ՓՈԽԱԿԵՐՊԵԼ ԲԱՐԻՔԻ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան երէկ ընդունեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի Երեւանի աշխատակից Սագօ Արեանը, որուն բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ եկեղեցական կեանքի վերջին մտահոգիչ իրադարձութիւններուն շուրջ՝ ներկայացնելով իր մօտեցումներն ու մեկնաբանութիւնները։ Նկատի ունենալով նիւթին հրատապ բնոյթը՝ մեր այսօրուան առաջին էջը ամբողջութեամբ կը յատկացնենք այս տեսակցութեան։

-Սրբազան հայր, վերջին մէկ ամսուան ընթացքին մեծ վրդովմունք յառաջացած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն մօտ: Խօսքը անշուշտ կը վերաբերի այն արշաւին, որ սկսած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ մեր եկեղեցւոյ սրբազան եպիսկոպոսներուն դէմ: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս բոլորը։

-Երեւոյթը շատ ցաւալի էր եւ մտահոգիչ: Ես երբեք պիտի չփափաքէի, որ նման փորձ մը կատարուէր եկեղեցւոյ դէմ կամ առհասարակ խօսուէր բարեշրջումներ կատարելու մասին նման ձեւերով եւ նման ճանապարհներով: Անշուշտ այս բոլորը ցոյց տուաւ իրականութիւն մը, բացաւ պատկեր մը, որ եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան միջեւ գոյութիւն ունի փոխյարաբերութեան զօրացման լուրջ խնդիր: Կը կարծեմ, թէ դէպքերը, որոնք չարութեան արտայայտութիւն էին, մենք կրնանք փոխակերպել բարիքի՝ վերլուծել այն պատճառները, որոնք յանգեցուցին այսպիսի իրավիճակի եւ այսպիսի անընդունելի երեւոյթի ի յայտ գալուն: Ես համոզուած եմ, թէ այսօրուան կեանքի պայմաններուն մէջ մեր եկեղեցին պիտի կարողանայ իր առաքելութիւնը իրականացնել նոր եւ արդիւնաւէտ ճանապարհներ գտնելով: Քաջ գիտէք, որ անցեալ դարու նախասկիզբին, հայ ժողովուրդին նման Հայ Եկեղեցին մեծ հարուած ստացաւ: Տակաւին չեմ ուզեր անդրադառնալ նախախորհրդային շրջանին Ռուսահայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, որ եւս նպաստած էր եկեղեցւոյ դէմ հալածանքներու՝ եկեղեցիներու փակում, գոյքերու գրաւում, ծխական դպրոցներու փակում եւ այլն։ Բայց Մեծ եղեռնի եւ համայնավարութեան տարիներուն եկեղեցական համակարգը ամբողջովին փլուզուեցաւ: Հատ ու կենտ եկեղեցիներ բաց մնացած էին ու կային սակաւաթիւ եկեղեցականներ: Վերջին քսանհինգ տարիները՝ անկախութեան շրջանի տարիները, ըստ էութեան, բաւարար չեղան լուծելու հարիւրամեակներու ընթացքին կուտակուած խնդիրները: Եւ դժբախտաբար, այս վերջին շաբաթներու զարգացումներուն հեղինակները փորձ կատարեցին հարիւրամեակներու կուտակուած խնդիրներու մեղաւորութեան ամբողջ բեռը վերագրել Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ տուեալ պարագային՝ Գարեգին Բ.-ի ուսերուն: Մենք խնդիրներ ունինք, այդ ակնյայտ է եւ այդ մասին առաջին անգամ չէ, որ հնչեցուած է, նոյնիսկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բերնէն: Բացի խնդիրները արձանագրելէ, մենք անհրաժեշտութիւնը ունինք մտածել այդ խնդիրները յաղթահարելու արդիւնաւէտ ուղիներու մասին: Խնդիրներու բարձրաձայնումը ընդամէնը խնդիրներու լուծման բաղադրիչներէն մէկն է, պէտք է գտնել խելամիտ, ողջամիտ ճանապարհներ այդ խնդիրները լուծելու համար: Կը կարծեմ, թէ այս առումով վերջին օրերու զարգացումները ընդգծեցին անհրաժեշտութիւնը՝ օր առաջ ձեռնամուխ ըլլալու այդ խնդիրներու լուծման:

Ես կ՚ուզեմ շեշտակիօրէն արձանագրել, որ այդ խնդիրներու լուծումը՝ ոչ թէ պէտք է կապել այս շարժման հեղինակներու նախաձեռնութեան հետ, այլ՝ եկեղեցւոյ համար անոր անհրաժեշտութեան հետ: Այդ խնդիրները պէտք է լուծել ի սէր մեր ժողովուրդի, անոր նկատմամբ յարգանքի եւ խնամատարութեան, այլեւ ոչ թէ բաւարարելու համար փոքր խումբի մը պահանջները կամ «տեղի տալով» անոր կարծեցեալ ճնշումներուն: Մենք այդ բարենորոգման աշխատանքները սկսած ենք բաւական ժամանակ առաջ եւ ընդամէնը այս շարժումը «օգնեց», որպէսզի այդ բարենորոգութեան ուղղութեամբ աշխատանքները լուսաբանուին, հրապարակայնացուին:

Ի դէպ, պէտք է ըսեմ, որ նաեւ լուրջ բաց կարելի է համարել մեր կողմէ՝ մեր գործունէութեան անբաւարար լուսաբանումը եւ ներկայացումը: Հասարակութեան լայն շերտեր դժբախտաբար տեղեակ չեն եկեղեցւոյ կողմէ իրականացուած առաքելութենէն եւ աւելի ցաւալին՝ ծանօթ չեն եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւորութեան: Դժբախտութիւն է, սակայն փաստ է նաեւ, որ հասարակութեան կարգ մը խաւերը, որոնք իրենց անձերը կը նկատեն ազատութեան գաղափարներու կրողներ, անբաւարար կարեւորութեամբ կ՚ընկալեն եկեղեցւոյ իսկական դերը: Մինչդեռ, եթէ եկեղեցին դուրս բերուի մեր ժողովուրդի պատմութենէն՝ դժուար է պատկերացնել, թէ ինչ կը մնայ մեզի՝ որպէս ժառանգութիւն: Պէտք է սերունդներուն ալ հնարաւորութիւն տրուի, որպէսզի կարողանան մեր այսօրուան պատմութեան լիարժէք գնահատական մը տալ:

-Որեւէ եկեղեցական կառոյց՝ ըլլայ Միջին Արեւելքի մէջ կամ Արեւմուտքի, չի հանդուրժեր այսպիսի գրոհ, այսպիսի անուանարկում, այսպիսի փորձ, որուն ականատեսը եղանք մենք բոլորս: Սրբազան հայր ինչո՞ւ Մայր Աթոռը արագ լուծումներու չդիմեց:

-Անկեղծօրէն ուրախութեամբ կ՚արձանագրեմ, որ մեր եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու բոլոր գործողութիւններուն մէջ, առաւել եւս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի վերաբերմունքին մէջ՝ այս զարգացումներուն նկատմամբ միշտ գերիշխող եղած է սիրոյ, հանդուրժողականութեան, համբերատարութեան եւ ներողամտութեան ոգին։ Սա արտայայտուեցաւ նաեւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի վերջին հաղորդագրութեան մէջ: Ես անձամբ չեմ հաւատար վիրահատական միջամտութիւններով բուժելու արդիւնաւէտութեան: Մենք պիտի փորձենք բոլոր հնարաւոր միջոցները սպառել, եկեղեցւոյ մարմնի ամբողջականութիւնը պահպանել՝ առանց վիրահատական միջամտութիւններու, առանց օրկանիզմէն համապատասխան մասը հեռացնելու: Մինչեւ վերջին պահը պէտք է պահպանել հաւատքը, թէ կարելի է Հայ Եկեղեցւոյ մարմնին մէջ գոյութիւն ունեցող այդ հատ-ւածը բուժել: Վեհափառ Հայրապետը մինչեւ այս պահը կը պահպանէ նոյն լաւատեսութիւնը եւ ներողամտութեամբ լեցուած է, որ թէ՛ Կորիւն աբեղան թէ՛ միւս անձերը, որոնք ներգրաւուած են այս շարժման մէջ՝ կը վերագտնեն իրենց հոգեկան անդորրը ու կը վերադառնան եկեղեցւոյ կանոնական դաշտ եւ կը փորձեն իրենց մէջ կուտակուած ուժը ուղղել եկեղեցւոյ բարեկարգման: «Կտրել-նետել»ու տարբերակը կը կարծեմ, թէ վերջին քայլն է, որ եկեղեցւոյ կողմէ պէտք է առնուի: Եկեղեցւոյ համար միշտ ալ ցաւոտ է ոեւէ անդամէ հրաժարելու հարցը, որովհետեւ վերջին հաշուով կը տուժէ ոչ միայն հեռացուող անդամը, այլ՝ եկեղեցին եւս: Եկեղեցին զօրաւոր է իր անդամներով եւ մենք պիտի փորձենք բոլոր միջոցները՝ ապահովելու համար այդ մոլորեալներու դէպի եկեղեցի վերադարձը: Կտրականութիւնը լաւագոյն ճանապարհը չէ եկեղեցւոյ համար եւ վարչական լծակներու օգտագործումով հոգեւոր կեանքի մէջ արդիւնաւէտութեան հասնելու հեռանկարը չափազանց կասկածելի է: Մենք պէտք է փորձենք մարդոց հետ երկխօսութեան, հասկացողութեան ճանապարհով հարցերը լուծել: Վստահ եմ, թէ մեր այդ լաւատեսութիւնը նաեւ պիտի օրհնուի Աստուծոյ կողմէ:

-Այսօրուան դրութեամբ ընդհանուր պատկերը ի՞նչ է։ Որովհետեւ շատ շշուկներ կան, խօսակցութիւններ կան եպիսկոպոսական դասուն վերաբերեալ, կարգ մը միաբաններու «չափազանց» համբերատարութեան եւ չէզոք դիրք գրաւած ըլլալուն առումով: Դուք ինչպէ՞ս կը գնահատէք այսօր մեր եկեղեցւոյ բարձրագոյն դասու ընդհանուր իրավիճակը: Միակամ է՞ մեր եկեղեցին: Պիտի փափաքէի, որ անկեղծ ըլլաք սրբազան հայր:

-Գիտէք, իմ անկեղծութիւնը յենուած պիտի ըլլայ փաստերու արձանագրման վրայ, իսկ փաստերը ի՞նչ կ՚ըսեն. փաստերը կ՚ըսեն, որ եպիսկոպոսներու հետ քանի մը համախմբումներ ունեցած ենք, եպիսկոպոսներու հետ քանի մը քննարկումներ ունեցած ենք եւ այդ բոլորի ընթացքին անդրադարձած ենք նաեւ այս հարցին եւ սրբազան հայրերը միանշանակօրէն անընդունելի համարած են այս գործելաոճը, այս դրսեւորուած վարքագիծը: Եպիսկոպոսներու ընկալումներու միջեւ եղած տարբերութիւնները մեթոտաբանական եղած են՝ այս երեւոյթին հակազդելու առումով: Ոմանք մտածած են կտրուկ քայլերու դիմել, ոմանք մտածած են աւելի համբերատար եւ ներողամտութեան ոգիով գործել: Ի վերջոյ գերիշխած է Վեհափառ Հայրապետի տեսակէտը, որն է ներողամտութեան, համբերատարութեան սահմաններու մէջ փորձել բոլոր հնարաւորութիւնները ընձեռել, որպէսզի մարդիկ հնարաւորութիւն ունենան վերադառնալու եկեղեցի եւ զղջան կատարուածի համար, որովհետեւ վերջ ի վերջոյ այդ պիտի դառնայ եկեղեցւոյ ուժը: Գտնել ուժ, ներողամտութիւն դրսեւորել մարդոց նկատմամբ, որոնք քաջութիւնը ունեցած են իրենց մեղքը խոստովանելու:

-Երբ ձեզի լրագրող մը հարցուց, որ արդեօք Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը քննութիւն պիտի ընէ՞ վանքի տարածքին մէջ եւ դուք շատ խաղաղ, շատ ինքնավստահ ձեւով ըսիք, որ մենք որեւէ խնդիր չենք տեսներ։ Ինչո՞վ պայմանաւորուած է այս բանը: Խօսքը անշուշտ սուրբ մասունքներու, Վեհարանի գանձատան եւ այդ նիւթի տարբեր երեսակներու մասին է:

-Իմ ինքնավստահութիւնը նոյնպէս հիմնուած է փաստերու վրայ, փորձառութեան վրայ: Ես գիտեմ, որ Գարեգին Բ. Հայրապետի գահակալութեան առաջին օրերէն մեր եկեղեցական կառոյցէն ներս ընթացք առած է կանոնակարգման ընդհանուր գործընթաց մը: Օրինակ մը փոխանցեմ ձեզի. գիտէք, աստուածմերժութեան տարիներուն եկեղեցական գոյքը բռնազաւթուած էր եւ անկէ յետոյ եկեղեցական գոյքի հաշուառում չէր իրականացուած: Ամենայն Հայոց Հայրապետը ձեռնարկած է մեր մշակութային ժառանգութեան ամբողջական գոյքագրման աշխատանքին եւ հաշուապահօրէն ձեւակերպման աշխատանքներուն: Մեր ունեցած բոլոր մասունքներն ու սրբութիւնները արձանագրուած են, այդ մէկը երաշխիք կը համարուի անոնց պահպանութեան համար: Շարք մը աշխատանքներ իրականացուած են այդ պատմամշակութային գոյքերը, արժէքները վերանորոգելու, հաւաքագրելու, նորերով համադրելու ուղղութեամբ: Տնտեսական գործունէութիւնը նոյնպէս նոր մակարդակի բարձրացուած է՝ ծախսերու արդիւնաւէտութիւնը, հաւասարակշռութիւնը նոյնպէս խելամտօրէն իրականացուած է: Անշուշտ, որպէս գործող մարմին՝ եկեղեցին եւս չի կրնար զերծ ըլլալ թերացումներէ, բացթողումներէ, որոնք պարբերաբար սրբագրուած են: Ես կրնամ բանէ մը վստահ ըլլալ եւ վստահեցնել, թէ երբեւէ մեր կողմէ՝ առաւել եւս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ չի կրնար կատարուած ըլլալ քայլ մը, որ վնասակար է մեր եկեղեցւոյ եւ մեր հասարակութեան համար: Իսկ ինչ կը վերաբերի հաւանական ստուգումներուն՝ եկեղեցին միշտ բաց եղած է ոչ միայն իշխանափոխութենէն վերջ, այլ նաեւ՝ իշխանափոխութենէն առաջ: Թէ՛ հարկային, թէ՛ պատկան լիազօր մարմինները հնարաւորութիւն ունեցած են առընչուելու Մայր Աթոռի գործունէութեան զանազան երեսակներուն հետ եւ ես այդ մէկը բնական կը համարեմ՝ որպէս երկրի մէջ գործող եկեղեցի։

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այսօր Մայր Աթոռի եւ ներկայ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» արդիւնքով ձեւաւորուած իշխանութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները։

-Եթէ անկեղծ ըսեմ, ապա պէտք է նշեմ, որ պիտի չուզէի խօսիլ իշխանութիւններու հետ յարաբերութիւններու մասին, այլ պիտի խօսէի պետութեան հետ յարաբերութիւններու մասին: Գիտէք, որ պետութեան հետ յարաբերութիւնները ունին շատ դրական բնոյթ եւ միշտ ընդգծուած է այս իրողութեան անհրաժեշտութիւնը։ Եկեղեցին եւ պետութիւնը պէտք է միասնականութեամբ եւ համագործակցութեամբ ծառայեն յանուն մեր երկրի եւ մեր ազգի առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման: Թէեւ ըստ Սահմանադրութեան՝ հետեւողութեամբ ժամանակակից միջազգային իրաւունքի ըմբռնումներուն եկեղեցին պետութենէն անջատ մարմին մըն է, բայց սա չի խանգարեր, որպէսզի եկեղեցին եւ պետութիւնը շարունակեն գործակցիլ պետութեան եւ երկրի հասարակութեան համար կարեւորութիւն ներկայացնող խնդիրներու շուրջ: Եկեղեցի-պետութիւն տարանջատման սկզբունքը հիմնականին մէջ երեք բաղադրիչներէ կը բաղկանայ։ Անոնք են՝ եկեղեցականները չեն կրնար մասնակցիլ երկրի կառավարման, պետական պաշտօնեաները չեն կրնան մասնակցիլ եկեղեցւոյ կառավարման եւ երրորդը՝ կրթութիւնը դպրոցներու մէջ պէտք է ըլլայ աշխարհիկ: Այս հիմնական երեք ըմբռնումներէն դուրս համագործակցութեան համար չափազանց լայն եւ ընդարձակ դաշտ մը գոյութիւն ունի եւ իմ կարծիքով՝ սա ո՛չ թէ անհրաժեշտ է միայն եկեղեցիին, այլեւ՝ առաջին հերթին անհրաժեշտ է պետութեան համար՝ օգտագործելու այն հսկայ ներուժը, այն հսկայ ժառանգութիւնը, որ եկեղեցին կը կրէ իր մէջ։ Այլ իմաստով եկեղեցին կարեւոր դեր մը ունի համայն հայութիւնը համախմբելու, երկրին մէջ հոգեւոր-բարոյական մթնոլորտը առողջացնելու, ընկերային, կրթական, առողջապահական քաղաքականութեան մէջ ներգործօն դերակատարութիւն ունենալու: Պարզապէս մենք պէտք է մտածենք, թէ եկեղեցին եւ պետութիւնը ինչ ձեւաչափի մէջ ներգրաւուած պէտք է ըլլան այս խնդիրներու լուծման համար: Կը կարծեմ, թէ եկեղեցին ոչ միայն այդ ներուժը ունի, այլ նաեւ այդ գործընթացի շրջանակներուն մէջ կրնանք զօրացնել այդ ներուժը: Իսկ եկեղեցւոյ մէջ աշխարհականներու ներգրաւուածութիւնը այսօր Վեհափառ Հայրապետի կողմէ դրուած առաջնահերթ խնդիրներէն մին է: Եկեղեցին պետութենէն տարանջատուած ըլլալով չի կրնար անջատուիլ, կտրուիլ հասարակութենէն, իսկ պետական պաշտօնեաները հասարակութեան մաս կը կազմեն, հաւատացեալներ են եւ կրնան ներգրաւուած ըլլալ՝ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը զօրացնելու: Այս բոլորէն միայն մեր ժողովուրդը կը շահի: Սա անկախ է այն հանգամանքէն, թէ ո՛վ կ՚ըլլայ տուեալ ժամանակահատուածին երկրի իշխանութիւնը ստանձնած ուժը: Ես կը հաւատամ, թէ Հայաստանի մէջ գործի գլուխ եկած որեւէ իշխանութիւն ունեցած է այդ յանձնառութիւնը, ունի այդ գիտակցութիւնը՝ գնահատելու Հայ Եկեղեցւոյ պատմական դերն ու առաքելութիւնը։

-Ենթադրութիւններ կան, թէ ներկայ դէպքերէն վերջ մեր եկեղեցին աւելի պիտի զօրանայ։ Բայց եւ այնպէս, ինչպէս դուք ալ նշեցիք, յատկապէս Հայաստանի հասարակութեան մօտ մենք կը նկատենք եկեղեցիէն հեռանալու որոշ նշաններ։ Պարագան նոյնը չէ սփիւռքի տեսակէտէ։ Արդարեւ, նոյնիսկ ամենահեռաւոր գաղութներու մէջ այս վերջին դէպքերը լայն արձագանգ ստեղծեցին եւ համատարած դատապարտման պատճառ դարձան։ Արդեօք յառաջիկային մենք պիտի տեսնե՞նք եկեղեցւոյ կողմէ նոր աշխուժութիւն՝ դէպի ժողովուրդը երթալու, ժողովուրդին բացուելու տեսակէտէ։

-Սա պայմանաւորուած չէ ստեղծուած տագնապով, այլեւ՝ ժամանակի հրամայականն է...։ Մենք պէտք է մտածենք ու կը մտածենք միջոցներու մասին, թէ ինչպէս աւելի ներգրաւուած կրնանք ըլլալ հասարակութեան զանազան շերտերու կեանքին մէջ: Սա ուղղակի անհրաժեշտութիւն է: Իսկ այն դիտարկումը, թէ կը նկատուի օտարում՝ բնորոշ չէ միայն մեր հասարակութեան, այլեւ՝ ժամանակակից բոլոր հասարակութիւններու։ Արեւելեան երկիրներու մէջ, այլ միջավայրերու մէջ թերեւս այդպէս ցայտուն չէ, որովհետեւ համայնքի կեանքը կառուցուած է ինչ որ առումով կրօնական կառոյցներու շուրջ, բայց արեւմտեան հասարակութեանց պարագային պատկերը նոյնը չէ։ Հոն կը գործեն զանազան հայեցակարգեր ու յստակ է նաեւ, որ հասարակութիւններու համար կրօնական մօտեցումները դարձած են անկարեւոր։ Այս առումով ալ հաւատացողն եմ, թէ մենք պիտի ընտրենք այն ձեւը, որ դարձած է պատմական վկայութիւն յանուն մեր գոյատեւման եւ կենսականութեան: Կը կարծեմ, թէ ձախողման դատապարտուած են այն բոլոր ձգտումները, որոնք կը փորձեն պետութիւն ստեղծել առանց եկեղեցւոյ ներկայութեան եւ դերակատարութեան: Մենք գուցէ կ՚ունենանք պետութիւն մը, բայց այդ պետութիւնը կ՚ըլլայ հաստատապէս ոչ հայկական:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

«ԻՐԱՒԱՊԱՀ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ԱՒԵԼԻ ԶԳԱՅՈՒՆ ԸԼԼԱՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ»

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու վերատեսուչ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան անդրադարձաւ Մայրավանքի տարածքի վերջին իրադարձութիւններուն։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ան յայտարարեց, որ Հայաստանի իրաւապահ մարմինները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ պէտք է աւելի զգայուն ըլլան։

«Մայր Աթոռը յատուկ պահպանութեան տարածքներու ցանկին մէջ չէ։ Ես մտահոգ եմ եւ կը կարծեմ, թէ սա է պատճառը, որ վերջերս, երբ խումբ մը անձեր ներխուժեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Դիւանատուն եւ յայտարարեցին այնտեղ մնալու մասին, ոստիկանութիւնը անյապաղ չարձագանգեց։ Ոչ միայն մենք շոքի մէջ էինք, այլ նաեւ ոստիկանութիւնը այդպէս էր։ Չէինք գիտեր՝ ինչ ընել։ Իսկ այդ մարդիկ միշտ կ՚ըսէին, որ իրենց սահմանադրական իրաւունքը կ՚օգտագործեն։ Բայց այստեղ հակասութիւն կայ երկրի սահմանադրութեան եւ եկեղեցւոյ սահմանադրական իրաւունքի միջեւ։ Այս հակասութիւնը ապակողմնորոշեց նաեւ իրաւապահ մարմինները։ Բայց իրաւապահ մարմինները պէտք է Մայր Աթոռի նկատմամբ աւելի զգայուն ըլլան եւ արագ արձագանգեն», ըսաւ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ նորին սրբազնութիւնը յիշեցուց, որ վերջին շրջանին եկեղեցւոյ շուրջ յառաջացած անհամաձայնութիւններու պատճառը կը համարուի՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Դիւանատուն ներխուժած խումբ մը մարդոց կողմէ կաթողիկոսի հրաժարականի պահանջուիլը։ Անոնք կ՚առաջնորդուին այլ քաղաքականութիւնով մը եւ չեն գիտակցիր, որ եկեղեցին կը ղեկավարուի իր սահմանադրութեամբ։ Եկեղեցւոյ մէջ բան մը փոխելու համար կայ յատուկ ճանապարհային քարտէս մը, որով պէտք է ընթանայ իւրաքանչիւր հարց։ «Ամենայն հայոց կաթողիկոսը կ՚ընտրուի Ազգային-եկեղեցական ժողովի կողմէ։ Այս ժողովը կը ներկայացնէ համայն հայութեան ձայնը։ Կաթողիկոսը ընտրած այդ նոյն ժողովն է իրաւասու վաւերացնելու անոր հրաժարականը։ Նոյն եպիսկոպոսաց ժողովը իրաւունք չունի պահանջելու կաթողիկոսի հրաժարականը», ըսաւ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան։

ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Եկեղեցական կեանքէ ներս յառաջացած տագնապին տեսակէտէ երէկ հետաքրքիր իրադարձութեան մը արձագանգ հանդիսացան Երեւանի աղբիւրները։ Այսպէս, «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, Վեհափառ Հայրապետի հրաժարականը պահանջող «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» շարժման աշխարհական պարագլուխներէն Կարէն Պետրոսեան պաշտօնի մը կոչուեցաւ։ Ան Երեւանի Պետական տնտեսագիտական համալսարանի Կիւմրիի մասնաճիւղէն ներս ամպիոնի վարիչի պաշտօնակատար էր, իսկ երէկ նշանակուեցաւ մասնաճիւղի տնօրէնի պաշտօնակատար։ Կարէն Պետրոսեան Դիմատետրի էջին վրայ տեղեկացուց, որ տարուան մը ընթացքին ընտրութիւն տեղի պիտի ունենայ տնօրէնի թափուր պաշտօնին համար։

Թէժ իրադարձութիւններու ներկայ մթնոլորտին մէջ պետութեան կողմէ այսպիսի անձի մը նշանակումը կը համարուի յատկանշական՝ Հայաստանի այժմու կառավարութեան կողմէ եկեղեցական կեանքի տագնապին հրահրուելուն առումով։

Ուրբաթ, Յուլիս 13, 2018