կը հա­մա­րուին:

Այս մա­սին պէտք է մտա­ծէ յատ­կա­պէս եւ­րո­պա­կան ըն­տա­նի­քը, որ սա պա­հուն տնտե­սա­կան սուր տագ­նապ­նե­րու նա­խա­սե­մին է: Փու­թին զի­նուո­րա­կան հզօ­րու­թեան կող­քին նոր զէն­քե­րու լե­զուով կը խօ­սի ու այդ զէն­քե­րուն ա­մե­նէն ու­ժա­կան­նե­րէն մէ­կը կը կո­չուի՝ ՊՐԻՔՍ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

 

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2015