«CLUB HOUSE»Ի, ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ԴԺԳՈՀՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԵՐ ՎԻՃԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ

Հերթականին նման, վերջերս, «Club House»ի սենեակներէն մէկուն մէջ էի եւ նիւթը Պաղեստինի խնդիրն էր: Զանազան հարցերու մասին խօսեցան, Սուրիոյ իշխանութիւնները քննադատեցին, Եարմուքի հարցը շօշափեցին, անդրադարձան Լիբանանի դէպքերուն, ուր Սուրիան հարուածած է պաղեստինցիները, անշուշտ այս բոլորը իրենց ըսելով: Քննադատեցին Իրաքն ու անոր ղեկավարները, Սատտամը. խօսեցան նաեւ «Շաապիհա»ի գործած սխալներուն մասին: Ինչպէս ծանօթ է, «Շապիհա»ն Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին ստեղծուած աշխարհազօրային ջոկատներն են, որոնք գործեցին ի նպաստ նախագահ Էսատին, սակայն մեծ սխալներ գործեցին։ Դժգոհ են պաղեստինցիները, թերեւս իրաւունք ունին, բայց խնդիրը այն է, որ իրենց հարցերը շատ բարդ են ու խճճուած, նաեւ համարաբական կտրուածքով, կարծես թէ Պաղեստինի հարցը շատ հեռու է լուծումներ ունենալու ընդհանուր յոյս մը փայփայելէ:

Ինչու գրեցի այս բոլորը, նկատել տալու համար, որ մեր Հայաստանը ըլլալով շատ փոքր, բայց միակամ, միատեսակ ազգաբնակչութեամբ «համարեա թէ» երկիր մը՝ շատ աւելի արագ, շատ աւելի աշխոյժ ձեւով կրնայ լուծել իր բոլոր հարցերը եւ շարժուիլ դէպի առաջ:

Պաղեստինի խնդիրը ինծի համար տարերային է եւ չեմ հաւատար այն խօսքերուն, որ այս հարցը շինծու է. պաղեստինցի ժողովուրդը յարգանքի արժանի է, որովհետեւ երկար տասնամեակներէ ի վեր կը պայքարի յանուն իր հողին, իր հացին եւ իր ջուրին համար:

Կարելի՞ է ստեղծել երկու պետութիւններով լուծման ընդհանուր ենթածիր մը. այո՛, կարելի է, բայց մի՛ մոռնաք, որ խաղաղութեան դրուածքը, խաղաղութեան համար պայքարը շատ աւելի դժուար ընտրանք է քան պատերազմներ հրահրելը, որուն համար կոչուած են դժբախտաբար Իսրայէլի վերջին տարիներու իրերայաջորդ ղեկավարները:

Ուզեցի այս կէտը ձեր ուշադրութեան յանձնել եւ յստակ կերպով արձանագրել, որ Հայաստանը անյոյս չէ, Հայաստանի բոլոր խնդիրները լուծելի են եւ Հայաստանը անպայման պիտի թեւակոխէ աւելի ապահով, աւելի խաղաղ, աւելի միակամ եւ միասնակամ օրեր:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յուլիս 13, 2021