ԱՂՕԹՔՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ

Հրամանաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ Խոսրով Եպիսկոպոս Անձեւացիի «Մեկնութիւն Պատարագի աղօթքներուն» գիրքը, զոր աշխարհաբարի վերածած է հոգելոյս Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեան։ Այս հրատարակութիւնը կը պատկանի Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին եւ խմբագրուած է Տ. Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեանի կողմէ։

Ս. Պատարագի աղօթքներուն փրկչական զօրութիւնը ներկայացնելու կողքին, այս գործը կը պարունակէ ներածական մը մեկնիչին՝ Խոսրով Եպիսկոպոսին, թարգմանիչին՝ Զարեհ Արքեպիսկոպոսին, ինչպէս նաեւ աշխատասիրութեան վիճակին ու մեթոտաբանութեան մասին։ Հատորը նաեւ կ՚ընդգրկէ Զարեհ Սրբազանին անձնական նօթերէն քաղուած որոշ տեղեկութիւններ, Աստուածաշնչական մէջբերումներ, անձնանուններու ու տեղանուններու եւ օգտագործուած աղբիւրներու ցանկեր։

140 էջերու վրայ տարածուած յիշեալ գործը մատչելի ոճ ու լեզու ունի եւ ընթեռնելի է Ս. Պատարագը խորապէս ընկալել փափաքող երիտասարդ թէ երէց ընթերցողներու համար։

Երեքշաբթի, Յուլիս 13, 2021