ՊԻՆԱԼԻ ԵԸԼՏԸՐԸՄ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ

Ազգային մեծ ժողովին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նախագահի ընտրութիւն։ 27-րդ գումարման խորհրդարանը երեք փուլով քուէարկութիւն կատարեց ընտրելու համար իր ղեկավարը։ Քուէարկութեան երրորդ փուլի արդիւնքով խորհրդարանի նախագահ ընտրուեցաւ՝ ԱՔ կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ։ 335 երեսփոխանի քուէով Պինալի Եըլտըրըմ դարձաւ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ։

Ուրբաթ, Յուլիս 13, 2018