ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ եթէ նոյնիսկ ամբողջ աշխարհ միաւորուի՝ չի կրնար Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը համոզել ապրելու համար Ատրպէյճանի կազմին մէջ։ Ան համոզուած է, թէ Արցախի բնակիչները պէտք է որոշեն վերջնական կարգավիճակը ու իրենք պէտք է նախընտրեն, որ կ՚ուզեն ըլլալ անկա՛խ պետութիւն, թէ ոչ կ՚ուզեն միանալ Հայաստանի Հանրապետութեան։
Սերժ Սարգսեան «Ալ-Մայատին» արաբական հեռուստակայանին տուած ծաւալուն հարցազրոյցին մէջ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ «Ամենակարեւորը այն է, որ Լեռնային Ղարաբաղ դուրս ըլլայ Ատրպէյճանի կազմէն», ըսաւ Սերժ Սարգսեան եւ ընդգծեց, թէ Արցախի բնակչութիւնը անվտանգ կրնայ ապրիլ բացառապէս Ատրպէյճանի կազմէն դուրս։ Հարցազրոյցին ընթացքին Սարգսեան ըսաւ.
«Ինծի համար ամենակարեւորը այն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անվտանգութիւնը ապահովուի։ Անոնք հնարաւորութիւն ունենան ապրելու իրենց պատմական հայրենիքին մէջ, ուր ապրած են հազարամեակներ։ Իսկ այդ անվտանգութիւնը միայն Ատրպէյճանի կազմէն դուրս կրնայ ապահովուիլ։ Եթէ չար կատակով մը գոնէ մէկ օր Լեռնային Ղարաբաղ յայտնուի Ատրպէյճանի կազմին մէջ, ապա այնտեղ ոչ մէկ հայ կը մնայ։ Եթէ նոյնիսկ ամբողջ աշխարհ միաւորուի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը համոզէ, որ պէտք է ապրիլ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, հաւատացէք, անհնար կ՚ըլլայ, այդ մարդիկ չեն համաձայնիր։ Խօսքը ուժի մասին չէ։ Կարելի է ղարաբաղցիները ոչնչացնել, բռնութիւն գործադրել անոնց դէմ, բայց անհնար է զանոնք համոզել Ատրպէյճանի կազմէն ներս ապրելու։ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը սա պէտք է հասկնայ, սա է հիմնական խնդիրը. հնարաւոր չէ որեւէ ձեւով այդ մարդիկը պահել Ատրպէյճանի կազմին մէջ։ Արցախի մէջ հազարամեակներով ապրած են հայեր եւ ան երբեք Ատրպէյճանի մաս չէ եղած։ Ռուսաստանի խորհրդայնացումէն վերջ, Համայնավարական կուսակցութեան Կովկասի գրասենեակի որոշումով՝ Լեռնային Ղարաբաղ բռնակցուեցաւ Ատրպէյճանին, հակառակ անոր, որ չունէր Ատրպէյճանի հետ որեւէ ընդհանրութիւն։ Այդպէս վարուեցան նաեւ Նախիջեւանի պարագային եւ այսօր ան լիովին հայաթափուած է։ Հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը գրեթէ ամբողջովին ոչնչացուած է։ Քանի մը տարի առաջ բոլորի աչքին առջեւ փշրուեցաւ քանի մը հազար խաչքար ու ոչ ոք, նեռարեալ ԻՒՆԷՍՔՕ-ն, կարողացաւ կանխել այդ յանցագործութիւնը։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, սկսեալ 1921 թուականէն, մարդիկ ուղղակի չեն համակերպած այդ մտքին։ Խորհրդային Միութենէն ներս տեղի ունեցած փոփոխութիւններէն կախեալ՝ որքան որ կարելի էր ազատ տեսակէտ արտայայտել, այդ շարժումը պարբերաբար կ՚ելլէր իրականութիւն։ Մարդիկ կը փափաքէին վերամիաւորուիլ Հայաստանի հետ»։
Սարգսեանի համոզմամբ ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորումը կը բարդանայ նաեւ այն պատճառով, որ տարածքաշրջանը թէեւ փոքր է, բայց այնտեղ կը խաչաձեւուին բազմաթիւ շահեր, որոնք անխուսափելիօրէն կ՚անդրադառնան մարտահրաւէրներուն, հակամարտութիւններուն վրայ։ «Ես համոզուած եմ՝ եթէ բանակցային գործընթացին մէջ ըլլայ միասնական մօտեցում, ապա պիտի գտնուի խնդրի լուծման տարբերակը։ Բայց աշխարհ այդպէս կ՚ընթանայ։ Չկայ որեւէ տարածքաշրջանային խնդիր, որ բազմաթիւ երկիրներու կողմէ չդիտարկուի անոնց ազգային շահերու տեսակէտէն», աւելցուց Սերժ Սարգսեան եւ մատնանշեց, որ տարածքաշրջանը աշխարհագրական առումով թէեւ ընդարձակ չէ, սակայն այնտեղ պատահած իրադարձութիւնները ազդեցութիւն կրնան գործել շատ աւելի մեծ գօտիներու վրայ, ներառեալ Եւրոպայի անվտանգութիւնը։
ԼԱՒՐՈՎ ԼԱՒԱՏԵՍ
Մինչ այդ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով երէկ աւարտեց իր շփումները Պաքուի մէջ։ Այսպէսով աւարտին հասաւ նաեւ իր շրջագայութիւնը դէպի Երեւան եւ Պաքու։ Նախընթաց երեկոյեան Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ ընդունուելէ վերջ, Սէրկէյ Լաւրով երէկ տեսակցեցաւ իր ազէրի պաշտօնակցին՝ Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Երկու նախարարները սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Ամփոփելով Պաքուի մէջ, կարճ ժամանակ առաջ ալ Երեւանի մէջ վարած բանակցութիւնները՝ Լաւրով յայտնեց, թէ հակամարտ կողմերը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ աւելի քան երբեք մօտեցած են յաջողութեան հեռանկարին։
Պաքուի մէջ երկու նախարարները դրական որակեցին ռուս-ազէրի բանակցութիւնները։ Աւելին՝ թէ՛ Մոսկուա եւ թէ Պաքու յայտարարեցին, որ կարգաւորման գործընթացը կը շարժուի յառաջ եւ կ՚ուրուագծուին խաղաղ լուծման հեռանկարները։ Մանրամասնութիւնները, բնականաբար, առայժմ չեն հրապարակուիր, սակայն Մամէտեարով ակնարկեց, որ դժուար չէ հասկնալ, թէ ինչ դրուած է բանակցային սեղանին վրայ։ Բաւական է վերլուծել վերջին շրջանի յայտարարութիւնները։
Մամէտեարովի նման, Լաւրովն ալ հրաժարեցաւ բարձրաձայնելէ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ անցեալ ամիս տեղի ունեցած Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն մանրամասնութիւնները։ «Հասկնալի պատճառներով մենք հրապարակաւ չենք մանրամասներ այն գաղափարները, որոնք քննարկուած են Սեն Փեթերսպուրկի հանդիպման ժամանակ։ Երեք երկիրներու առաջնորդները յստակ պայմանաւորուած են, որպէսզի զգուշութեամբ վերաբերուին ի յայտ եկած յոյսի ծիլերուն։ Պատճառը այն չէ, որ մենք բան մը կը թաքցնենք, պարզապէս սա չափանիշ մըն է բանակցութիւններուն ժամանակ», յայտնեց Լաւրով Պաքուի մէջ եւ աւելցուց, թէ Ռուսաստան եւ Ատրպէյճան կը քննարկեն յստակ քայլեր, որոնք պէտք է ապահովեն ու կրնան ապահովել խնդրի կարգաւորումը։
Իր կարգին, Էլմար Մամէտեարով յայտնեց, որ բանակցային գործընթացին աշխուժացումը թոյլ պիտի տայ այս ձգձգուած հակամարտութեան հանգուցալուծման։ Անդրադառնալով Սարգսեանի եւ Ալիեւի յաջորդ հանդիպման՝ Մամէտեարով ընդգծեց, թէ վայրն ու ժամկէտը յայտնի պիտի դառնան, երբ Սէրկէյ Լաւրով Երեւանի եւ Պաքուի մէջ ունեցած բանակցութիւններուն արդիւնքին շուրջ զեկուցէ Վլատիմիր Փութինին։ Մեկնաբանները ուշագրաւ կը համարեն, որ այս հանգամանքը մատնանշուած է ոչ թէ Լաւրովի, այլ՝ Մամէտեարովի կողմէ։ Բաց աստի, ազէրի նախարարը աւելցուց, թէ Պաքուի տեսակէտէ որեւէ նշանակութիւն չունի, թէ ո՛ւր պիտի կայանայ նախագահներուն յաջորդ հանդիպումը՝ Ֆրանսայի մէջ կամ այլուր։ «Կարեւորը այն է, որ բանակցութիւնները արդիւնաւէտ ըլլան», ըսաւ Մամէտեարով։
Նկատի ունենալով, որ Լաւրովի Պաքու այցը շաբաթ մը առաջ Երեւան տուած այցելութեան շարունակութիւնն էր՝ Էլմար Մամէտեարով անդրադարձաւ նաեւ այս հանգամանքին։ Ըստ իրեն, Սէրկէյ Լաւրովի կողմէ այդ կապակցութեամբ ներկայացուած տեղեկատուութիւնը կը ներշնչէ դրական լիցք։ Ըստ Մամէտեարովի, Լաւրովի փոխանցածներով կարգաւորման հարցին շուրջ Պաքու կը տրամադրուի դրական։
Լաւրովն ալ Ալիեւի հետ ունեցած տեսակցութեան կապակցութեամբ ըսաւ, թէ այդ հանդիպումը թոյլ պիտի տայ յառաջ մղել Սեն Փեթերսպուրկի մէջ համաձայնեցուած գաղափարները։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՈՒՈՐԼԻՔ
Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքն ալ յայտնեց, թէ միջնորդները չեն ծրագրեր շուտափոյթ կերպով այցելել հակամարտութեան տարածքաշրջան, բայց պարբերաբար կապ կը պահեն հակամարտ կողմերուն հետ։ Երբ Արցախի ճակատէն Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ հրադադարի պարբերաբար խախտումներուն վերաբերեալ լուրեր հասնիլ կը շարունակուին՝ Ճէյմս Ուորլիք այս մթնոլորտին մէջ ըսաւ. «Համանախագահ երկիրները պիտի շարունակեն ջանքեր գործադրել խաղաղութեան համակողմանի պայմանագրի ստորագրման ուղղեալ շինիչ բանակցութիւններուն շրջագծով յառաջընթաց ապահովելու եւ հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան մասին առաջարկներ պատրաստելու նպատակով»։