ԱՂՄԿԱՐԱՐ ԼՍՈՒՄՆԵՐ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ վանքապատկան կալուածներու պարագային կատարուած տնօրինութիւնները կը շարունակեն ատեն-ատեն տեղի տալ գայթակղութիւններու։ Ազգապատկան մեծ հարստութիւն մը կը տնօրինուի Ս. Աթոռին կողմէ, սակայն այդ տնօրինութեան արդիւնաւէտութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր խիստ կասկածի տակ է՝ անվերահսկելիութեան ու մանաւանդ քմահաճութիւններու հետեւանքով։

Հաւաստի աղբիւներէ կը տեղեկանանք, որ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան սեփականութիւնը հանդիսացող Յոպպէի կալուածներէն մէկուն պարագային անձայն-անշշուկ համաձայնութիւն մը կնքուած է։ Այդ կալուածը Եաֆէթ փողոցի թիւ 42-ի վրայ գտնուող մօտաւորապէս 4500 քառակուսի մեթր տարածութեամբ հողակտոր մըն է։ Յաւելեալ 40 տարուայ ժամանակաշրջանով գաղտնաբար երկարաձգուած է այդ կալուածի վարձակալական պայմանագիրը։ Այս բոլորը թաքցուած են Միաբանութեան անդամներէն։ Հարկ է նշել, որ կալուածներու պարագային 25 տարիէ աւելի համաձայնութիւններ կնքելու համար անհրաժեշտ ու պարտադիր է Միաբանական ընդհանուր ժողովին որոշումը։

1977 թուականին, երջանկայիշատակ Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանի պատրիարքութեան շրջանին, սոյն հողակտորը 99 տարուան ժամկէտով վարձակալութեան տրուած էր Իսրայէլի պետութեան: Այս վերջինը այնտեղ կառուցած էր քանի մը յարկանի շէնք մը, որ յանձնուած էր պետական հարկային բաժանմունքի գործածութեան:

2015 թուականին, Իսրայէլի պետութիւնը զայն փոխանցեց մասնաւոր ընկերութեան մը, միեւնոյն ժամանակ վարձակալական մնացեալ 59 տարիներու իրաւունքներն ալ փոխանցելով նոյն ընկերութեան:

Վերջին շրջանին, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան շրջանակներէն կը հասնին զանազան լսումներ, ըստ որոնց, այդ մասնաւոր ընկերութիւնը քանդած է հին շէնքը ու անոր տեղը կառուցել սկսած՝ 12 յարկանի նոր շէնք մը։ Զուգահեռաբար այդ ընկերութիւնը Հայոց Պատրիարքարանէն ալ ապահոված է յաւելեալ 40 տարուան ժամկէտով նոր պայմանագիր մը: Այսինքն, կալուածը՝ 59 տարի վերջ պիտի վերադառնար Հայոց Պատրիարքութեան, այժմու քայլին հետեւանքով պիտի շարունակէ մնալ օտարներու ձեռքը մինչեւ 2116 թուականը։ Այս գործարքին համար, ըստ Սրբոց Յակոբեանց վանքէն հասած անպաշտօն լսումներուն, Պատրիարքարանին վճարուած է ծիծաղելի գումար մը՝ 1.5 միլիոն ամերիկեան տոլար:

Այս գումարը ծիծաղելի է այն իմաստով, որ այդ կալուածը 59 տարի վերջ, Պատրիարքարանին տարեկան նուազագոյնը կէս միլիոն տոլար եկամուտ մը պիտի ապահովէր: Ինչպէս ծանօթ է, Սրբոց Յակոբեանց Միաբանական ընդհանուր ժողովը միջոց մը առաջ հանդէս եկած էր յայտարարութիւնով մը, որով ծանուցուած էր, թէ այսուհետեւ 25 տարիէն աւելի երկար ժամկէտով վարձու կալուածներ տալը կախում պիտի ունենայ Միաբանական ընդհանուր ժողովի հաւանութենէն:

40 տարուան այս նոր պայմանագրի ճակատագիրը չէ գտած իր ճամբան դէպի Միաբանական ընդհանուր ժողովի ատեանը, ոչ ալ քննարկուած է միաբանութեան բոլոր անդամներուն կողմէ, ոչ ալ որոշուած է այս գործարքին ընթացք տալ մեծամասնութեան քուէով: Պարզապէս, կալուածոց տեսուչին եւ պատրիարքին հաւանութեամբ՝ պայմանագիրը ստորագրուած է Տնօրէն ժողովին կողմէ։ Վանքի շրջանակները կը մատնանշեն, որ Տնօրէն ժողովը իրաւասութիւն չունի նման պայմանագիր մը կնքելու ու նոյնիսկ այդպիսի պարագայի մը մէջ հաւանութիւն տալու կամ չտալու։ Աւելի ուշ, յայտնի դարձած են նաեւ այլ գայթակղեցուցիչ հանգամանքներ։ Արդարեւ, սոյն գործարքին հաւանութիւն տալու համար տեղի ունեցած Տնօրէն ժողովի նիստին օրինականութիւնը վիճելի է։ Տնօրէն ժողովը կը բաղկանայ եօթ անդամներէ, սակայն այդ նիստին ներկայ եղած է միայն չորս հոգի։ Հետեւաբար, առանց մեծամասնութիւն ապահովելու գումարուած է Տնօրէն ժողովի նիստը։ Ակնյայտ է, որ այդ պայմաններուն ներքեւ առնուած որոշումը ապօրէն եւ անվաւեր կը նկատուի։ Ահա այսպիսի իրավիճակի մը մէջ որոշուած է՝ վանքապատկան կալուածի մը վարձակալութեան պայմանագրի եւս 40 տարի երկարաձգուիլը։ Ուստի, Միաբանական ընդհանուր ժողովի որոշումը բացայայտօրէն ոտնահարուած է այս ապօրէն գործառնութեամբ։ Թէ՛ պատրիարքը եւ թէ կալուածոց տեսուչը գործած են Միաբանական ուխտի կանոնադրութեան բացայայտօրէն հակառակ:

Կը տեղեկանանք, որ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամները լուրջ մտահոգութիւն կ՚ապրին ներկայիս: Երբ միաբաններէն ոմանք հարց ու փորձ կատարած են վերոյիշեալ կալուածի առընչութեամբ, Կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան ոմանց հեռաձայնելով յայտնած է, թէ պէտք չէ ձայն կամ աղմուկ բարձրացնել, որովհետեւ պատրիարքարանը տուած է իր համաձայնութիւնը։ Հիմա բոլոր հարց կու տան, թէ ի՞նչ համաձայնութեան մասին է խօսքը: Երեք տարիէ աւելի է, որ Միաբանական ընդհանուր ժողով չէ գումարուած, ոչ ալ կատարուած է հաշուետուութիւն մը: Կալուածոց տեսուչը գաղտնի պահած է եւ կը պահէ բոլոր այլ կալուածական համաձայութիւնները, որոնց մասին մեծ մտահոգութիւն ունին Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամները։ Այս ծիրին մաս կը կազմեն նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Իսթանպուլի երբեմնի կալուածները, որոնք իբրեւ թէ կը հետապնդուին պատրիարքին եւ կալուածոց տեսուչին կողմէ։

2015 թուականի Միաբանական ընդհանուր ժողովի ընթացքին կալուածոց տեսուչի տեղեկագիրը միաբանութեան կողմէ անընդունելի համարուած էր։ Միաբանները կը մտահոգուին, որ եթէ այսպէս շարունակուի, ապա Պատրիարքարանը եւ հայոց դարաւոր վանքը մեծ վտանգի դէմ յանդիման պիտի մնան՝ ճիշդ այնպէս, ինչպէս մօտաւոր անցեալի տասնամեակներուն եղած են օրինակները։

Հինգշաբթի, Յուլիս 13, 2017