ՍՈՒՐ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթէն կը կարդանք Ժիրայր Չոլաքեանի ստորագրութեամբ։
*
Ֆրանսահայ փաստաբան, քրէագէտ, Միջազգային Քրէական դատարանի փաստաբան Սեւակ Թորոսեան առաջին օրէն մաս կազմած է Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանական պաշտպանական խումբին։ Առաջին անգամ չէ, որ Ֆրանսայէն փաստաբաններ կը մասնակցին Հայաստանի մէջ դատավարական գործընթացի։ Յիշենք նոյնինքն Քոչարեանի կողմէ շինծու մեղադրանքով բանտարկուած՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի Կրթութեան նախարար եւ Մխիթար Սեբաստացի կրթահամալիրի տնօրէն Աշոտ Բլէեանի դատավարութեան եւ Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան օրօք դերասան Վարդան Պետրոսեանի դատական հետապնդման պարագաները։
Թաւշեայ յեղափոխութիւնը չգլխատեց նախկին վարչակարգի ղեկավարութիւնը, արիւն, մոխիրով չծածկեց երկիրը, սակայն կազմակերպեց դատավարութիւնը նախագահ Քոչարեանի, 2008 մարտին սահմանադրական կարգը տապալելու մեղադրանքով։ Սոյն դատավարութեան յաջողութիւնը կը հանդիսանայ Փաշինեանի մեծագոյն մարտահրաւէրը՝ ժողովուրդին արդարութեան պահանջը բաւարարելու եւ երկիրը դարձնելու օրէնքի գերակայութեան երկիր, եթէ անշուշտ կարենայ Քոչարեանի դատավարութեամբ ի յայտ եկած դատական համակարգի եղծանումը սրբագրել։
Քոչարեանի իշխանութեան ժամանակ Հայաստանը ապրած է իր ներքին ամենէն մեծ քաղաքական արիւնալի տագնապները՝ յատկապէս 2008 մարտը եւ 1999 հոկտեմբերը։ Անոր իշխանութեան օրօք արմատացած է սակաւատիրական իշխանութիւնը։
2018-ին ծայր առած, երկու տարին բոլորած Քոչարեանի դատական գործընթացը տակաւին հունի մէջ չէ մտած, նախնական կալանաւորումը վերացնելու պաշտպանական կողմին նախաձեռնութիւններուն պատճառով։ Այս դատավարութիւնը ջուրի երես հանեց Հայաստանի դատաիրաւական համակարգին հանդէպ ժողովուրդին անվստահութիւնը, Սահմանադրական ատեանի ճգնաժամը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ռուսաստան ռազմավարական գործընկերութեան մէջ խաղի նոր օրէնքներ սահմանելու դժուարութիւնները։
Քոչարեանի դատավարութեան առթիւ Սահամանադրական ատեանը եւ Արդարադատութեան նախարարութիւնը դիմեցին Եւրոպական մարդկային իրաւանց ատեանին (ԵՄԻԱ) եւ Վենետիկի յանձնաժողովին՝ Սահմանադրութեան եւ քրէական օրէնսգիրքին մէջ սահմանադրական կարգը տապալելու յօդուածին օրինականութեան ու կիրարկութեան վերաբերեալ խորհրդատուական լուսաբանումներ ստանալու համար։
Այս բոլոր նիւթերը ցոյց կու տան Քոչարեանի դատավարութեան կենսական նշանակութիւնը երկրին մէջ օրէնքի իշխանութիւնը հաստատելու առումով։ Նախքան սոյն հարցազրոյցի հրապարակումը, երկրորդ անգամ ըլլալով Քոչարեան ազատ կ՚արձակուի նախնական կալանաւորումէն։ Այս դատական անցուդարձերը աւելի հետաքրքրական կը դարձնեն քրէագէտ Սեւակ Թորոսեանի հետ նիւթին քննարկումը՝ Ֆրանսայէն դիտուած։
*
-Իբրեւ ֆրանսահայ փաստաբան ի՞նչն է որ ձեզ մղած է պաշտպանելու Քոչարեանի դատը։
-Նախ ըսեմ, թէ Հայաստանի մէջ կատարուած յեղափոխութիւնը հակասական կողմեր ունի։ Սփիւռքի մէջ մենք ալ ուրախացանք՝ այդ յուսադրիչ երեւոյթին համար։ Վարչապետ Փաշինեանի առաջին խոստումներէն մէկը այն էր, թէ՝ այլեւս նախկինի պէս դատաւորներուն հրահանգ պիտի չտրուի։ Այս պարագան առջեւս նոր դաշտ մը բացաւ։ Անկէ առաջ Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան օրօք առաջարկներ ստացած էի, սակայն համատարած կաշառակերութեան պայմաններուն մէջ անկարելի էր ընդառաջել նման առաջարկի։ Նախապէս փաստաբանը դատաւորներու ճամպրուկը կրողն էր, սակայն, Փաստաբաններու պալատի վերջին երկու նախագահները, յաջորդաբար Ռուբէն Սահակեանը եւ Արա Զօհրապեանը այս առումով բաւական աշխատանք տարին, որպէսզի փաստաբանը իր դիրքին վրայ մնայ։
Շուրջ չորս տարի առաջ «Ֆրանս Արմէնի» ամսաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին արդէն ըսած էի, թէ Հայաստանի մէջ պիտի սկսի մեծ դատավարութիւններու շրջանը։ Իմ փաստաբանական «մշակոյթ»ս ֆրանսական համալսարանէն կու գայ։ Զիս շատ տպաւորած է վերջին 200 տարուան դատերու պատմութիւնը։ Այսինքն՝ մեծ դատավարութիւններն են, որոնք հանրային ազատութիւնները մէջտեղ բերած են։ Էական է այս ուղղութեամբ տարուող պայքարը։ Անկախութենէն ի վեր Քոչարեանի դատավարութիւնը Հայաստանի առաջին ամենէն կարեւոր դատաքննութիւնն է։ Հոն իշխանութեան, վրէժխնդրութեան, անցեալը «մաքրելու» խնդիրներ կան, բացայայտումներ կան, ինչ որ Հայաստանի իշխանութիւններուն համար մեծ փորձութիւն մըն է. ան կամ՝ իրական եւ կամ զօրութենական (virtuel) ժողովրդավարութիւններու շարքին պիտի դասուի։ Բայց Հայաստան տեղի ունեցածը նախատեսելի էր։ Ֆրանսայի մէջ ալ նոյնը պատահած է։ Յեղափոխութեան պատճառած ուրախութենէն ետք, կարգը հասաւ «մաքրագործելու» հարցին։ Ըսել կ՚ուզեմ, թէ բոլոր յեղափոխութիւնները այս ընթացքը ունեցած են։ Օրինակ՝ Լուի 16-ի դատավարութիւնը այս առումով յոյժ կարեւոր էր, երբ Ազգային ժողովի քուէարկութեամբ վճիռ կայացուեցաւ, քանի Փաստաբաններու պալատի գործունէութիւնը արգիլուած էր, իսկ պաշտպանեալներն ալ փախան։ Յիշենք Մալզերպը, զոր գլխատեցին…։ Այս երեւոյթին խորհրդանիշն է «épitoge veuve»ը, երբ գլխատուած փաստաբանին թաղումին, ի զօրակցութիւն անոր՝ դատապաշտպանները հանեցին սպիտակ կզաքիսը (hermine)։ Եւ անկէ ի վեր միա՛յն Փարիզի մէջ փաստաբաններուն հագուստին վրայէն հանուած է սպիտակ կզաքիսը…։ Պէտք է ըսել, թէ Մալզերպի յուղարկաւորութիւնը՝ փաստաբանի զոհողութեան խորհրդանիշն է, այսինքն՝ կեանքի գնով պաշտպանել ամբաստանեալը։ Անմեղ կամ յանցաւոր մեղադրեալը ի վերջոյ պէտք է դատուի։ Ան իրաւունք ունի արդար դատավարութեան։ Փաստաբանի մը դերն է՝ նախ ստուգել, որ արդեօք արդար դատավարութեան բոլոր պայմանները յարգուա՞ծ են, թէ՞ ոչ, եւ յետոյ ալ՝ եթէ փաստերը անժըխ-տելի են, գոնէ մեղադրեալը նուազագոյն պատիժը ստանայ, ինչպէս ֆրանսերէնով կ՚ըսենք՝ soit l'innocence soit la clémence։
Ինչ կը վերաբերի Քոչարեանի դատավարութեան կամ ընդհանրապէս յեղափոխութիւններու «մաքրագործման» փուլի դատավարութիւններուն, յստակօրէն կրնամ ըսել, թէ Հայաստանի երկրորդ նախագահին նկատմամբ այսօր արդար դատավարութիւն տեղի չ՚ունենար։ Մարդկային իրաւանց եւրոպական համաձայնագրով (Convention Européenne des droit de l՚homme) պայմանաւորուած, մենք աւելի քան 30 խախտումներու ցանկ մը ունինք։
-Հայաստանէ՞ն ձեզի դիմում կատարուեցաւ, թէ՞ դուք ինքնաբուխ կերպով ներկայացաք։
-Ո՛չ, ես Հայաստան էի այդ օրերուն, երբ Քոչարեանը բանտարկեցին։ Հեռաձայն ստացայ, ինծի դիմեցին որ ստանձնեմ անոր պաշտպանութիւնը։ Քոչարեանը իբրեւ վկայ հարցաքննութեան կանչած էին եւ հոն անմիջապէս զինք ամբաստանեցին։ Ամէն ինչ նախապէս պատրաստուած էր եւ այդ գործողութիւնը հինգ վայրկեան իսկ չտեւեց։ Ինծի համար անկարելի բան մըն էր, քանի որ Մարտ 1-ի դէպքերու ատեն Քոչարեանը նախագահ էր եւ անոր անձեռնմխելիութեան հարցը կար, ի վերջոյ նախագահ մը իբրեւ անձ չէ որ որոշում կը կայանցնէ, ըսենք՝ այս պարագային ոստիկաններ կամ զօրք ղրկելու համար։ Պետութեան որոշում մըն է ատիկա։ Ուրեմն, ամբաստանութեան յաջորդ օրն ալ Քոչարեանը բանտարկեցին։ Այս առիթով Դիմագիրքիս էջին ալ գրեցի, թէ այս երեւոյթը ոչ թէ քրէական յանցագործութիւն է, այլ՝ քաղաքական…։ Ան կը նմանի ափրիկեան երկիրներու դատավարութիւններուն։
Ի միջի այլոց ըսեմ, թէ նոյն տարուան սեպտեմբերին երբ այդ նշանաւոր «գաղտնալսումներու» տեսերիզը մէջտեղ ելաւ, ես այդ առիթով երկու օր վերջ յօդուած մըն ալ գրեցի։ Եթէ կը յիշէք այդ գաղտնալսումներու մէջ կը խօսուի դատաւորին տրուած հրահանգին մասին՝ «ուզես թէ չուզես, պիտի կալանաւորես (իմա՝ Քոչարեանը)»…։ Հոս արդէն իշխանութեան հետ տարանջատման սկզբունքը խախտուած է։
Ի տես այս ամէնուն, ի վերջոյ որոշեցի յանձն առնել երկրորդ նախագահին պաշտպանութիւնը։
-Բայց ըսողներ ալ կան, թէ այդ գաղտնալսումները մոնթաժ են։ Ի վերջոյ հոն Արթուր Վանեցեանն է, որ կը խօսի եւ նկատի ունենալով անոր ներկայի կեցուածքը, կարելի է եզրակացնել, թէ նոյնինքն Վանեցեանն է այդ մոնթաժ եղած գաղտնալսումներուն հեղինակը։ Աւելի՛ն, ան ատենին նոյնիսկ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) ղեկավարի իր պաշտօնէն չհրաժարեցաւ, ի վերջոյ ինքն էր այդ դէպքին պատասխանատուն։ Հետեւաբար այս վարկածն ալ պէտք է նկատի ունենալ։
-Նախ, ըստ իս՝ այդ գաղտնալսումը պարզապէս անփորձութեան հետեւանք էր։ Իշխանութիւնը չէր գիտեր կամ չէր նախատեսեր այս ամէնը։ Ի դէպ, վարչապետ ընտրուելէն երկու ամիս ետք, Փաշինեանի առաջին գործը Ռոպերթ Քոչարեանը ձերբակալելն էր։ Եթէ կը յիշէք, օրին Նիկոլ Փաշինեան երբ բանտէն ելաւ՝ ըսաւ, թէ ամէն ինչ պիտի ընէ, որ Քոչարեանն ալ բանտարկուի…։
-Ո՛չ, այդպէս չըսաւ։ Ան ըսաւ, թէ իր կարելին պիտի ընէ, որ Մարտ 1-ի արարքներու պատասխանատուները վերստին արդարադատութեան ենթարկուին…։
-Ես գրեթէ վստահ եմ, որ Փաշինեանի համար Մարտ 1-ի յանցագործութեանց պատասխանատուն Քոչարեանն է։ Կրկին վերադառնալով գաղտնալսումներուն, ըսեմ, թէ նախ գաղտնալսումի թեքնիք բաժինը կայ եւ յետոյ ալ՝ բովանդակութիւնը։ Ըստ իս՝ առաւել կարեւորը բովանդակութիւնն է։ Նման երեւոյթ մը եթէ Եւրոպայի մէջ պատահէր, իշխանութեան ղեկավարը անմիջապէս կը հրաժարէր…։ Իսկ ատոր պատճառը այն է, որ Հայաստանի մէջ պէտք էր ամէն գնով պաշտպանել յեղափոխութիւնը եւ ժողովուրդն ալ կը պաշտպանէր Փաշինեանն ու անոր աջակիցները…։
-Բայց գաղտնալսումներուն մէջ վարչապետին ձայնը չենք լսեր, ինչպէս ըսի Վանեցեանն է որ կը խօսի…։
-Գիտէք, քանի մը ամիս ետք հրապարակուեցաւ ուրիշ տեսերիզ մը, ուր Քոչարեանի կալանաւորման հարցին շուրջ Վանեցեան Փաշինեանին հետ կը խօսի եւ վայրկեանը վայրկեանին լուր կու տայ վարչապետին…։
-Նոյնիսկ ա՛յդ ձայնագրութեան մէջ ոչ մէկ պահու կը լսէք Փաշինեանի կողմէ Քոչարեանը անպայման կալանաւորելու հրահանգ մը։ Ինչ որ աւելի կ՚ընդգծէ Վանեցեանի լարած թակարդի վարկածը, արտաքին ուժերու օգնութեամբ։ Ըսեմ, թէ այնքան ատեն որ իրաւական համակարգը փտած է, ամէն ինչ սպասելի է։
-Ես կրնամ միայն պաշտպանեալի իրաւունքներու խախտումներու մասին խօսիլ։ Ինծի համար կարեւորը այն չէ, թէ Քոչարեանը ձերբակալելու հրահանգը Վանեցեա՞նը տուած է, թէ՞ Փաշինեանը, կարեւորը այն է, որ դատաւորը գործադիր մարմինէն հրահանգ ստացած է եւ ասիկա ընդունելի չէ։
Միւս կողմէ, քանի մը ամիս առաջ դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեան, որ Քոչարեանը բանտէն հանելու որոշում կայացուց, գործը ղրկեց Սահմանադրական ատեան, որպէսզի թղթածրարին՝ Սահմանադրութեան 300.1 օրէնքին համապատասխան ըլլալը վաւերացուի։ Այս քայլը Փաշինեանին դիւրը չեկաւ եւ յաջորդ օրը ան իր աջակիցներուն հրահանգեց փակել դատարաններուն դռները…։
Յամենայնդէպս, կալանաւորել նախկին նախագահը՝ անտեսելով անոր անձեռնմխելիութեան սկզբունքը, գաղտնալսումները, դատարաններու դռները փակելը, դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանի գրասենեակը խուզարկելը եւ անոր դէմ քրէական գործ յարուցելը օրէնքի խախտում կը նշանակեն։ Ըստ իս, երբ Դաւիթ Գրիգորեան որոշում կայացուց բանտարկեալ մը ազատ արձակելու, այդպէսով ան քաղաքական իշխանութիւններէն իր անկախութիւնը հաստատեց, կարեւոր չէ, թէ ո՛վ էր բանտարկեալը։
-Ձեր ըսածը հասկնալի է եւրոպական երկիրներու պարագային, բայց Հայաստանի մէջ երբ այդ դատաւորները մինչեւ հիմա աշխատած են ենթակայութեամբ, ինչպէ՞ս կարելի է անոնց վստահիլ եւ ըսել, թէ անոնց կայացուցած որոշումը տուեալ պահուն անկախ որոշում մըն է եւ անոնք իրենց անձնական դատողութեամբ առած են այդ քայլը։
-Չենք կրնար վստահ ըլլալ, բայց տեղէ մը պէտք է սկսիլ։ Փաստաբանի մը համար Քոչարեանի պարտադրուած նախնական կալանքը իմաստ չունի, քանի ենթական չի փախիր եւ հարկ եղած պարագային ինք անձամբ կը ներկայանայ հարցաքննութեան։ Մենք հիմա կ՚ըսենք՝ ձգեցէք որ ենթական հիմա իր տունը մնայ եւ թոյլատրեցէք, որ դատավարութիւնը տեղի ունենայ եւ եթէ անկէ վերջ յանցագործութեան փաստերը բաւարար ըլլան, այն ատեն թող իր պատիժը կրէ։ Բայց դժբախտաբար դատաւորներուն մօտեցումը այսպէս չէ։ Ըստ իս, վարչապետ Փաշինեանի աշխատանքի դաշտը խորհրդանիշերն են եւ տեղեկատուութիւնը։ Բոլոր յեղափոխութիւնները պէտք ունին խորհրդանշական բանտարկեալի մը։ Նոյնն է Քոչարեանի պարագան։ Դատավարութիւնը դեռ չէ սկսած եւ նախնական կալանքի փուլին տեղքայլի մէջ ենք։
-Բայց Փաշինեանի կողմնակիցներու մտահոգութիւնը այն է, որ եթէ Քոչարեան ազատ արձակուի կրնայ ճնշում բանեցնել վկաներուն վրայ։ Ան իր իշխանութեան ատեն վախազդեցիկ անձ մը եղած է եւ միշտ հարցերը բռնի ուժով լուծած է։ Անոր նախագահութեան օրօք սպանութիւնները, դատաւորներու վրայ ճնշումները սովորական երեւոյթներ եղած են։ Օրինակներ շատ կան։ Ահաւասիկ նախնական կալանաւորման հիմնական պատճառները։
-Իմ կարծիքով, այդ ամէնը չափազանցութիւն է, որովհետեւ նախ արդէն տասը տարիէ ի վեր Քոչարեան իշխանութեան հետ կապ չունի եւ գործարարութեամբ կը զբաղի։ Երկրորդ՝ ան չի կրնար վկաներու վրայ ճնշում բանեցնել, քանի որ վկայութիւնները արդէն արձանագրուած են 80 հատոր թղթածրարին մէջ։
Միւս կողմէ, եթէ Քոչարեան այդքան մեծ ուժ ունենար՝ անցնող երկու տարիներու ընթացքին նոյնիսկ բանտէն կրնար ճնշում բանեցնել մարդոց վրայ։
-Քոչարեան անցնող տասը տարիներու ընթացքին իր տնտեսական շահերուն բերումով երկրին մէջ կապեր ունեցած է, միշտ ալ հետեւած է քաղաքականութեան եւ թերեւս ալ օր մը վերստին իշխանութեան վերադառնալու յոյսը փայփայած է։
-Երանի՜ թէ նախնական կալանքի բուն պատճառը վկաներուն վրայ ազդեցութիւնը ըլլար։ Սակայն, ըստ իս՝ Փաշինեանի կամ գործադիր իշխանութեանց նպատակն է յեղափոխութեան կառոյցին մէջ ունենալ այդ խորհրդանիշը, այսինքն ամբողջ ատելութիւնը կեդրոնացնել մէ՛կ անձի վրայ, որպէսզի իրենց տնտեսական, քաղաքական ձախողութիւնները շատ աչքի չիյնան։ Քոչարեանի բանտարկութիւնը ժողովուրդին նուէր մըն է։ Երբ ամբոխը դատարան կը ներխուժէ, այլեւս արդարադատութեան մասին չենք կրնար խօսիլ։ Իշխանութիւնը՝ մարդազոհութեան այս արարողութեամբ որոշ չափով հանգստութիւն կը բերէ ժողովուրդին։
-Քիչ առաջ խօսեցաք դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանի դէմ բացուած քրէական դատին մասին։ Ինչպէս գիտէք, առաջին ատեանի դատաւորը զինք արդարացուց, այսինքն՝ դատարաններու մէջ որոշ չափով կը յարգուին օրէնքները եւ տեղ մը կան արդարութեան օղակներ, որոնք կը բանին։
-Հոս բացատրեմ, թէ ինչո՞ւ ես այդ օրինակը բերի։ Պէտք է ըսել, թէ այսօր Հայաստանի մէջ ընդհանուր մթնոլորտը շատ փոխուած է։ Դաւիթ Գրիգորեանի հարցով նոյն օրը կարեւոր դէպքեր տեղի ունեցան.- Դատաւորներուն ազդանշան տրուեաւ՝ վերէն եկած հրահանգները մտիկ չընելու պարագային անոնք կը խուզարկուին եւ Դաւիթ Գրիգորեանի օրինակով կը հեռացուին։ Վարչապետ Փաշինեան սոյն պատգամը յղած է Հայաստանի 250 դատաւորներուն։ Հարկաւ այդ դատաւորներուն մեծամասնութիւնը իր աթոռին համար պիտի մտածէ եւ արդարադատութիւնը անոր վերջին հոգն է, մա՛նաւանդ որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը «թղթածրար» մը ունի եւ հետեւաբար դժուար չէ զանոնք վախցնելը...։
Միւս կողմէ, հարկ է նշել, թէ ներկայիս կան դատաւորներ, որոնք սկսած են խորհիլ, թէ խախտումներ եղած են, խօսքս Քոչարեանի դատին կը վերաբերի։ Իբրեւ փաստաբան ինծի համար կարեւոր քայլ մըն է, երբ կը նկատեմ, թէ որոշ դատաւորներ սկսած են անկախանալ։
-Այս ամբողջի ետին կը գտնուի նաեւ Սահմանադրական ատեանի անկախութեան եւ օրինակարգութեան հարցը։ Փաստօրէն Սահմանադրական ատեանը՝ Սահմանադրութիւնը չյարգող դատարան մըն է, որովհետեւ ան չի գործեր 2015-ի Սահմանադրութեան մէջ նշուած օրէնքներով, այլ կը գործէ անցումային Սահմանադրութեան դրոյթներով։ Կը մէջբերեմ.- «2015-ի Սահմանադրութիւն - անցումային դրոյթները։ Գլուխ 10՝ եզրափակիչ մաս եւ անցումային դրոյթներ։ (…) 5 - Մինչեւ 2015 թուականի փոփոխութիւններով 7-րդ գլխի ուժի մէջ մտնելը, նշանակուած Սահմանադրական ատեանի նախագահը եւ անդամները 12 տարուայ ժամկէտը լրանալէ յետոյ կը շարունակեն պաշտօնավարել մինչեւ իրենց լիազօրութիւններու՝ 2005 թուականի փոփոխութիւններով Սահմանադրութեամբ սահմանուած ժամկէտի աւարտը»։
Այսօր պետութիւնը կ՚առաջարկէ հետեւեալ օրինագիծը.- Սահմանադրական ատեանի անդամները կրնան պաշտօնավարել միա՛յն ինը տարի, իսկ նախագահը կ՚ընտրուի 6 տարուան համար։ Եւ քանի որ հանրաքուէն ջնջուեցաւ, խորհրդարանը կը մշակէ օրէնք մը՝ ըսելով, թէ ներկայի Սահմանադրական ատեանի անդամները կ՚ընդունուին իբրեւ դատաւորներ։ Նաեւ՝ անդամները իրենց պաշտօնավարութեան աւարտին պիտի հրաժարին։ Ի՞նչ կ՚ըսէիք այս հարցին կապակցութեամբ։
-Սկզբունքը՝ ժողովուրդին ինքնիշխանութիւնն է։ Վերջին խօսքը ժողովուրդինն է. եթէ ան կը փափաքի, որ Սահմանադրական ատեանի անդամներու նշանակման հարցին վերաբերեալ բարեփոխումներ ըլլան, այդ արդէն անոր կամքն է։ Այս հարցը կապուած է պետութեան հաստատութիւններուն եւ դատական իշխանութեան տարանջատումին։ Բարեկարգումը միա՛յն հանրաքուէով կրնայ իրագործուիլ։ Խորհրդարանը չի կրնար ինքզինք նկատել նման բարեկարգում մը պարտադրողը։
Գործնականին մէջ, այս երեւոյթը երկու հարց կը ստեղծէ։ Մէկ կողմէ՝ Սահմանադրական ատեանի անդամներու նշանակման ձեւը եւ, յատկապէս՝ նախքան 2015-ի բարեփոխումները, նախկին անդամներուն ներկայի Սահմանադրական ատեանի իրենց պաշտօնին վրայ մինչեւ իրենց պաշտօնավարութեան աւարտը մնալը, կը համապատասխանեն «անցումային տրամադրութիւններուն»։ Բնականաբար անցումային դրոյթները չեն կրնար բարեփոխուիլ, մանաւանդ՝ Սահմանադրութեան բնագրին օրինականացուելէն ետք, որովհետեւ ատիկա անիմաստ է։
Միւս կողմէ, այնպէս կը թուի, թէ Հայաստանի պետութիւնը տեսակէտ փոխած է։ Համաճարակէն ետք ժողովրդային դըժ-գոհութիւններուն պատճառով անպայման չէ, որ բարեկարգումները Փաշինեանի սպասած արդիւնքները կու տան։ Հետեւաբար կառավարութիւնը այլ միջոց մը կը փնտռէ նշեալ բարեկարգումները իրագործելու համար՝ մէկ կողմէ հանրաքուէի գործընթացը դադրեցնելով, իսկ միւս կողմէ զայն Ազգային ժողովի քուէարկութեամբ ամրապնդելով։ Ինչ որ անհեթեթութիւն է։
Սկզբունքօրէն հանրաքուէն պէտք էր կազմակերպուէր ամենէն շուտը՝ 50 եւ ամենէն ուշը՝ 65 օր արտակարգ իրավիճակի աւարտէն ետք։ Սակայն, երբ կը կարդանք այն երեք հարցումները, որոնք ուղղուած են Վենետիկի յանձնաժողովին, կը հասկնանք կառավարութեան տրամաբանութիւնը.- «Կ՚ուզենք դադրեցնել հանրաքուէի գործընթացը (պաշտօնապէս համաճարակի պատճառով), ետ քաշել Սահմանադրական ատեանի խորհրդատուական իրաւասութիւնները (որոնք պէտք էր ետ առնուած ըլլային սահմանադրական բարեկարգումներու ընթացքին, ինչ որ չէ եղած), եւ այլընտրանքային լուծում մը գտնել», այլ խօսքով՝ Ազգային ժողովին տալ անսահման իրաւասութիւններ։
Այս բոլորը կ՚ազդեն Ռոպերթ Քոչարեանի դատավարութեան վրայ։ Կառավարութիւնը կ՚ուզէ կամ Փաշինեանին ամբողջովին հնազանդ Սահմանադրական ատեան մը ունենալ եւ կամ ալ այնքան կարեւոր անել կացութիւն մը ստեղծել, որ օրինական մեծամասնութիւն (quorum) մը երբեք չգոյանայ (9-ի վրայ 5 ձայն)։ Այսինքն՝ այնպէս մը ընել, որ Սահմանադրական ատեանը երբեք չկարողանայ Ռոպերթ Քոչարեանի ազատութեան վերաբերեալ որոշում կայացնել։
-Հայաստան խորհրդատուութիւն ստանալու նպատակով դիմած էր Եւրոպական մարդկային իրաւանց ատեանին (ԵՄԻԱ)՝ Սահմանադրական ատեանի ծիրէն ներս օրէնքի գործադրութեան կապակցութեամբ։ Մայիսի վերջերուն ԵՄԻԱ-ն իր խորհրդատուական տեսակէտը յայտարարեց։ Դուք զայն ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէիք։
-Նախ ըսեմ, թէ ԵՄԻԱ-ի Խորհրդատուական հիմնարկը հիմնուած է 2018-ին եւ ցարդ երկու անգամ տեսակէտ հրապարակած է. առաջինը՝ Ֆրանսայի Վճռաբեկ դատարանը 2018-ին GPA-ի մասին խորհրդատուական կարծիք ուզեց եւ ստացաւ, իսկ երկրորդը՝ Հայաստանի Սահմանադրական ատեանին կ՚առընչուէր։ Ըսել կ՚ուզեմ նշեալ հիմնարկը շատ քիչ փորձառութիւն ունի։ Բուն հարցը կը վերաբերէր 300.1 յօդուածին, թէ՝ արդեօք ան Սահմանադրութեան կը համապատասխանէ՞, թէ՞ ոչ։
Ինչպէս երկու տարի առաջ, այսօր ալ առարկայականօրէն սապէս կը մեկնաբանեմ նշեալ յօդուածը.- 300.1-ը կը հակասէ օրինականութեան սկզբունքին (le principe de légalité)։ Այսինքն՝ որեւէ յանցագործութիւն (գողութիւն, մարդասպանութիւն եւ այլն) յստակ ձեւով պէտք է սահմանուած ըլլայ օրէնսգիրքին մէջ։ Իսկ «սահմանադրական կարգի տապալում»ը քրէական օրէնսգիրքին մէջ չէ սահմանուած, թէ՝ որո՞նք են յանցագործութեան տարրերը։ Այնտեղ կը նշուի, թէ սահմանադրական կարգի տապալման պատիժը՝ 10-էն 15 տարի ազատազրկութիւնն է, բայց յաւելեալ բացատրութիւն չկայ։ Այս հարցը վտանգ կը ստեղծէ ամէն մարդու համար։ Օրինակ՝ եթէ մէկը ընդդիմութիւն է եւ կառավարութեան դէմ կը խօսի կամ ցոյց կը կազմակերպէ, կրնան զինք ձերբակալել, ամբաստանելով՝ «սահմանադրական կարգի տապալման» յանցանքով։
Իսկ թէ ինչո՞ւ Սահմանադրական ատեանը դիմեց Եւրոպական ատեանին, ես կրնամ ենթադրել, թէ Սահմանադրական ատեանը 80 առ հարիւր արդէն որոշում կայացուցած էր, միայն պէտք ունէր եւրոպական կնիքի մը։ Հոն չորս հարցումներ ուղղուած էին. առաջին երկուքի պարագային ԵՄԻԱ-ն նշեց, թէ Քոչարեանի դատավարութեան հարցին հետ կապ չի տեսներ։ Թերեւս հարցումները լաւ չէին շարադրը-ւած։ Բայց դատախազութիւնը այդ պատասխանը իբրեւ Խորհրդատուական հիմնարկին կողմէ մերժում կը ներկայացնէ, ինչ որ սխալ է։
Երրորդ հարցումը հետեւեալն էր.- Արդեօք կարելի՞ է «սահմանադրական կարգի տապալումը»՝ յօդուած 300.1-ը յղել Սահմանադրութեան յօդուած 1-էն 5-ին։ Եւրոպական ատեանը կ՚ըսէ՝ «ինչու չէ», բայց կարեւոր է, որ 300.1 յօդուածը յստակ ձեւով սահմանուած ըլլայ քրէական օրէնսգիրքին մէջ։ Ինչպէս արդէն նշեցի, ես 2018-ին արդէն գրած էի, թէ «սահմանադրական կարգի տապալումը» կը նմանի քաղաքական յանցագործութեան, որ կը գտնենք Ափրիկեան պետութիւններուն մէջ։ Ի դէպ, քաղաքական յանցագործութիւնները 19-րդ դարէն ի վեր արդէն արգիլուած են։
Չորրորդ հարցումը՝ քրէական օրէնքի յետադարձ ուժի խնդիրն է։ Այս հարցումին կապակցութեամբ Եւրոպական ատեանը չ՚ըսեր, թէ 300.1-ը պէտք է ջնջուի, բայց մեզի ուղղութիւն կու տայ։ Բացատրեմ.- 2009-ին հաստատուած 300.1-ը, կ՚օգտագործուի 2008-ին տեղի ունեցած դէպքերուն համար։ Նախքան այդ գոյութիւն ունէր «300» օրէնքը, եւ այժմ Եւրոպական ատեանը կ՚ըսէ, թէ՝ «Դուք պէտք է քննարկէք՝ իմանալու համար թէ 300-ը կը համապատասխանէ՞ 300.1-ին եւ եթէ այդպէս չէ, ուրեմն կը սխալիք»։ Ինծի համար կարեւորը այն է, որ թիւ 300 կամ 300.1-ի յօդուածը յստակ ձեւով սահմանուած ըլլայ քրէական օրէնսգիրքին մէջ։
-Ի՞նչ կ՚ըսէիք դատախազութեան այն մեղադրանքին մասին, որ Քոչարեան բանակը օգտագործած է ժողովուրդին դէմ, երբ ներքին գործերու համար բանակի միջամտութիւնը արգիլուած է։
-Այս հարցումին չեմ կրնար պատասխանել, նկատի ունենալով որ սոյն հարցը տակաւին դատարանին մէջ չէ արծարծը-ւած, հետեւաբար արգիլուած է այդ մասին խօսիլը։ Պարզապէս կրնամ ըսել, որ եթէ արդար դատավարութիւն ըլլայ, այս բոլոր հարցերուն պատասխանները կը տրուին։ Անցնող երկու տարիներու ընթացքին անդրադարձայ, թէ Ռոպերթ Քոչարեանի հանդէպ ընդհանուր ատելութիւն մը կայ, բայց ես այս գործին հետ կապը չեմ տեսներ։
-Իբրեւ փաստաբան, բնականաբար ձեզի համար կարեւորը արդար դատավարութիւն եւ օրէնքի երկիր ունենալն է։ Ըստ ձեզի, այս դատավարութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել՝ որպէսզի օրինական երկրին բնորոշ պայմանները յարգուին, նկատի ունենալով որ համակարգը փտած է։ Այսօր vetting-ը (վարքախոյզ) անհրաժե՞շտ է, թէ՞ ոչ։
-Նախ եկէ՛ք հարցերը չընդհանրացնենք։ Հայաստանի մէջ պարկեշտ դատաւորներ ալ կան։ Այս շրջանին vetting-ը անկարելի է, քանի այդ կը նշանակէ, թէ գործադիր իշխանութիւնը վարքաքննութիւն կատարէ եւ լաւն ու վատը մատնացոյց ընէ, ինչ որ քաղաքական հարցի կը վերածուի։ Կը յուսամ, որ Հայաստանի դատական համակարգը հետզհետէ կ՚անկախանայ, իսկ ատոր համար դատաւորները պէտք է շփուին արտասահմանի իրենց պաշտօնակիցներուն հետ, ինչու չէ նաեւ պէտք է վարժընթացներու հետեւին։ Հայաստանի մէջ ընդհանրապէս փաստերու որակի խնդիր կայ։ Ըստ իս, Քոչարեանի դատին համար պատրաստուած 80 հատորը պէտք է մէկդի նետել, քանի թղթածրարին մէջ փաստերու որակի փոխարէն առկայ է փաստերու քանակը։ Հոն տեղ գտած վկայութեանց առիւծի բաժինը որեւէ կապ չունի սահմանադրական կարգի տապալման հետ։ Անգամ մը եւս ընդգծեմ, թէ նման դատավարութիւններով է, որ հանրային ազատութիւնները մէջտեղ կու գան. կամ կը յաջողինք եւ Հայաստանը կը դառնայ իրաւական պետութիւն, կամ կը մնանք միջնադարեան մարդազոհութիւն պահանջող պայմաններուն մէջ։
Ալպէր Քամիւն 1944-ին գերմանացի բարեկամի մը կը գրէր. «Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք գերմանացիները գացին, իսկ ֆրանսացիները մնացին իրենց ոխով…։ Պէտք է բուժենք թունաւորուած սրտերը»։ (…)
Եւ ի՞նչ ըսել վարչապետին, որ ընտրութենէն երկու ամիս ետք, երեւակայած թշնամին կալանաւորելու եւ 2008-ի դէպքերուն շուրջ՝ ոխ արթնցնող դատավարութիւն մը կազմակերպեց…։
-Յեղափոխութիւնը ձեւով մը պարտադրեց, որ գործադիր եւ օրէնսդիր մարմինները հրաժարին եւ իշխանական նոր կառոյց հաստատուի։ Արդեօք պէտք չէ՞ր որ յեղափոխութիւնը օրին նաեւ պարտադրէր, որ դատական մարմինն ալ հրաժարէր եւ նոր դատաւորներ նշանակուէին։
-Եթէ իսկական յեղափոխութիւն եղած ըլլար՝ այո՛, թերեւս։ Բայց հիմա նոյնիսկ եթէ յեղափոխութիւն բառը կը գործածենք,- որովհետեւ այդպէս կոչուեցաւ,- կ՚ենթադրեմ, թէ ո՛չ Սահմանադրութեան եւ ոչ ալ վարչակարգի փոփոխութիւն եղած է, այլ պարզապէս՝ վարչապետը իր պաշօնավարութեան աւարտէն առաջ հրաժարեցաւ, Ազգային ժողովը լուծարուեցաւ…։
-Սակայն ժողովուրդը յանուն արդարութեան ոտքի կանգնեցաւ եւ մինչեւ այն ատեն որ արդարութիւնը չէ հաստատուած, ըսել է, թէ յեղափոխութիւն չէ եղած։ Միւս կողմէ յեղափոխութիւնը ա՛յն ատեն կ՚իրագործուէր, երբ ժողովուրդը պահանջէր նաեւ արդարադատութեան ղեկավարներուն հրաժարականը։
-Բայց երկիրը առանց դատաւորի՞ պիտի մնար..։
-Ըսել կ՚ուզեմ պէտք էր արդարադատութեան նոր համակարգ մը ստեղծելու գործընթաց տեղի ունենար։
-Գիտէք, արդարադատութեան նոր համակարգ ստեղծելը, նոր դատաւորներու «թեկնածուներ» գտնելը այնքան ալ դիւրին գործ չէ, եթէ չըսենք անկարելի է։ Դատական համակարգը մէկ օրէն միւսը կարելի չէ փոփոխութեան ենթարկել։ Պէտք է ժամանակի ընթացքին քայլ առ քայլ յառաջանալ։ Ֆրանսայի մէջ 200 տարի տեւեց դատաւորներու իրապէս անկախանալն ու միեւնոյն ատեն հանրային ազատութիւններու մէջտեղ գալը։ Հայաստանի պէս պզտիկ երկիր մը հոն հասնելու համար պէտք է դիմանայ…։